
Այս տարի նախորդ տարիներէն քիչ մը աւելի, եւ ամէն տարի վստահաբար աւելի ու աւելի կը համոզուինք, որ մեր միջավայրը, բնութիւնը արագ կշռոյթով դէպի քայքայում ու կործանում կը սլանայ, իսկ այդ աղիտալի հեռանկարին պատասխանատուն մե՛նք ենք, բոլորս եւ իւրաքանչիւրս: Մե՛նք ենք, որովհետեւ տակաւին մեզմէ շատերս մեր անմիջական բակէն, ինչպէս կ՛ըսեն՝ մեր քիթէն անդին չենք ուզեր տեսնել,…













