Նահատակ Հերոս Աբօ Աշճեանի Յիշատակի Հաւաք՝ Հոլիվուտի Մէջ

1229ashjian6Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Հոլիվուտի «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան, անցեալ Կիրակի, կէսօրէն ետք ժամը 1:30ին տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք մը՝ ի յիշատակ երեսուն տարի առաջ թրքական յանցագործ պետութեան կողմէ առեւանգուած ընկեր Աբօ Աշճեանին:

Հաւաքի բացումը կատարեց Մարալ Թուլումեան: Իր պարունակած շահեկան տեղեկութեանց համար, ստորեւ կը ներկայացնենք Թուլումեանի խօսքը՝ ամբողջութեամբ.

«Երեսուն տարիներ առաջ, չարաշուք օրը՝ Դեկտեմբեր 29, 1982ին, ընկեր Աբօ առեւանգուած էր Պէյրութի՝ Լիբանանի, մէջ, թրքական սպասարկութիւններուն կողմէ: Ընկեր Աբոյի ազատագրման նպատակով Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը ձեռնարկէ փնտռտուքներու: Տեղի կ՛ունենան խորհրդակցական հանդիպումներ, դատապարտում, հաղորդագրութիւն, կոչ, այցելութիւններ, հաւաք, հանդիպումներ, տեսակցութիւններ եւ ամբաստանութիւն:

12 Յունուար 1983՝ «Ազդակ» լոյս կ՛ընծայէ «Հեղինակը եւ նպատակը» խորագիրով խմբագրականը, որ կը հաստատէ թէ արարքին հեղինակը թուրք պետութիւնն է:

18 Յունուար 1983՝ Համաժողովրդային բողոքի երկրորդ միթինկ մը տեղի կ՛ունենայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ: Ներկայ կ՛ըլլան մօտաւորապէս 20 հազար հոգի: Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներուն կողքին, ներկայ կ՛ըլլան երեսփոխաններ, ազգային իշխանութեանց անդամներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Միթինկին խօսքեր կ՛արտասանեն ընկերներ՝ Աւետիս Իսպէնճեան, Կարօ Յովհաննէսեան եւ Հրաչ Տասնապետեան:

18 Մարտ 1983՝ Նախագահական պալատի տնօրէնութիւնը հայ ազգային երեք կուսակցութիւններուն եւ համայնքներուն համախմբումին կ՛ուղղէ հեռագիր մը, որով կը յայտնէ, թէ նախագահը՝ շէյխ Ամին Ժեմայէլ, իր ամբողջական ուշադրութեան առարկան դարձուցած է ընկեր Աբօ Աշճեանի առեւանգման հարցը:

5 Օգոստոս 1983՝ Պէյրութի քննիչ ատեանի դատաւորը բաց քննութեան հրամանագիր մը կը հրապարակէ՝ ընկ. Աշճեանի առեւանգման հարցը հետապնդելու համար: Ըստ հրամանագիրին, քննութիւնները կը պահուին բաց մինչեւ որ ստուգուի առեւանգման հեղինակներուն ինքնութիւնը: Ատեանը կը հրապարակէ նաեւ իր քննութեանց մանրամասնութինները, որոնք կը վերաբերին առեւանգման դէպքին:

Հեռագիրներ կը ղրկուին Լիբանանի նախագահին, վարչապետին, խորհրդարանի նախագահին, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարին, Եւրոպական խորհրդարանին, ՕԹԱՆի ընդհանուր քարտուղարութեան, Միացեալ Նահանգներու նախագահին, Բրիտանիոյ վարչապետին եւ Չինաստանի համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական խորհուրդի քարտուղարութեան:

Անկախ վերոյիշեան աշխատանքներէն եւ հանդիպումներէն, Նոր Ջուղայի, Թեհրանի, Երուսաղէմի եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեմտեան շրջաններու դաշնակցական թէ յարակից մարմինները, միութիւնները եւ Հայ Դատի յանձնախումբերը բողոքի հեռագիրներ կը յղեն տեղական մամուլին, պետական դէմքերու, միջազգային կազմակերպութիւններու, դեսպաններու, ռատիօկայաններու:

Զայն գտնելու բոլոր փորձերը մնացին ապարդիւն եւ անոր յետագայ բախտը եւ ճակատագիրը անծանօթ են բոլորիս:

