
Ռուսիոյ նախագահին որոշումը` օդուժը աստիճանաբար հեռացնելու Սուրիայէն, տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու դուռ բացած է. բնականաբար միանշանակ չեն վերլուծումները. իրենց ձեւին մէջ իսկ հակոտնեայ ընկալումներ կան որոշումին նկատմամբ. որոշ կողմերու համար յանկարծակի, ուրիշներու համար` ակնկալելի: Պէտք է մտաբերել այն, որ պաշտօնական Մոսկուան ժամկէտային սահմանափակուածութեամբ բացատրած էր իր օդուժի ներգրաւման քայլը: Թէեւ յստակ ժամկէտներ չկային ռուսական օդուժի դուրս բերման…














