
Հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրէին, հազիւ թեւակոխած 2015 թուականը, Թուրքիոյ Հանրապետութեան բախտախնդիր նախագահը` Թայեփ Ռեճեպ Էրտողանը, կամ այլ կերպ ասած, նոր սելճուքեան երազային կայսրութեան անթագ «կայսրը», շնականօրէն, լրբօրէն կը կատարէր յայտարարութիւն մը` համայն աշխարհին հրաւէր կու տար 2015-ի ապրիլի 24-ին, Տարտանելի նեղուցին` Կալիփոլիի բարձունքներուն, թրքական «քաջարի» բանակին արձանագրած «յաղթանակի» 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն…