Ընկ. Աբօ ուղակի շառաւիղն էր Դրաստամատ Կանայեանի՝ Դրոյի, թողած աւանդին: Դրոյի կողմէ կազմուած, անոր շունջին տակ դաստիարակուած ու կազմաւորուած էր: Ընկ. Աբօ անկողմնակալ պայքարող մըն էր, որ ունէր փոթորկոտ հոգի «ազատութիւն կամ մահ» հասկացողութեան նկատմամբ ամուր հաւատք եւ վճռական մօտեցում:

Դաշնակցականի մարտական խիզախութիւնն ու անսպառ կորովը, խստապահանջ կարգապահութիւնը եւ անխարդախ նուիրումը եղան ընկ. Աբոյի ցայտուն յատկանիշները:

Ինչպէս իր կենդանութեան, նոյնպէս եւ իր առյաւէտ բացակայութեան պայմաններուն մէջ, խորհրդաւորութիւնը կը շարունակէ պարուրել մեր մեծ ընկերոջ անձն ու գործը: Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ բեմերէ եւ լուսարձակներէ միշտ հեռու՝ լուռ անձնուիրութեան եւ արթուն պահակի առաքելութեան կոչուած, տքնաջան աշխատանքի վարպետ Գործիչն էր ի վերջոյ Աբօ Աշճեան: Աւելի քան քառորդ դար անդադար եւ անվեհեր վազք մը եղաւ ընկեր Աբոյի կեանքը: Ընկ. Աբօ կը մարմնաւորէր արդարադատ բազուկը 1970ական թուականներուն ծաւալած Հայ Դատի ուժական պայքարին:

Թէեւ դաշնակցութեան կազմակերպական աւանդներուն անյարիր է անփոխարինելի կորուստներու գաղափարը այսուհանդերձ, ընկ. Աբոյի առեւանգումով դաշնակցական ուրոյն դպրոցի մը ամէնէն տիրական դէմքը ընդմիշտ կը հեռացուէր հայ ազատագրական շարժման պայքարի բեմէն:

Ընկ. Աբօ կը պատկանէր ՀՅ Դաշնակցութեան սփիւռքեան այն հաւատաւոր սերունդին, որ մեծ ներդրում ունեցաւ կուսակցութեան յեղափոխական աւանդները երիտասարդութեան միտքին ու հոգիին մէջ վերանորոգելու իմաստով: Իր բովանդակ կեանքին ընթացքին ընկեր Աբօ տիրական ազդեցութեամբ կլանեց Դաշնակցութեան եկող եւ Հայ Դատին համար պայքարի դաշտ նետուելու պատրաստ երիտասարդները:

Այսօր՝ իր 122րդ տարեդարձի սեմին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը անգամ մը եւս կու գայ իր վստահութիւնը վերահաստատելու երիտասարդութեան նկատմամբ: Նոր սերունդի դաստիարակութեան, գաղափարական կազմաւորման եւ ընդհանրապէս մեր շարքերուն երիտասարդացման բնական գործընթացը ճիշդ հունով առաջնորդելու հրամայականէն մղուած, անցեալ Շաբաթ օր, Դեկտեմբեր 15, 2012ին դռները բացուեցան Երիտասարդական-Ուսանողական կեդրոնին՝ Պուրճ Համուտի մէջ, որ կը կոչուի ՀՅԴ կազմակերպութեան եւ ընհանրապէս Դաշնակցութեան վերջին շրջանի պատմութեան մէջ մարտական գործի խորհրդանիշի վերածուած կարգապահութեան, դաշնակցութեան հասկացողութեան մարմնաւորում հանդիսացած, իր գործով, իր լուռ ու ծանրակշիռ կեցուածքով սերունդներ հմայած «Աբրահամ Աշճեան» անունով:

Սիրելի ընկ. Աբօ,

Գերզմանիդ վրայ ո՛չ խունկ ծխեցինք, ո՛չ ափ մը հող թափեցինք, ո՛չ ալ «Վէրքերով լի» երգեցինք, սակայն Դաշնակցական տան մէջ ընկերներով հաւաքուած ենք հոս յարգելու յիշատակդ: Շատ մօտ ենք ընկ. Աբոյին եւ սա պահուն զայն մեր մէջ կը զգանք:

Աբօ Աշճեանի կորուստէն 30 տարիներ ետք ան մեր հետ կ՛ապրի եւ միշտ կ՛ոգեկոչէ մեզ: Աբոյէն ետք Գործը կը շարունակուի:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Յունուար 27, 2013ին իր հիմնադրութեան 122րդ ամեակը պիտի տօնակատարէ:

Դաշնակցութեան երթը կը շարունակուի…:.

