Կալիփոլիի` Չանագգալէի «Յաղթանակը» 1915-ին

FotorCreatedՀայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրէին, հազիւ թեւակոխած 2015 թուականը, Թուրքիոյ Հանրապետութեան բախտախնդիր նախագահը` Թայեփ Ռեճեպ Էրտողանը, կամ այլ կերպ ասած, նոր սելճուքեան երազային կայսրութեան անթագ «կայսրը», շնականօրէն, լրբօրէն կը կատարէր յայտարարութիւն մը` համայն աշխարհին հրաւէր կու տար 2015-ի ապրիլի 24-ին, Տարտանելի նեղուցին` Կալիփոլիի բարձունքներուն, թրքական «քաջարի» բանակին արձանագրած «յաղթանակի» 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն մասնակցելու: Եւ որովհետեւ լաւապէս կը գիտակցէր, որ այդ օրը, հաւանաբար, աշխարհի մեծամեծները, թագաւորներ, նախագահներ, վարչապետներ, նախարարներ… եւ այլն, կրնային երթալ Հայաստան, Երեւան եւ Ծիծեռնակաբերդ ծաղիկ զետեղելու Մեծ եղեռնի 100-ամեակի զոհերու յուշարձանին, լրբօրէն հրաւէրը կ՛ուղղէր անոնց` զանոնք երկընտրանքի մը դիմաց դնելով:

Արդի Թուրքիոյ քաղաքական այրերուն լրբութեան վկան եղած ենք տակաւին անցնող տասնամեակներուն: Անոնք Տէրսիմի հայոց եւ քիւրտերու ջարդարար Քեմալ Աթաթուրքը որպէս ազգային հերոս (քիչ մնաց, որ զայն մարգարէ կոչեն) կը պաշտեն. Հայոց ցեղասպանութեան դահճապետ Թալէաթ փաշային արձանը զետեղեցին, զայն ալ ազգային հերոս դարձուցին, իրենց պատմութեան արիւնալի էջերը որպէս պարծանք յայտարարեցին:

Վերջերս նաեւ ականատեսները դարձանք Սուրիոյ քաղաքներու, յատկապէս Հալէպի եւ անոր հայահոծ թաղերու քանդումին, ռմբակոծումին, Թուրքիոյ զինած, մարզած, հովանաւորած եւ Սուրիա ուղարկած հրոսակներուն միջոցով, եւ որովհետեւ այդ հրոսակները օսմանական եւ թրքական ներշնչումով դաստիարակուած եւ մարզուած են, աւերի ու աւարի մատնեցին Սուրիոյ հիւսիսակողմի շէն քաղաքներն ու գիւղերը:

Օր մը, թուրքերը այս արարքով ալ երեւի պիտի հպարտանան` զայն սեպելով իրենց պատմութեան «փայլուն» էջերէն մէկը, ինչպէս այսօր կը հպարտանան արեւելքն ու արեւմուտքը իրենց վոհմակներով տրորած, հրկիզուած ու արիւնաքամ դարձուցած քաղաքներով ու երկիրներով:

Այլապէս ի՞նչն էր ստիպած Վիքթոր Հիւկոն գրելու`

«Թուրքերը անցած են այստեղէն,
Ամէն տեղ աւեր է.
Ամէն տեղ սուգ է»:

Վերադառնամ բուն նիւթին: Երբ համացանցի էջերուն վրայ կարդացի վերոյիշեալ թրքական հրաւէրին մասին (ու իրազեկ դարձայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին պատասխանին), միտքս սաւառնեցաւ կատարած ընթերցումներուս վրայ ու յիշեցի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, հայդուկապետ ազգային-քաղաքական-ռազմական գործիչ Ռուբէն Տէր Մինասեանի յուշերուն («Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները») 6-րդ հատորին ԺԱ. գլուխին մէջ նկարագրած իր հանդիպումը Թուրքիոյ ռազմական քաղաքական գործիչ Վեհիպ փաշային հետ:

Նախքան այս հանդիպումի բովանդակութեան անդրադառնալը, փոքր շեղում մը կատարելով, անհրաժեշտ է ներկայացնել Վեհիպ փաշան:

Ան ծագումով եղած է յոյն կամ եանեացի դաւանափոխ ալպանացի (արդեօք հրեա՞յ): Ուսեալ զինուորական: Հազարապետ: Տիրապետած է ալպաներէնին ու յունարէնին (աւելի քան թրքերէնին):

