«Ազդակ» ի Խմբագրական. Ազգի Շարունակականութեան Ապահովումը

Տարի մը մեզ կը բաժնէ մայիսեան յաղթանակներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 100-ամեակէն:

Երեւանի մէջ յառաջացած է պետական յանձնաժողով` մայիսեան յաղթանակներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգելու համար: Վստահաբար բարձրագոյն մակարդակով, որակեալ եւ համահայաստանեան տարողութեամբ կը մշակուին, կը նախապատրաստուին եւ կ՛իրականանան այն բոլոր ծրագիրները, որոնք կը նախագծուին արժանաւորապէս նշելու մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն անկիւնադարձային եւ ամէնէն ճակատագրորոշ շրջափուլը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծրագրաւորման եւ նշումին համար յառաջացած պետական յանձնաժողովը, տարածաշրջանային ու տեղական յանձնախումբերը եւ համակարգուած աշխատանքը փաստեցին, որ մենք ազգովին ամէնէն համահայկական նիւթին շուրջ կրնանք համախմբուիլ, հռչակագիր խմբագրել, հրատարակել եւ համայն աշխարհին մէջ աննախընթաց համախմբուածութեամբ ներկայանալ մեր աշխատանքներով, մեր պահանջներով եւ մեր հեռանկարային մօտեցումներով:

Պատճառ չկար, որ նոյնքան կարեւոր իրադարձութեան նշումը նահանջ արձանագրէր այդ բարձրակէտէն: Աշխատանքներուն տրուէր նոյն տարողութիւնը, նոյն հարթութիւնը, համախմբուելու նոյն ճիգը եւ մանաւանդ նախապատրաստուելու նոյն ժամանակը: Հայաստանեանէն տեղափոխուէր համահայկական հարթութիւն:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ մայիսեան յաղթանակներու 100-ամեակի նշումը համարժէք հնչեղութիւն պիտի ունենայ ամբողջ հայկական աշխարհին մէջ: Չըլլար 1918-ը` չէր ըլլար հանրապետութիւնը, չէինք ըլլար մենք` իբրեւ կազմակերպ սփիւռք եւ հայկական աշխարհ ընդհանրապէս: Մեր լինելութեան, հայ ազգի շարունակականութեան ապահովումն էր մայիս 28-ը, որուն համապատասխան հնչեղութիւն տալու նախապատրաստութեան եւ նշման յետհաշուարկը սկսած է արդէն:

Այժմէականացման փորձերու ընթացքին նկատելի զուգահեռները մէկէ աւելին են այս պարագային: Չըլլար Սարդարապատն ու մայիսեան միւս ճակատներու յաղթանակները` չէր ըլլար հանրապետութիւնը: Չըլլային Շուշին եւ արցախեան միւս ճակատներու յաղթանակները` չէր կայանար մեր հանրապետութիւնը: Պիտի չկայանային մեր զոյգ հանրապետութիւնները:

100-ամեակի նշումը արտաքին քաղաքական իմաստով նաեւ կրնայ կարեւոր մարտահրաւէր դիմագրաւել: Ազրպէյճանը, իր հերթին, կը նախապատրաստուի նշելու իր անկախութեան 100-ամեակը: Այստեղ ահա հայկական կողմը անպայման պիտի նկատէ օրին անկախացած Ազրպէյճանի պետական սահմանները: Արցախը, իր Ազգային խորհուրդով, ըստ էութեան շարունակեց ղեկավարուիլ անկախօրէն մինչեւ ստալինեան բռնակցումը: Պատմական այս իրողութիւնը կարեւոր է Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի նաեւ պատմական հիմունքները լոյսին բերելու եւ համարժէք իրաւական եզրակացութիւններու յանգելու ուղղութեամբ:

1918-ին եւս արցախահայութիւնը իրողապէս ինքնորոշուած էր եւ ըստ էութեան իր Ազգային խորհուրդով անկախ էր: Պատմական եւ ժամանակակից զուգահեռները այս պարագային եւս ունին շատ կարեւոր հանգամանք այս առիթով թէ՛ պատմագիտական, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ իրաւական արծարծումներու համար:

Վերադառնանք ներազգային մարտահրաւէրներուն: Հրամայական էր հանրապետութեան նախագահին կողմէ նորընտիր խորհրդարանին փոխանցած ուղերձին ներքին թշնամիի բանաձեւումի բաժինը` ուղղակի ակնարկելով անարդարութեան վերացման անհրաժեշտութեան:

Սարդարապատեան համախմբուածութիւն մը անհրաժեշտ է ուրեմն ներքին թշնամիի չէզոքացման համար, որուն առթած հետեւանքներէն են թէ՛ մենաշնորհը, թէ՛ ստուերը, թէ՛ ընտրակաշառքը, թէ՛ արտագաղթը:

Կառավարման համակարգի փոփոխութիւնը կը յուշէ, որ քաղաքացիին համար օրէ օր զգալի դառնան դրական միտումները, վերը նշուած արատաւոր երեւոյթներու վերացման, չէզոքացման եւ զարգացման համար նոր ուղիներու հարթման ճիգերը:

Անվտանգութեան գերադասումով անցնցում փոփոխութիւնները անյետաձգելի հրամայական են: 1918-ի համահայկական միասնականութիւնը անհրաժեշտ է մեր երկիրն ու պետականութիւնը հարուածող արատաւոր երեւոյթները սրբագրելու եւ զարգացման նոր սկիզբ ապահովելու համար:

Ներքին թշնամիի յաղթահարումը նոյնքան անհրաժեշտ է մեր ազգի շարունակականութեան ապահովման տեսանկիւնէն:

aztagdaily.com

Տպել Տպել