Արցախի Ճանաչումը Միշիկընի Օրինակով՝ Նահանգ Առ Նահանգ

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Հետեւելով Միացեալ Նահանգներու Մեսեչուսեց, Ռոտ Այլընտ, Մէյն, Լուիզիանա, Քալիֆորնիա, Ճորճիա եւ Հաուայի նահանգներուն, Սեպտեմբեր 28ին Միշիկըն նահանգը իր կարգին ճանչցաւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը։

Այսպէս, Միշիկընի Ծերակոյտը քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ որդեգրեց թիւ 99 օրինագիծը՝ ի խնդիր Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման։ Օրինագիծը, որ կը վայելեր երկու կուսակցութիւններու միատեղ զօրակցութիւնը, կոչ կ՚ընէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրէսին՝ ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ անոր հետ հաստատել տնտեսական ու մշակութային կապեր։

Միշիկըն մէկ բաղկացուցիչ մասն է Միացեալ Նահանգներու։ Արդ, բնականաբար, նահանգային իր այս որոշումը ԱՄՆի կողմէ Արցախի դիւանագիտական ճանաչման ուժ չունի։ ԱՄՆի սահմանադրութեամբ եւ միջազգային օրէնքի կարգով այդ իրաւասութիւնը կը պատկանի դաշնակցային կառավարութեան՝ ԱՄՆի գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն։

Սակայն Արցախի ճանաչման գծով նահանգային որոշումները քաղաքական, օրինական եւ քարոզչական արժէքներ են, որոնք կը հաստատեն ԱՄՆի տարածքին Արցախի ու իր քաջարի բնակչութեան հանդէպ Ամերիկեան նահանգային ու ժողովրդային վստահութիւնն ու զօրակցութիւնը։ Այս նուաճումը ինքնին քաղաքական նկատառելի դրամագլուխ եւ արժէք կը ներկայացնէ Արցախի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի յաւելեալ ամրակայման համար։

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի օրակարգային եւ ռազմավարական հիմնական կէտերէն է Արցախի ի նպաստ քաղաքական, տնտեսական, մարդասիրական եւ պաշտպանական զօրակցութիւն ապահովելու աշխատանքը։ Այս օրակարգի առանցքին կը գտնուի Արցախի պաշտօնական ճանաչման հարցը։

Միամիտ պէտք չէ ըլլալ։ Քաղաքական այժմու պայմաններու տակ ԱՄՆի կողմէ նման ճանաչում գրեթէ անկարելիութիւն է։ Սակայն նահանգային ճանաչումներու ներկայ մարտավարութիւնը ի նպաստ Արցախի հանրային կարծիքի դրական մթնոլորտ կը զարգացնէ դաշնակցային իշխանութիւններուն մօտ, որպէսզի անոնք այլ մարզերու մէջ սատար հանդիսանան Արցախի ու անոր բնակչութեան կարիքներուն։

Պէտք է նկատի ունենանք նահանգային ճանաչումի տրամադրած ուժական տարողութիւնը։ Ներկայիս յիսուն նահանգներէն ութն ճանչցած են Արցախի հանրապետութիւնը։ Անոնք կը ներկայացնեն ԱՄՆի նահանգներու 16 տոկոսը։ Հաւաքաբար այս ութը նահանգներու բնակչութեան թիւը 65 միլիոն է։ Այսինքն՝ ԱՄՆի բնակչութեան 20 տոկոսը։ Այս թուային ու տոկոսային համեմատութիւնները նոր յաւելումներ պիտի կրեն նոր նահանգներու ճանաչման որոշումներով։

Այս տուեալներով պարզ պէտք է դառնայ Հայ Դատի նահանգ առ նահանգ ճանաչման մարտավարութեան արժէքի տարողութիւնը։

Առաջին, քաղաքական տարողութիւնը։ Նահանգները ԱՄՆի օրէնսդիր իշխանութեան ներկայացուցչական խարիսխներն են։ Անոնք ներկայ են իրենց քոնկրէսականներով եւ ծերակուտականներով դաշնակցային Ներկայացուցիչներու Տան եւ Ծերակոյտի մէջ։ Այս օրէնսդիր մարմիններն են որ, ի միջի այլոց, կը ճշդեն եւ կ՚որդեգրեն ԱՄՆի արտաքին քաղաքական, պաշտպանական թէ նիւթական ուղղութիւններու վերաբերող օրէնքները։

Բնականաբար, Արցախին զօրակցող նահանգներու ներկայացուցիչներուն համար աւելի հեշտ ու համոզիչ պիտի ըլլայ սատարել Արցախին նպաստող օրէնքներու որդեգրման՝ ԱՄՆի Քոնկրէսէն ներս։ Տակաւին չենք խօսիր այն այլազան նպաստաւոր քայլերու մասին, որոնք կ՚առնուին եւ պիտի առնուին ուղղակի տուեալ նահանգին կողմէ՝ միշտ ի նպաստ Արցախին։

Երկրորդ, քարոզչական տարողութիւնը։ Զուգահեռաբար տուեալ նահանգի մը տարածքին Արցախի նկատմամբ հանրային կարծիքի դրական զարգացումին, նահանգային ճանաչման որոշումը իր կարգին խափանող ազդակ կը հանդիսանայ ընդդէմ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հանրապետութիւններու հակահայ եւ հակա-Արցախ այլազան ոտնձգութիւններուն։

Բացայայտ իրականութիւն է, որ թէ՛ Թուրքիա եւ թէ Ատրպէյճան միլիոնաւոր տոլարներ կը յատկացնեն Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ապատեղեկատուութեան տարածման եւ ժխտական դիրքորոշումներու որդեգրման։ Այս քայլերը, ինչպէս անցեալի փորձը ցոյց կու տայ, կը զրկուին իրենց ուժգնութենէն հոն ուր նահանգային զօրակցութիւնը առկայ է Հայաստանի ու Արցախի համար։

Երրորդ, ազատ ինքնորոշման իրաւունքի տարողութիւնը։ Ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային օրէնքի հիմնական սկզբունք է։ ԱՄՆի պարագային այդ իրաւունքը ներառուած էր նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի ներկայացուցած «14 Կէտեր»ու ծրագրին մէջ։ ԱՄՆի Գերագոյն Դատարանի մեկնաբանութեամբ, այդ իրաւունքը նաեւ վերապահուած է նահանգներուն։ Այսուհանդերձ, ԱՄՆի պետական քարտուղարութիւնը քաղաքական սին հաշիւներէ մեկնելով երկերես մօտեցում ունի երբ հարցը կը վերաբերի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի միաչափ եւ արդար կիրարկման։

Այս ուղղութեամբ ԱՄՆի սկզբունքային դիրքորոշումը վերահաստատող եւ ամրակայող արժէք կը հանդիսանան Արցախի ճանաչման նահանգային որոշումները։ Անոնք կրկին անգամ կը վաւերացնեն ազգային ինքնորոշման իրաւունքի Ամերիկեան դիրքորոշումը եւ այդ իրաւունքին արդար գործադրումը Արցախի նկատմամբ։ Ինչպէս Միշիկընի ծերակուտական Տէյվիտ Քնեզէք թիւ 99 օրինագծի որդեգրման առիթով կը յայտարարէր, «Արցախի պատմութիւնը իսկակա՛ն Ամերիկեան պատմութիւն է։ Պատմութիւն մը՝ ազատութեան, ինքնորոշման, ժողովրդավարութեան եւ խաղաղութեան ձգտումի»։

Միշիկընի օրինակով, նահանգ առ նահանգ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման մարտավարութիւնը էապէս գործնական է եւ ըստ էութեան կիրառելի։ Այդ ուղղութիւնը կը հարթէ այն ճանապարհը, որ քաղաքական արժէք ու որակ կը տրամադրէ Արցախին, քարոզչական նպաստաւոր միջավայր կը զարգացնէ, եւ նոր լիցք ու վաւերականութիւն կը հայթաթէ Արցախի ազատ ինքնորոշման իրաւունքին։

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Լոս Անճելըս,
Սեպտեմբեր 29, 2017

Տպել Տպել