Ան եղած է Եմէնի` Սանաա բերդի կառավարիչ: Ճնշած Եմէնի յեղափոխութիւնը:

Եղած է Հիճազ, Քիւրտիստան, Հայաստան, Պուլկարիա, Սերպիա, Յունաստան` մասնակցելով այնտեղի յեղափոխութիւններու ճնշումի գործընթացին:

Զօրավար Անդրանիկի (երբ տակաւին հայդուկապետ էր) վարած Աղթամարի նշանաւոր կռիւին (Սասունի ապստամբութենէն ետք, 1904-ին) Անդրանիկի դէմ կռուող զօրաբանակին հրամանատարը եղած է Վեհիպ փաշան:

1908-ի օսմանեան յեղափոխութեան եղած է «Իթթիհատ վէ Թարաքքը» կուսակցութեան պարագլուխներէն (երիտասարդ թուրքեր) եւ որպէս այդպիսին կ՛ուղարկուի Օսմանեան կայսրութեան արեւելեան (հայկական) նահանգներու որպէս «կազմակերպիչ»: Ապա 1914-ին ծագած Ա. Աշխարհամարտին կը գլխաւորէ թրքական զօրաբանակ մը` տրորելով Արեւմտեան Հայաստանի տարածքը:

Ան որպէս Կալիփոլի-Քսետոս տարածքի հրամանատար (Տարտանելի կռիւին), իր եղբօր` Էսաատ փաշային, որ հրամանատար էր Պոլսոյ եւ Վերին Տարտանելի բանակին, կը ղեկավարեն Տարտանելի պատերազմը, որուն «փառքէն» անմասն մնալ չ՛ուզեր այսօր Էրտողան խանը:

Ուրեմն, Ռուբէն կը պատմէ, թէ 1929-ին Վեհիպ փաշան (ան ալ տարագիր) այցի կ՛երթայ Ռուբէնին` Անկիէն, Ֆրանսա, հիւրընկալուելով 2 շաբաթ. Ռուբէն անոր հարցադրում կը կատարէ.

– Ի՞նչն էր հիմնական պատճառը ձեր յաղթութեան Տարտանելի մէջ եւ ի՞նչն է պարտութեան պատճառը Եւրոպայի: Ձեր պատրաստուածութի՞ւնը, զէնքի առաւելութի՞ւնը, ձեր քաջութի՞ւնը, ձեր թուայի՞ն առաւելութիւնը:

Ան կը պատասխանէ.

«Կա՛մ հարցումիդ պէտք չէ պատասխանել, կա՛մ պէտք է պատասխանել ճիշդը, քանի որ դժուար է քեզի կլլեցնելը: Ըսեմ ճշմարտութիւնը, որ դիւր պիտի գայ ոչ ոքի:

«Մեր պատրաստուածութիւնը եւ զէնքի առաւելութիւնը: Ո՛չ ի հարկ է: Այդ առասպել է: Տարտանելի ամրութիւնները հին են… Անոնք կը փոշիանային զրահաւորներու ռումբերէն…»:

«Մեր թնդանօթները անոնց թնդանօթներուն կէս ճամբան իսկ չէին հասներ …»:

«Մենք ունեցանք հեռարձակ եւ սպաննիչ զէնքեր գերմաններէն այն ատեն միայն, երբ դաշնակից ուժերը որոշեցին ձգել Տարտանելը եւ հեռանալ: Հաւատա՛ ինծի, մեր զինական գերակայութիւնը չէր պատճառը մեր յաջողութեան:

«Թուական առաւելութի՞ւնը: Ո՛չ ի հարկ է: Թիւը թէեւ անարժէք էր Կալիփոլիի մէջ, բայց անհրաժեշտ էր շուրջ 40,000 զինուոր միշտ լրիւ ունենալ 2 կողմին համար եւ ամէն օր սպաննուածներուն եւ վիրաւորներուն տեղ նոր ուժ բերել: Ատով պէտք է բացատրել, որ իւրաքանչիւր կողմ կէս միլիոն զոհեր ունեցաւ Տարտանելի կռիւին ընթացքին:

«Այո՛, սարսափելի սպանդին մէջ ամենասարսափելին անգլիացիներուն եւ «անզակ»-ներու ֆութպոլ խաղալն էր ամէն մէկ կռուի ընդմիջումին:

