
Թուրքիոյ նախագահը միայն օրեր առաջ բացատրելով «Ձիթենիի ճիւղ» զինուորական ներխուժման նպատակը` կը յայտարարէր. «Մընպեժը պիտի ձերբազատենք ահաբեկիչներէն… որովհետեւ անոնք անոր իսկական տէրերը չեն, այլ անոր իսկական տէրերը մեր արաբ եղբայրներն են: Մեր գործողութիւնները պիտի շարունակենք հասնելով մինչեւ իրաքեան սահման` վնասազերծելու համար բոլոր ահաբեկիչները»: Միայն օրեր ետք` երէկ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը հաղորդէր, որ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը…















