
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Մուտքը եւ ելքը Ինչո՞ւ անդամագրուիս կուսակցութեան մը։ Եւ, ընդհակառակն, ինչո՞ւ հրաժարիս, հեռանա՛ս անկէ։ Հարցումները կը դնեմ իրենց ընդհանրական բնոյթով՝ առանց անպայման առնչելու մեզի ծանօթ կուսակցութիւններուն՝ հայութեան ծիրին մէջ գործող կուսակցութիւններուն։ Այդ հարցումները կրնան տրուիլ ժողովրդավարական երկիրներու պարագային՝ բազմակուսակցական իրենց դրութեամբ, այլեւ բռնապետութիւններու պարագային, ուր միակուսակցական դրութիւնը կը տիրապետէ, ուստի եւ կուսակցութիւն բառը ինքնին անիմաստ…