Մարալ Թուլումեանի խօսքէն ետք, «Զինուորի երգը» եւ «Անմահացած Ընկ. Աբօ» երգերը կատարեցին «Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոս»ի 9րդ կարգի աշակերտներ՝ Ալեքսիա Արճեան եւ Դալար Ուրֆալեան:

Ռազմիկ Դաւոյեանի «Պատգամ» բանաստեղծութիւնը արտասանեց «Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոս»ի 9րդ կարգի աշակերտ Վանա Պապիկեան, որմէ ետք ցոյց տրուեցաւ յատուկ պատրաստուած տեսաներիզ մը:

Ապա բանախօսութեամբ հանդէս եկաւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Սեդօ Պօյաճեան:

Ապա Յովհաննէս Թումանեանի «Հրաժեշտ» բանաստեղծութիւնը արտասանեց ՀԵԴի անդամ Փաթիլ Այվազեան:

AprahamAshjian2

Հայ Դատի Ուժական Պայքարի Տարածման Անձնդիր Առաջնորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ Սեդօ Պոյաճեանի խօսքը ընկեր Աբօ Աշճեանի յիշատակի հաւաքին

Ընկ. Աբօ:

Պարզ եւ խոնարհ անուն մը:

Դաշնակցական մարտիկի անզուգական անձնաւորութիւն մը եւ մարտական առասպելատիպ ղեկավար մը:

Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն հայութեան ինքնապաշտպանութեան եւ ապահովութեան ռազմական վէմը:

Դաշնակցութեան յեղափոխական աւանդներու վերընձիւղման եւ Հայ Դատի ուժական պայքարի տարածման անձնդիր առաջնորդը:

Միայն ընկ. Աբօն կրնար այս բոլոր արժանիքները միատեղ մարմնաւորել՝ իր հեզութեամբ, համբերութեամբ, յանդգնութեամբ, խստապանջութեամբ եւ անուշ ժպիտով:

Այս հանգրուանին դժուար է մանրամասնել մեր քաղաքական ու մանաւանդ մարտական աշխատանքներու մէջ ընկ. Աբոյի կատարած ներդրումները: Տակաւին ամբողջական արժեւորումը չէ կատարուած վերջին քառասնամեակին մեր երիտասարդութեան քաղաքականացման ու յեղափոխականացման զարթօնքի շրջանին: Տակաւին չեն բացուած մեր յեղափոխական աւանդներու վերադարձին վերաբերող թղթածրարները: Տակաւին պատմական առարկայականութեամբ չէ գնահատուած լիբանանեան քաղաքացիական կռիւներուն հայութեան ինքնապաշտպանական գործունէութիւնը:

Վստահաբար ինք, հաւատարիմ իր լռակեացութեան, երբեք պիտի չարտայայտուէր իր դերակատարութեան ուղղութեամբ: Մանաւանդ, պիտի չուզեր որ մենք եւս արտայայտուինք այդ մասին: Սակայն, զինք մօտէն ճանչցողները, իր գործակիցները, իր շունչով ու օրինակով կազմաւորուած մեր տղաքը, ու մանաւանդ Լիբանանի մեր ժողովուրդը կը գիտակցին, կը զգան, մեր պատմութեան այդ ճակատագրական հանգրուանին ընկ. Աբոյին կենսական մատուցումը՝ իբրեւ կազմակերպող ուժ, հարուածող բազուկ եւ ներշնչող ոգի:

Երեսուն տարի առաջ, Շաբաթ, 29 Դեկտեմբեր 1982ին, Թուրք պետութեան դաւադրութեամբ առեւանգուեցաւ եւ անյայտ պայմաններու մէջ սպաննուեցաւ ընկ. Աբօ Աշճեան: Պատահական չէր թրքական դաւադիր արարքը, որովհետեւ հարուածը ուղղուած էր հայկական պահանջատիրութեան սուրբ գործին մղում տուող գլխաւոր պատասխանատուի մը անէացման:

Այսօր, իր ֆիզիքական անյայտացման երեսունամեակին առիթով յիշատակը կը նշենք մեր մեծ ընկերոջ: Սակայն յիշատակէն անդին, մենք պէտք է ոգեկոչենք ընկ. Աբոյի մարտական ու քաղաքական վաստակը, որ մերն է ու մեզի պիտի պատկանի այնքան ատեն որ հետամուտ ենք հաւատարիմ մնալ ու հետամուտ ըլլալ այդ վաստակի շարունակման: Մեր կազմակերպական ու ազգային ներկայ մտահոգիչ հանգրուանին, ընկ. Աբոյի օրինակելի վաստակը կը պարտադրէ ինքզինք՝ իբրեւ լուսատու ճանապարհ մեր ամէնօրեայ թէ հեռակայ աշխատանքներուն:

Ճիշդ ըմբռնելու համար մեր ընկերոջ վաստակը, հարկ է ետ երթալ՝ չորս տասնամեակներ:
Հայ Դատի հետապնդման ճակատին վրայ մեր քաղաքական թէ դիւանագիտական աշխատանքները կը բախէին անելի: Թուղթի ճամբով կատարուած աղերսանքները վերածուած էին աննպատակ ծիսակատարութեան: Մեզ լսողը միայն մենք էինք: Մեծ, միջակ թէ փոքր պետութիւնները չէին հետաքրքրուած 20րդ դարու սկզբնաւորութեան գործադրուած եւ, ըստ իրենց, ա՛լ պատմութեան անցած անարդարութեամբ մը, որու հետեւանքով հայութեան մնացորդացին մէկ մասը կը շարունակէր հիւծիլ օտար ափերուն, իսկ միւս մասը Հայաստան աշխարհի մէկ փոքր հողաշերտին վրայ ազգային ու հայրենական անբաւարարութեան մատնուած էր:

Լռութեան պատ մը բարձրացած էր մեր պահանջատիրութեան առջեւ: Լռութեան պատ մը, որ արհամարանքի հանգամանք տուած էր Հայ Դատի մեր «խելօք» աշխատանքներուն: Պէտք էր քանդել այդ պատը: Քանդելու համար պէտք էր դիմել մեր ազատագրական պայքարի քաղաքական ակունքներուն, պէտք էր վերադառնալ մեր յեղափոխական աւանդներուն: Ռոպէն կը պահանջէր յանդգնութիւն եւ յաւելեալ յանդգնութիւն, որպէսզի ճեղքուի լռութեան պատը, որպէսզի հանգստութիւնը խանգարուի մեծ, միջակ թէ փոքր պետութիւններուն՝ ի դիմաց մեր պահանջատիրութեան լրջութեան:

Այդ յանդգնութեան մեկնակէտը հանդիսացաւ մեր երիտասարդութեան ու ժողովուրդին քաղաքականացման եւ յեղափոխականցման հրամայականը: Իր գաղափարախօսական եւ մարտական աւանդներու փորձառութեամբ, մեր կուսակցութիւնը այդ հրամայականի սատարման ու տարածման գերակշիռ մղիչ ուժը կրնար ըլլալ ու եղա՛ւ: Այդ հրամայականին մարմին տուին մեր կառոյցներուն ընդմէջէն դաստիարակուած ու թրծուած տղաքը, որոնք իրենց կրակի փորձառութիւնը ստացած էին ընկ. Աբոյի ու անոր գործակիցներու շունչին տակ:
Կարելի չէ պատկերացնել այդ օրուան սերունդի քաղաքականացման ու յեղափոխականացման հրամայականի մարմնացումը՝ առանց ընկ. Աբոյի ու իր գործակիցներու տիրական ներկայութեան: Մանաւանդ ընկ. Աբոյին, որուն մէջ միշտ գերակշռող էր դաշնակցական մարտականի գաղափարականութիւնը, հաւատարմութիւնը, խիզախութիւնը, կարգապահութիւնը, ընկերասիրութիւնը, խստապահանջութիւնը եւ անձնազոհութիւնը:

Այդպէս է որ ցնցուեցաւ լռութեան պատը՝ նոր էջ բանալով Հայ Դատի պահանջատիրական երթին առջեւ:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը նոր հարկադրանքներ ստեղծած էր հայութեան ու յատկապէս մեր կուսակցութեան համար: Իրարու հակադրուող կողմերուն նկատմամբ հայութիւնը հաշտարարի ու դրական չէզոքութեան յստակ դիրքորոշում որդեգրած էր: Հակառակ այս դիրքորոշման, կողմերը յաճախ փորձաքարի կ՛ենթարկէին մեր անկողմնակալ կեցուածքը: Հայութիւնը պարտադրուած էր դիմելու ինքնապաշտպանական գործի՝ բոլոր հայաբնակ շրջաններուն մէջ:

Ինքնապաշտպանական այս գործին անվիճելի հրամանատարն էր ընկ. Աբօ: Իրեն վիճակուեցաւ կազմակերպել, մարզել, պարենաւորել, զինել եւ ռազմավարական ուղղութիւն տալ հայկական դիրքերուն: Ինքնապաշտպանական աշխատանքը աստիճանաբար յանգեցաւ այնպիսի մակարդակի, ուր բացայայտ կը դառնար հայկական բանակի մը առաջացման սաղմնաւորումը:

Գաղտնիք չէ որ Դաշնակցութեան համար դաշնակցական մարդը պէտք է կարողանայ միատեղել գաղափարն ու գործը, եւ այդ ճամբով իրագործել գաղափարականի ու մարտականի նոյնացումը: Այս սկզբունքին ամբողջական գիտակցութեամբ, ընկ. Աբոյին համար գաղափարականին մարտականացումը եւ մարտականին գաղափարականացումը անփոխարինելի պատուանդանն էր ազգային գործին:

Ընկ. Աբոյի համար ինքնապաշտպանական դիրքերու վրայ գտնուող մեր տղոց մարզումը, այսինքն՝ մարտականացումը, թերի էր առանց անոնց միատեղ գաղափարականացման: Այս ուղղութեամբ ան յատուկ բծախնդրութիւն ցուցաբերեց անոնց գաղափարական դաստիարակութեան ու քաղաքական գիտակցութեան զարգացման: Իսկ գաղափարականի մարտական գործնականացման գծով, անոնց փոխանցեց երեք պարզ գիտելիքներ.-

Առաջին, դիրքերու վրայ էք պաշտպանելու համար ձեր օճախներն ու հարազատները: Երկրորդ, դիրքերու վրայ էք պաշտպանելու համար մեր ժողովուրդը: Երրորդ, դիրքերու վրայ էք պաշտպանելու համար ձեր պատիւն ու հայութեան արժանապատուութիւնը:

Ահա այսպէս է, որ ինքնապաշտպանական գործի հրամանատարը պատրաստեց «գաղափարի զինուոր»ը որ, երբ պահը եկաւ, գիտցաւ հարուածել ճշգրտութեամբ եւ հարուածել արդարութեամբ:

Չենք կրնար հեշտութիւն որոնել ընկ. Աբոյի եւ իր սերունդին վիճակուած առաքելութեան մէջ: Այդ առաքելութիւնը դժուարին էր: Տասնամեակներու սփռեալ պայմաններու տակ թուլցած էր պատմութեան հետ մեր անմիջական կապը: Սկսած էր տարտամիլ հայու խիզախ նկարագրային յատկութիւնը: Կորսնցուցած էինք մեր ազատագրական աւանդներու կապը: Այս բոլորին վերականգնումն ու վերատիրացումը անքակտելի նախադրեալներն էին այդ առաքելութեան: Աւելին, օրուան ստեղծած արդի պայմաններուն մէջ գործի յաջողութեան մարտահրաւէրը կը պահանջէր այդ պայմաններուն հակակշռումը:

Իրենց առաքելութեամբ, ընկ. Աբօն ու իր սերնդակիցները մեզի վերադարձուցին անարդարութեան դէմ կրկին անգամ խիզախելու մարտունակութիւնը, վերահաստատեցին մեր պահանջատիրութեան մէջ կրկին անգամ յանդուգն ըլլալու համարձակութիւնը, ամրապնդեցին ազգային գործի մէջ գաղափարականով առաջնորդուելու եւ մարտունակութեամբ աշխատելու գիտակցութիւնը:

Պարզօրէն, անոնք ուրուագծեցին նոր ժամանակներու պահանջատէր հայու կերպարը եւ պահանջատիրութեան մշակոյթը, որոնք չսահմանափակուեցան միայն Լիբանանին ու սփիւռքեան միւս գաղութներուն: Անոնք հունաւորումը հանդիսացան 1987ի մեր 24րդ Ընդհանուր Ժողովի «Դէպի Երկիր» ուղիին: Անոնք ներշնչման աղբիւրը հանդիսացան Արցախեան ազատամարտի մեր քաջարի մարտիկներուն:

Սփիւռքի ու Հայաշխարհի տարածքին պահանջատէրի նոր կերպարի եւ մշակոյթի վարակումը կը շարունակէ եւ պէտք է շարունակէ ձեւ ու բովանդակութիւն տալ մեր պահանջատիրական գործին եւ լուսագծէ մեր երթը դէպի նոր նուաճումներ:

Ընկ. Աբօն օրինակելի ներկայացուցիչն է պահանջատիրական նոր կերպարի եւ մշակոյթի առաքելութեան: Հոս կը կայանայ մեր անմահ ընկերոջ վաստակին էութիւնն ու արժէքը: Այնպէս ինչպէս Հայկական Յեղափոխութեան սկզբնաւորութեան «ռայա» հայը, որ կորսնցուցած էր իր մարտունակ յատկութիւնը, վերատիրացաւ անոր՝ Հայաստանի քաղաքական ու տնտեսական ազատգրման համար, նոյնպէս եօթանասունական թուականներուն Սփիւռքի Հայը, որ կտրուած էր իր մարտունակ աւանդէն, վերանուաճեց զայն՝ վերածուելու համար ազդու պահանջատէրի:

Ա՛յս է ընկ. Աբոյի վաստակին հանրագումարը: Ա՛յս պէտք է ըլլայ մեզի համար անոր կտակը:

Այսօր երբ մերթ ընդ մերթ մեր շուրջ կը նայինք, կը զգանք տեղ-տեղ սպրդող կազմակերպական թուլացումներն ու գաղափարական խորթացումները, կը նշմարենք ոմանց մօտ մարտունակութեան տկարացումը: Յանուն մեր կազմակերպութեան եւ ի շահ մեր դատին, մեզի վիճակուած է վերանուաճել մեր ընկերոջ վաստակը, արժանի ըլլալ անոր կտակին:
Ընկ. Աբօ: Օինակելի վաստակով պարզ ու խոնարհ ընկեր մը: Մեծ ու առաքինի ընկեր մը:
Իր մեծութիւնը կը կայանար իր խոնարհութեան մէջ: Իր օրինակելիութիւնը կը սահմանուէր իր անձնազոհութեամբ: Իր ղեկավարութիւնը կը յատկանշուէր իր կարգապահութեամբ: Իր իմացականութիւնը կը խորհրդանշուէր իր անհատնում արիութեամբ:

Այո՛, թշնամիին կողմէ դաւադրաբար առեւանգուեցաւ. բայց չկքեցաւ: Նենգաբար սպաննուեցաւ. բայց անմահացաւ: Կարելի չէ պատկերացնել տարողութիւնը թէ թուրք գործակալները ընկ. Աբոյին ինչ չարչարանքներու ենթարկեցին եւ չարչարանքի տակ ինչ հարցումներ հարցուցին: Բայց վստահօրէն գիտենք թէ Կարսի Թաթուլ զօրավարին նման անոնց ինչ պատասխան տուաւ ընկ. Աբօն.- «Եթէ հարուածը իմն է, պիտի մեռնիք:»

«Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէութեան Կեդրոն,
Հոլիվուտ
Կիրակի, 23 Դեկտեմբեր, 2012

Apo-Ashjian

Անմահացած Ընկեր Աբոն

Երեսուն տարիներ առաջ առեւանգուեցաւ, սպաննուեցաւ, բայց երբեք… չմեռաւ:
Անմահացած ընկեր Աբօ շարունակեց ապրիլ բոլորին միտքին ու սիրտին մէջ, իրեն մօտէն ճանչցողներ ու գործակիցներ ըլլային անոնք, թէ իր շունչով ու օրինակով կազմաւորուած եւ միս ու ոսկոր կապած գաղափարի զինուորներ, թէ իր անձին ու գործին հեռուէն ականատես կամ միայն ականջալուր հետեւողներ:

Արդարեւ, իր կենդանութեան արդէն, Աբօ Աշճեան ըստ ամենայնի նուաճած էր Դաշնակցական մարտիկի անզուգական կերպարի եւ, միաժամանակ, մարտական առասպելատիպ ղեկավարի անկորնչելի՛ պատուանդանը: Եւ ճիշդ այդ Առասպելատիպը սպաննելու անարգ նպատակին ծառայող ոճիր էր կատարուած ընկեր Աբոյի առեւանգումը: Պատուիրատու սադրողը, իր գաղտնի սպասարկութիւններուն միջոցաւ, նոյնինքն թրքական պետութիւնն էր, որու դաւադիր աչքին ընկեր Աբօ կը մարմնաւորէր արդարադատ բազուկը 1970ականներուն ծաւալած Հայ Դատի ուժական պայքարին: Իսկ առեւանգողները այլապէս անարգ՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի մոլուցքին մէջ կազմաւորուած վարձկան ձեռքեր էին, որոնց աւերումի եւ աւարումի ախորժակներուն դէմ անանցանելի պատուար դարձած էր Դաշնակցութեան շուրջ ձեւաւորուած Լիբանանի հայութեան դրական չէզոքութեան ինքնապաշտպանական ամրոցը, որուն անվիճելի հրամանատարն էր ընկեր Աբօ:

Դեռ չէ գրուած ամբողջական հերոսապատումը զոյգ ուղղութիւններով- թէ՛ Հայ Դատի ուժական պայքարի եւ թէ Լիբանանի հայութեան ինքնապաշտպանական մարտնչումի ճակատներուն վրայ– Սփիւռքի հայութեան արձանագրած զարթօնքին ու յառաջխաղացքին: Նաեւ՝ ժամանակագրական առումով, տակաւին կանխահաս է հայ կեանքի զգայուն այդ հանգրուանի լիակատար ու սպառիչ բացայայտումը: Հետեւաբար, դեռ չէ տրուած վաւերական ու լիարժէք գնահատականը այն ներդրումին եւ վաստակին, որ կը կոչուի ընկեր Աբօ:

Այսուհանդերձ՝ հանրածանօթ երգին բառերով «անմահացած ընկեր Աբօ»ն կը շարունակէ, յանդուգն խիզախումի եւ անխոնջ մարտունակութեան իր վարակիչ օրինակով, ոգեշնչման վարար աղբիւր մնալ հայ ժողովուրդի քաջարի զաւակներուն համար ոչ միայն Սփիւռքի տարածքին, այլեւ նոյնինքն Հայաստանի մէջ:

Բեմերէ եւ լուսարձակներէ միշտ հեռու, լուռ անձնուիրութեան եւ արթուն պահակի առաքելութեան կոչուած, տքնաջան աշխատանքի վարպետ Գործիչն էր, ի վերջոյ, Աբօ Աշճեան: Աւելի քան քառորդ դար, 1950ականներու կէսերէն սկսեալ, Դաշնակցութեան ճամբով հայ ժողովուրդի մարտունակ եւ մարտական ուժը հզօրացնելու անդադար եւ անվեհեր վազք մը եղաւ ընկեր Աբոյի կեանքը:

Եւ ընկեր Աբօ առաջիններէն էր գաղափարի այն անզուգական մարտիկներէն, որոնք սեփական օրինակով թափ տուին ընդհանուր զօրաշարժին՝ հայութեան սպառնացող ամէն կարգի վտանգներու եւ տարբեր կողմերէ եկող հարուածներու դէմ ճակատաբաց ծառանալով եւ անհաւասար ուժերով կռիւներէ յաղթական դուրս գալու պայքարունակութիւնը ամրագրելով: Հայութեան ինքնապաշտպանական ուժն ու կազմակերպուածութիւնը նուաճելու այդ զօրաշարժին մէջ, յատկապէս ընկեր Աբօ առաւելագոյնս օժտուած էր Դաշնակցութեան մարտական աւանդներէն եկող զէնքներով՝ անկաշառ հաւատարմութեամբ եւ անանձնական կարգապահութեամբ, անկոտրում յանդգնութեամբ եւ անսպառ ընկերասիրութեամբ, մահուան դէմ քալելու ինքնավստահութեամբ եւ ամէնէն ծանր փորձութեան պահերուն իսկ խուճապի չմատնուելու սառնասրտութեամբ:

Եւ Հայ Դատի ուժական պայքարի նորագոյն զարթօնքին հետ վերանորոգուած այդ աւանդներուն հաւատարիմ, ընկեր Աբօ եղաւ դրօշակիրներէն մէկը Դաշնակցութեան ղեկավար այն սերունդին, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պարտադրած հայկական ինքնապաշտպանութեան գործին տուաւ վաղուան հայ ազգային բանակին սաղմնաւորման ձեռնարկելու նպատակասլացութիւն, գաղափարակա՛ն բովանդակութիւն:

Նոյն այս ուղղութեամբ յուշով մը կ՛արժէ եզրափակել Երեւանի մէջ ընկեր Աբոյի յիշատակին կատարուած հոգեհանգստեան արարողութենէն ներշնչուած խորհրդածութիւններու այս ուրուագիծը:

1978ի Հոկտեմբերին, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամառնային նստավայրին՝ Պիքֆայայի վանքի, շրջափակէն ներս գտնուող Մեծ Եղեռնի նահատակաց յուշարձանին դէմ գործուած էր պայթեցման անարգ խափանարարութիւն, որուն դէմ բողոքի եւ դատապարտանքի համընդհանուր ալիք բարձրացաւ հայաշխարհով մէկ: Հայ Դատի պահանջատիրութեան զարթօնքի տարիներն էին. ազգային միասնականութեան մթնոլորտը աստիճանաբար տիրական կը դառնար գաղութէ գաղութ. նաեւ Խորհրդային Հայաստանը մերձեցման իր առաջին քայլերը կը նետէր Սփիւռքի այսպէս կոչուած «դաշնակցական հատուած»ի ուղղութեամբ. ահա այդ մթնոլորտին մէջ ծանօթ մտաւորական եւ հասարակական գործիչ Զօրի Բալայեան, յանուն հայրենի մտաւորականութեան, զօրակցութեան այցով ժամանեց Լիբանան. Խորհրդային դեսպանատան ատենի հայկական բաժնի պատասխանատու դիւանագէտին ընկերակցութեամբ հայրենի «պատգամաբեր»ը նախ այցելեց Պիքֆայա, ապա՝ ուղղուեցաւ դէպի Պուրճ Համուտ. հազիւ կամուրջը անցած, Արմենիա շէնքին առջեւ, հայրենի մտաւորականը դէմ յանդիման գտնուեցաւ մեծապէս յուզիչ պատկերի մը. մինչեւ ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբ երկարող ճամբու երկու մայթերուն, խիտ շարքերով եւ զինուորական լրիւ հանդերձանքով ու զրահներով՝ պատուոյ պահակագունդ կազմած էին «մեր տղաքը…»: Որքան հայրենի անձնաւորութիւնները մօտեցան Դաշնակցութեան ակումբին, այդքան բազմացաւ ու խտացաւ յարգանքի եկած մեր զինեալ տղոց համրանքը. իսկ «Սարդարապատ» ակումբէն ներս արդէն հայկական բանակի զօրանոցային պատկեր կը տիրէր եւ հասկնալի է, որ Զօրի Բալայեան, Հայաստանէն գալով հանդերձ, ինչո՛ւ այդ աստիճան հպարտութեան արցունքներով ողջունեց հայրենիքին ի պատիւ հաւաքուած «հայոց բանակի» այդ նախատիպը:

Իւրօրինակ եւ պատմական նշանակութեամբ այդ «զօրահանդէս»ի ամբողջ տեւողութեան տեսանելի կամ զգալի չէր ընկեր Աբոյի ներկայութիւնը, հակառակ անոր, որ անմահացած մեր ընկերը անշուշտ ներկայ էր եւ ոչ միայն «հրամանատար»ն էր օրուան արարողութեան, այլեւ հպարտ հայեացքով «խմբավարն» էր Դաշնակցութեան մարտական աւանդներով կազմուած հայոց բանակի նախերգանքին, որուն իբրեւ սեփական ձեռակերտը նայելու եւ գուրգուրալու ամէն պատճառ եւ իրաւունք ունէր:

«ԱԱՍՊԱՐԷԶ»
21 Դեկտեմբեր 2012

Տպել Տպել