«Ազդակ»ի Խմբագրական. Յոյները, Ասորիները Եւ Այժմ` Եզիտիները. Ազգային Ժողովի Հետեւողականութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի յայտարարութիւնը` եզիտի ժողովուրդին դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը դատապարտող, բարոյական անհրաժեշտ դիրքորոշումի առընթեր յստակօրէն ունի քաղաքական այժմէական նշանակութիւն:

Բարոյականը այն մղումն է այս պարագային, որ նոյնինքն ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգի պետութիւնն է, որ պարտք կը զգայ իր հետապնդած ճանաչումներու արշաւին նման ճանչնալ այլ ցեղասպանեալ ժողովուրդի մը իրողութիւնը եւ անկէ մեկնած դատապարտել եղածը:

Այստեղ կայ կարեւոր այլ հանգամանք եւս. եզիտի ժողովուրդը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ունի իրաւական կարգավիճակ` իբրեւ ազգային փոքրամասնութիւն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ քաղաքացիութեամբ հայաստանցի եւ ազգութեամբ եզիտի բնակչութիւնը մաս կը կազմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդին: Պատմական օրինակները պահ մը մէկ կողմ ձգելով յիշենք միայն վերջերս ազգութեամբ եզիտի զինուորին նահատակութիւնը ապրիլեան պատերազմին:

Հիմա կեդրոնանանք քաղաքական ուղերձներուն վրայ, որոնք տեղ գտած են Ազգային ժողովին քուէարկած յայտարարութեան մէջ: Այնտեղ կայ յղում Ցեղասպանութեան առնչութեամբ ՄԱԿ-ի համապատասխան յօդուածներուն, կանոնակարգային սահմանումներուն, ցեղասպանական յանցագործութիւնները կանխարգիլելու անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքները յարգելու միջազգային իրաւունքով ամրագրուած պետութիւններու պարտաւորութիւններուն: Ի դէպ, 2015-ին յոյներու եւ ասորիներու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման գծով Ազգային ժողովի քուէարկած բանաձեւը եւս այս մասով համահունչ էր եզիտիներու ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութեան: Այնտեղ կը բացակայէր աւելի վարը նշելի բաժինը:

Յայտարարութիւնը ապա կ՛անցնի ճանաչման եւ դատապարտման բաժիններուն, որոնք միեւնոյն տողերուն մէջ համատեղուած են: Այստեղ արդէն ուղղակի ակնարկ կ՛ըլլայ ցեղասպանութեան տարբեր բնոյթի յանցագործութիւններու իրականացման փաստերուն եւ ցեղասպանութեան իրականացման աշխարհագրական միջավայրին: Յայտարարութիւնը կը դատապարտէ ահաբեկչական դրսեւորումները, ծայրայեղական գաղափարախօսութիւնը եւ այդ բոլորի ներշնչանքներուն տակ կատարուած ցեղասպանական արարքները:

Այս բոլորէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը կոչ կ՛ուղղէ միջազգային հանրութեան` միջազգային կառուցակարգերու միջոցով հետաքննելու կատարուած յանցագործութիւնները, հետապնդելու եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու միջազգային յանցագործութիւններ կատարած անձերը, ձեռնարկելու միջոցներ եզիտի բնակչութեան անվտանգութիւնն ու պաշտպանութիւնը ապահովելու, անոնց մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար, ինչպէս նաեւ գործադրելու բոլոր հնարաւոր ջանքերը ապագային մարդու իրաւունքներուն ուղղութեամբ նման խախտումները կանխելու, բացառելու եւ վերացնելու համար:

Մշակուած բանաձեւ է նաեւ այս յայտարարութեան մէջ տեղ գտած այն հատուածը, որ Ազգային ժողովը այս առիթով իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ Իրաքի պետութեան եւ ժողովուրդին: Ներկայ ռազմաքաղաքական պայմաններուն մէջ միայն Իրաքի պետութեան կամ միայն Իրաքի ժողովուրդին համերաշխութիւն յայտնելը կրնար որոշ մեկնաբանութեան դուռ բանալ. յատկապէս եթէ նկատի ունենանք, որ քիւրտ ազգաբնակչութիւնը մաս կազմելով Իրաքի ժողովուրդին կարեւոր փուլերու տրամագծօրէն հակոտնեայ դիրքերու վրայ կը գտնուի Իրաքի պետութեան ճշդորոշած մօտեցումներուն նկատմամբ:

Եզիտիներու նկատմամբ կատարուած մարդկութեան դէմ ոճիրները, համաշխարհային լրատուամիջոցներու, հաղորդումներուն եւ քննարկումներուն մասնակցող հասարակական դէմքերու թէ վերլուծաբաններու կողմէ նկատուեցան իբրեւ ցեղային զտումներ կամ ցեղասպանական արարքներ: Տեղահանութիւններն ու սպանութիւնները կայացան տեղեկատուական բաց համակարգով եւ բազմաարբանեակային հեռարձակումներով յատկանշուած մթնոլորտի մէջ:

Մինչ այժմ սակայն, պաշտօնական Երեւանն է միայն, որ իր Ազգային ժողովով կը ճանչնայ, կը դատապարտէ եզիտիներուն դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը եւ միջազգային ընտանիքէն պատժելիութիւն կը պահանջէ յանցագործներուն նկատմամբ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել