ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ — Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդը՝ Ֆրանսահայ Թեմի Առաջնորդ Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեանի հրաժարումի մասին

NorvanAbpՖրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդը խոր մտահոգութեամբ կ’ընկալէ Ֆրանսահայ Թեմի Առաջնորդ Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեանի հրաժարումը:

Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Նորվան Սրբազանին եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ անոր` ֆրանսահայ համայնքին մէջ ունեցած մեծ ներդրումին համար:

Սրբազանը, որ երկխօսութեան ու բոլորին դիմաց բաց դռներու հոգեւորականն է, իր շնորհակալ նպաստը ունի մեր գաղութի դպրոցաշինութեան ու ընդհանրապէս հայ եկեղեցւոյ իր անշահախնդիր ծառայութեան մէջ: Հակառակ բազում դժուարութիւններու, Ան յաջողութեամբ պսակեց իրեն վստահուած ծանր ու դժուարին պարտականութիւնը` միացնել Ֆրանսայի բոլոր ծուխերը եւ կազմել Ֆրանսահայ Թեմ:

Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեան ամբողջ ֆրանսահայ համայնքին անվերապահ յարգանքը կը վայելէ: Ան ամենայն արժանաւորութեամբ կը ներկայացնէ հայ եկեղեցին` Ֆրանսայի քաղաքական թէ այլ շրջանակներու մօտ, որոնք միշտ ալ բարձր կը գնահատեն ու կ’արտայայտուին անոր տիպար պահուածքին մասին:

Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեան յաջողեցաւ իր անձին շուրջ ստեղծել անհրաժեշտ համախոհութիւն ու ան դարձաւ միասնականութեան առանցք, շնորհիւ իր ամբողջական նուիրումին ու անշահախնդրութեան: Իրեն կը պարտինք Ֆրանսայի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բարեկարգումը:

Առ այդ, այս անակնկալ ու գեր մտահոգիչ հրաժարականը հաւանական ժխտական հետեւանքներ կրնայ ունենալ մեր համայնքին համար: Հայ եկեղեցւոյ բարձրագոյն ղեկավարութիւնը պարտի լրջախոհութեամբ ընկալել ու կշռադատել այս կացութիւնը, լսել սոյն պատգամը ու ըստ այնմ առնել յառաջիկայ նախաձեռնութիւնները, ի յարգանք սփիւռքահայ գաղութներու առանձնայատկութիւններուն:

Վերջապէս, Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդը կը փափաքի, որ Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեան իր ամբողջ տեղը պահէ Ֆրանսայի Հայ Եկեղեցւոյ շրջանակին մէջ, իր հաւատացեալներուն ու իր համայնքի կողքին:

Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւններու Համակարգող Խորհուրդ
11 Յուլիս 2013, Փարիզ

Նորվան Արք. Զաքարեանի հրաժարականը
Ֆրանսահայ Թեմի Առաջնորդը արտայայտուեցաւ
ԱՅԲ ԷՖ ԷՄի “Cartes sur Table” յայտագրի եթերով Շաբաթ 6 Յուլիսին

 
Տպել Տպել