
Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդը խոր մտահոգութեամբ կ’ընկալէ Ֆրանսահայ Թեմի Առաջնորդ Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեանի հրաժարումը: Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Նորվան Սրբազանին եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ անոր` ֆրանսահայ համայնքին մէջ ունեցած մեծ ներդրումին համար: Սրբազանը, որ երկխօսութեան ու բոլորին դիմաց բաց դռներու հոգեւորականն է, իր շնորհակալ նպաստը ունի մեր գաղութի դպրոցաշինութեան ու ընդհանրապէս…