«Երրորդ հարցումիդ դժուար է ճիշդ պատասխանելը: Եթէ ճիշդը իմացուի, բոլորն ալ հերետիկոս, դաւաճան ըսելով` պիտի կախեն մեզ: Կը հարցնես թէ խելքը, հերոսութիւնը, քաջութիւնը որո՞ւ կողմն էր:

«Այդ բոլորը անհրաժեշտ էին, սակայն միշտ` հակառակորդ կողմին: Անոնք ալ այդ չունէին:

«Թեքիր Տազի լեռներուն` Քսերոսի ծոցին… այդ կէտին ես նստած էի, մէկ կողմէն ամէն վայրկեան կը սպասէի` թշնամին ցամաքահանում պիտի ընէ եւ պիտի ջանայ խլել Կելիփոլիի բերանը, բերանէն ներս ես կը լեցնէի լինի ցամաքով լինի Մարմարա ծովով, օրական 10,000-30,000 զօրք հոն վառուելու համար: Այս սրուակին մէջ լեցուողը ետ չէր կրնար դառնալ, ան պիտի վառուէր իբրեւ դիակ ու վիրաւոր:

«Ո՛չ հերոսութիւն, ո՛չ խելք, ո՛չ քաջութիւն Քսերոսի ծոցի ցամաքահանման պատեհութիւն չունեցաւ, որ մեր բանակը ցոյց տայ որեւէ առաքինութիւն, մինչ առաքինութիւնը պակսեցաւ թշնամիին:

«Դաշնակիցները յիմար գտնուեցան կամ գիտակցական ոճրագործներ եղան իրենց հարազատ զօրքին: Տարտանելը փակ դուռ մըն է: Մտնելու համար նեղուցները` կա՛մ պէտք էր այդ դուռը կոտրել եւ մտնել եւ կա՛մ պէտք էր այդ դրան բանալին գտնել եւ բանալ, մտնել: Ուրիշ միջոց չկար:

«Թշնամին հեռուներէն կրնար մեզ լռութեան մատնել եւ մտնել նեղուցները` յոգնութիւն առնելով մաքրելու ականները: Թշնամին այդ գիտէր եւ այդպէս ալ փորձեց ու յաջողութեան ամէն գրաւական ունենալէ յետոյ, իր ձեռք բերած յաջողութիւնը իր ձեռքով ձախողցուց:

«Մեր բախտէն նաւային ուժերուն գլուխը դրաւ ֆրանսական զրահանաւերը, իսկ անոնց ետեւէն` անգլիացիները: Ֆրանսական զրահանաւերը առաջ քշելով` մտցուց Տարտանելի մէջ յաջողութեամբ: Սակայն պատահեցաւ մեզի համար անսպասելին: Յաջողութեան մէջ անոնք ձգեցին եւ հեռացան: Գիտե՞ս ինչու:

«Ֆրանսական ղեկավարութիւնը, իբրեւ աւելի սնափառ, առաջինը կ՛ուզէր լինել Տարտանելին տիրողը եւ Պոլիս մտնողը, իսկ անգլիական ղեկավարութիւնը ատոր կը վերաբերէր յետին հաշիւներով: Երբ ֆրանսական քանի մը զրահանաւեր վնասուեցան եւ անյոյս դարձան, այդքան վնաս անխուսափելի էր, անգլիացիք իսկոյն եզրակացութիւն հանեցին, թէ անհնար է նաւատորմիղով տիրապետել Տարտանելին, թէպէտ արդէն տիրապետած կրնար լինել փոքրիկ ճիգով մը:

«Անգլիացիք չուզեցին զրահանաւերով մտնել Տարտանել եւ Պոլիս: Անոնց հաշիւն էր, թէ որո՞ւ համար տիրենք Տարտանելին, քանի որ Պոլիսը եւ նեղուցները խոստացած են Ռուսիոյ:

«Աւելի՛ն ըսեմ: Գերմանացիք եւս կ՛ուզէին, որ անգլիացիք տիրեն Տարտանելին եւ գան Պոլիս: Ինչքան հեռարձակ թնթանօթ կ՛ուզէինք Տարտանելի համար, անոնք կը ձգձգէին թեքնիք եւ այլ պատճառներով: Բայց երբ պարզ եղաւ, թէ անգլիացիք այլեւս պիտի չգան, թնդանօթները առատօրէն եկան: Գերմանացիները կը յուսային անգլիացիներու մուտքով Պոլիս` ճեղք մը բանալ ռուսերուն եւ անգլիացիներուն միջեւ:

«… Եթէ անոնք ցանկային Տարտանելին տիրել, փոխանակ իւրաքանչիւր օր զոհաբերելու 20-30 հազար մարդ Կելիփոլիի թերակղզիին մէջ, այդ զօրքերը կը յատկացնէին Սերոսի ծոցէն զարնելու թերակղզիին վիզին եւ գաղութին:

«Բայց ըսի, որ անգլիացիներու բուն նպատակը նեղուցներուն տիրապետելը չէր, այլ` նեղուցներու մէջ մեզ զբաղցնելը եւ մեզ մաշեցնելը»:

Ահա այս է Կալիփոլիի (Չանաքքալէ) եւ Տարտանելի «առասպելական» յաղթանակը, որուն աշխարհը հրաւիրած է պրն. Էրտողանը:

Շատ խելացի ըլլալու պէտք չկայ հասկնալու համար թրքական աւագանիին, այս որոշումին, ճիշդ 24 ապրիլ 2015-ին աշխարհի մեծամեծերը հրաւիրելու Կալիփոլի` տօնելու համար վերը նկարագրուած յաղթանակի 100-ամեակը, ուր դժբախտաբար զոհուեցան աւելի քան 40,000 հայ զինուորներ, ինչպէս նաեւ` այլ ազգերու պատկանող զինուորներ:

Հայաստանի նախագահը հանգամանօրէն անդրադարձաւ ու պատասխանեց թրքական հրաւէրին: Հայ քաղաքական դէմքեր, լրատուական միջոցներ նոյնպէս անդրադարձան այդ հրաւէրին, վերլուծեցին եւ պատասխանեցին, նոյնպէս, հայ ժողովուրդին եւ անոր անլոյծ դատին կարգ մը բարեկամ ու պաշտպան գրիչներ, նոյն ընթացքին մէջ էին, սակայն վերի տողերուն մէջ մեր համադրած Վեհիպ փաշային պատմածները, ցոյց կու տան, թէ որքան ծիծաղելի է այդ «յաղթանակ» կոչուածը, որուն 100-ամեակը պիտի տօնուի եւ որուն ներկայ պիտի գտնուին զանազան պետութիւններու աւագ կամ կրտսեր ներկայացուցիչներ, նոյնիսկ` Անգլիոյ զառամեալ թագուհին:

Եթէ այդ պետութիւններու աւագանիները գիտեն իսկութիւնը այդ յաղթանակին, այդ մէկը պատուհաս է որպէս երեւոյթ, իսկ եթէ չեն գիտեր, մանաւանդ Ա. Աշխարհամարտի դաշնակից պետութիւններու ղեկավարները, ապա պատուհասը կրկնակի է:

Սակայն մեկնած Սուրիոյ մէջ մեր ապրած քառամեայ տագնապէն` հակուած կ՛ըլլանք մտածելու այլ բաներ:

