Պատմութիւն

Ռուբէն Սեւակ (Չիլինկիրեան, 1885-1915). Հայոց Արհաւիրքին եւ մարդոց Տառապանքին ցասկոտ Ճիչը

Փետրուար 15ը հաղորդութեան օր է՝ Ռուբէն Սեւակի ծննդեան տարեդարձին առիթով անոր գրական անմահ ժառանգութեամբ հաղորդուելու օր է։ 15 Փետրուար 1885ին ծնած էր հայ ժողովուրդի գրական մեծ տաղանդներէն Ռուբէն Սեւակը, որ միայն 30 տարի ապրեցաւ, չկրցաւ լրիւ կենսագործել ու լիարժէք արդիւնաւորել կանխահաս, այլեւ խոստմնալից տաղանդի իրեն բաժին ինկած ստեղծագործական երկունքի ժամանակը, որովհետեւ թուրք ցեղասպանը բրտօրէն կտրեց…

11 Փետրուարին, 1934 թուին, Առյաւէտ լռեց ստրկական Լռութեան դէմ պայքարի մեծ երգիչը՝ Աւետիս Ահարոնեան

Փետրուար 11ը, 79 տարի առաջ, ծանր ու ցնցիչ օր մը խորհրդանշեց հայ ժողովուրդի ազատատենչ եւ հայրենաբաղձ բազմութիւններուն համար։ 1934ի այս օրը, Մարսէյլի մէջ, «Համազգային»ի կողմէ կազմակերպուած հրապարակային հանդիսութեան մը ընթացքին, աւելի քան երկու հազար հանդիսականներու ներկայութեան, օրուան պատգամաբերը բեմին վրայ չկրցաւ աւարտել իր խօսքը. ուղեղի կաթուածը առյաւէտ լռութեան մատնեց Աւետիս Ահարոնեանին՝ Հայոց Վշտի եւ Ազատութեան…

6 Փետրուար 1919. Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարը եւ Հայկական Պետականութեան դժուարին հունաւորումը

Փետրուար 6ի այս օրը, 94 տարի առաջ, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, հանդիսաւորապէս բացումը կատարուեցաւ Արեւմտահայոց Երկրորդ Համագումարին, որ պատմական բախտորոշ նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդի հետագայ հոլովոյթին մէջ։ Նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորման եւ հայոց անկախ պետականութեան արմատաւորման սկզբնական փուլն էր։ Ողբի, որբի եւ սովի պայմաններուն մէջ իր հայրենիքին անկախութիւնը նուաճած եւ հայոց ազգային պետականութիւնը…

Հերոս բառը չեմ ընդունում. Արկադի Կարապետյան

ԼՂՀ հռչակումը, բանակի ստեղծումը ոչ հեռավոր 80-ականներին շատերի համար անհավանական էր: Ժամանակը միշտ ծնում է իր հերոսներին և այդպիսի հերոների շնորհիվ է անհավանականը հավանական դառնում, անհնարինը հնարավոր: ԼՂՀ ինքնապաշտպանության ուժերի առաջին հրամանատար Արկադի Կարապետյանը այնպիսիններից է, որին հերոսի կոչումներով չեն շռայլել, ո՛չ բարձրաստիճան պաշտոններ է զբաղեցրել, ո՛չ էլ բարձր բեմերից հայտարարել է իր գործերի մասին:…

Զապէլ Եսայեան (Յովհաննէսեան, 1878-1943). Արեւմտահայ վէպի մեծատաղանդ վարպետն ու հայ գրականութեան խիզախ եւ ազատախոհ կինը

Փետրուար 4ին մեր ժողովուրդը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան մեծատաղանդ ու բացառիկ դէմքերէն Զապէլ Եսայեանի։ Զապէլ Եսայեան իր մնայուն տեղը ունի Հայոց Մեծերու համաստեղութեան մէջ ոչ միայն իբրեւ տաղանդաւոր կին գրող ու հոգեվերլուծական վիպագրութեան մեծատաղանդ վարպետ, այլեւ՝ իբրեւ խիզախ եւ ազատամիտ յառաջապահը հայ կնոջ իրաւունքներուն պաշտպանութեան, յատկապէս սեռային իրաւահաւասարութեան, մտաւորական անկաշկանդ զարգացման եւ ազգային-ընկերային…

