
Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւնը հիւսիսային Կիպրոսն ու Արցախը չհամեմատելու դիտարժան բաժին ունի բազմակողմանիօրէն: Նախ անշուշտ կը վերաբերի կիպրական կողմին: Երբ Պաքուն եւ Անգարան տարբեր առիթներու այս համեմատութիւնը կը կատարեն, քանի մը թիրախ բնականաբար ներառած կ՛ըլլան իրենց մարտավարական մօտեցումներուն մէջ: Թէեւ այստեղ երկու պետութիւններուն շարժառիթները տարբեր կրնան ըլլալ: Մէջբերենք Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Եոաննիս…