Թրքական պետութիւնը, գլխաւորութեամբ Կիւլ-Էրտողան եւ Տաւութօղլու եռապետութեան, որպէս «դրացի բարեկամ» պետութիւն, իր մեղրալուսինը Սուրիոյ հետ հասցուցած էր գագաթնակէտին տագնապէն հազիւ մէկ տարի առաջ` 2010-ին: Այդ բարեկամութիւնը, որ կը միտէր զերօ խնդիր ունենալ դրացի պետութեանց հետ, մեր` սուրիահայութեան, յատկապէս` Հալէպ եւ Քեսապ բնակող հայերուս համար հարցումներ կը ստեղծէր մեր միտքերուն մէջ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է, արհեստականօրէն, շինծու այս բարեկամութեան հաւատալ եւ ի՞նչ անդրադարձ պիտի թողուր սուրիահայութեան կեանքին վրայ, երբ զգուշաւորութեան թելադրանքներ, կարգ մը սեղմումներ կը նկատուէին թուրք «եղբայրը» չվշտացնելու համար: Ականատես կ՛ըլլային «հայ-թուրք» հասկացողութեամբ փրոթոգոլներու ստորագրութեան եւ Սիմոն Վրացեանի «Վէմ» ամսագիրի էջերուն մէջ հարցադրումը կը վերյիշէինք, թէ` «Թուրք քաղաքական բեմին վրայ հայութեան հետ երկխօսութեան լուրջ խօսակից կա՞յ»: Կը մտաբերէինք թրքական առածը` «Հին թշնամին բարեկամ չի կրնար ըլլալ» (Էսկի տուշման տոսթ օլմազ) եւ անոր արաբական սուրիական տարբերակը` «Մեծ հօրդ թշնամին քեզի չի համակրիր» եւ մեր սրտերը, Քեսապի սահմանամերձ գօտիին վրայ նստած, կը թպրտային, որքան որ մեր նախագահ Պաշշար Ասատի հայոց Ս. Ծնունդի շնորհաւորութեան (Անգարայէն) ականջալուր կ՛ըլլային: Որովհետեւ Քեսապ քանիցս համտեսած էր թուրքերուն «բարի դրացիութեան» պտուղները, եւ քեսապցին կը հաւատար, որ` «Օսմանցին նապաստակը կառքով կ՛որսայ» (Օսմանլը արապայընտա տաշվան թութար), եւ օրերը շուտով կը սահէին: Սուրիոյ տագնապը սկսած րոպէին ականատես կ՛ըլլայինք «եղբայր-բարեկամ-դրացի» Թուրքիոյ, իմա Էրտողանի եւ Տաւութօղլուի ոչ միայն Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալուն, այլեւ անոնց ուղղակի դերակատարութեան մենք առաջին օրէն վկաներն էինք, թէ այդ զինեալներն ու զէնքերը ինչպէս կը հոսէին Թուրքիայէն Սուրիա:

Բռնատիրական, Նորսելճուքեան, Նորօսմանական համաթրքական եւ համաիսլամական Թուրքիան, մեզի` դէպի Սուրիա կ՛ուղարկէ սպառազինուած «ժողովրդավարութեան մարտիկները», որոնք քար ու քանդ դարձուցին եւ կը դարձնեն Սուրիոյ հիւսիսակողմի բնակավայրերը:

Եւ այդ ժողովրդավարութեան կիրարկումը կը նմանէր համիտեան մայիսեան բարեփոխումներու ծրագրին` 1985-1986 թուականներուն եւ կամ` Հոֆ-Վեսթենենկեան թրքահայաստանի բարենորոգման ծրագիրներուն, որուն զոհ գացին Համիտի, Ատանայի եւ Մեծ եղեռնի (ապա եւ` Քեմալ Աթաթուրքի) կոտորածներուն աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայեր. նոյն բարենորոգչական «թելադրանքները» ուղղեցին հրոսակախումբեր` չէչէն, աֆղան ազերի եւ ի՛նչ գիտնամ ինչ մարդակեր ընկերութիւններէն զինեալներ` թալանելու, ջարդելու Հալէպը, Քեսապը, Ռաքքան, Տէր Զօրը… եւ այլն:

Նոյն ջարդարար ոճն է, որ կիրարկուեցաւ մէկ դար առաջ, Հայոց ցեղասպանութեան, որ այժմ կը կիրարկուի Սուրիոյ քաղաքներուն եւ ժողովուրդին դէմ, մէկ տարբերութեամբ, որ 1923-էն ետք թրքական «բարենորոգչական» քայլերուն զոհ գացած քիւրտ ժողովուրդը, զգաստացած, այս անգամ մասնակից չէ այս «բարենորոգումներուն», իմա` ալան-թալանին եւ ջարդին:

Մենք մեզի հարց կու տանք նաեւ եւրոպական պետութիւններու եւ Ամերիկայի «ասպետական» ընթացքներուն մասին: Բացէ ի բաց իրենց քաջալերանքով, օժանդակութեամբ եւ նոյնիսկ զինումով այդ հրոսակները Սուրիա կը շարունակեն գալ` այս անգամ ոչ թէ որպէս սուրիացիները «գլխատող» կամ «այրող» զինեալ ընդդիմադիրներ, այլ զինեալ, բայց «գաղջ ընդդիմադիրներ», որոնք գաղջ եւ մեղմ ձեւերով պիտի բնաջնջեն սուրիացիները:

Եւ այսօր մենք կանգնած ենք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի շեմին, հանդիսատես ենք, թրքական եւ Դաշնակիցներու «Կելիփոլեան» թատրերգութեան, երգիծանքին: Իսկ մեզի համար ի՞նչ «երգիծանք» պահած են անոնք:

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

aztagdaily.com

Տպել Տպել