Շաւարշ Միսաքեան (1884-1957). Հայկական հրապարակագրութեան անմահ վարպետը

26 Յունուարին, 54 տարի առաջ, հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր արժանաւոր զաւակը՝ հայկական հրապարակագրութեան անմահ տիտաններէն եւ դաշնակցական մտքի ու առաջնորդող խօսքի անկրկնելի դրօշակիրներէն Շաւարշ Միսաքեանը։ Հայ մամուլի ոսկեմատեանին մէջ բարձրադիր գագաթ մը նուաճեց աւազանի անունով Եղիազար, բայց Շաւարշ անունով եւ միատառ «Շ.» ստորագրութեամբ հայաշխարհով մէկ հռչակուած Միսաքեաններու այս անզուգական ծնունդը։ Գրական¬գեղարուեստական կատարելագոյն մշակումի հասած իր…

Ռոստոմ (Ստեփան Զօրեան, 1867-1919). Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ազատագրումին ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ դարբինը

Այսօր՝ Յունուար 18ին, կը նշենք ծննդեան տարեդարձը մեր ժողովուրդի բացառիկ ծնունդներու համաստեղութեան մէջ իր ուրոյն տեղն ու պայծառ ճակատը նուիրագործած հայ մեծ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆին, որ անմահացաւ ՌՈՍՏՈՄ անունով՝ հայոց սերունդներուն կտակելով Ազգի եւ Հայրենիքի ամբողջական ու լիիրաւ ազատագրութեան մեծագոյն տեսլականը, անոր ձեռքբերման համար գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու իր կենդանի եւ առաջնորդող օրինակը վարակիչ դարձնելով։ Ռոստոմի անձնազոհ…

Անտոն Գոշ (Պոյաճեան, 1849-1927). Հայկական Ազատամարտի անմոռանալի «պահապան հրեշտակ»ը

Յունուար 14ին, Ժընեւի մէջ վախճանեցաւ հայ յեղափոխական շարժման առասպելական դէմքերէն եւ խոնարհ հերոսներէն Անտոն Գոշ։ Թէեւ հայ ազատագրական շարժման ականաւոր գործիչներէն շատերու յուշերուն եւ նամակներուն, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. պատմութեան նուիրուած աշխատասիրութեան մէջ յաճախակի կը յիշատակուի անոր անունը, բայց ըստ արժանւոյն ներկայացուած չէ կեանքն ու գործունէութիւնը սուլթան Համիտի 21 Յուլիս 1905ի մահափորձին՝ Ելտըզի Ռումբի գլխաւոր կազմակերպիչներէն…

Աւետիս Ահարոնեան (1866-1948). «Ազատութեան ճանապարհին» վիշտի ու արցունքի, ցասումի եւ պայքարի երգիչը

4 Յունուար 1866ին, 147 տարի առաջ, հայրենի Իգդիր գաւառի Իգդիրմաւա գիւղի դարբին Առաքել Ահարոնեանի յարկին տակ ծնաւ արու զաւակ մը, որուն Աւետիս անունը տուին՝ հայոց տօնացոյցին համաձայն Քրիստոսի ծնունդին նախօրեակը աւետելու ներշնչումով։ Իսկապէս ալ Աւետիս Ահարոնեան աւետաբերը եղաւ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի արշալոյսին։ Եղաւ լռել չգիտցող, այլեւ ստրկային հնազանդութեան լռութիւնը մերժող Հայը, որ իր գրիչով…

Նահատակ Հերոս Աբօ Աշճեանի Յիշատակի Հաւաք՝ Հոլիվուտի Մէջ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Հոլիվուտի «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան, անցեալ Կիրակի, կէսօրէն ետք ժամը 1:30ին տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք մը՝ ի յիշատակ երեսուն տարի առաջ թրքական յանցագործ պետութեան կողմէ առեւանգուած ընկեր Աբօ Աշճեանին: Հաւաքի բացումը կատարեց Մարալ Թուլումեան: Իր պարունակած շահեկան տեղեկութեանց համար, ստորեւ կը ներկայացնենք Թուլումեանի խօսքը՝ ամբողջութեամբ.…