
Սպիտակ-Գիւմրի երկրաշարժի քաղաքական հետեւանքները տակաւին վերլուծման առարկայ պիտի շարունակեն ըլլալ: Մեր երկրի կարեւոր մէկ հատուածը աւերած երկրաշարժին գրաւած համաշխարհային ուշադրութիւնը արտակարգ է իր տարողութեամբ: Չմոռնանք, որ երկրաշարժը կը պատահէր այնպիսի ժամանակահատուածի մը, երբ տակաւին Երկաթէ վարագոյրը չէր վերցուած Խորհրդային Միութենէն եւ, ըստ էութեան, աշխարհի տարբեր երկիրներու այս տարողութեամբ եւ այս արագութեամբ առաջին թափանցումն էր ուղղակի…















