
Այն պահուն, երբ միջազգային ընտանիքը սկսած էր թուականով խօսիլ Սուրիոյ մէջ զինադուլ հաստատելու մասին, Թուրքիոյ կողմէ սուրիական տարածքներու վրայ քրտական կեդրոններու դէմ իրականացուած յարձակումները մագլցողականութեան նոր աստիճանաչափ արձանագրեցին: Պարզ դարձած էր արդէն, որ ժընեւեան բանակցութիւնները խափանողը` նախապայմանային մօտեցումներով Անգարան էր, որ անընդհատ կը փորձէր խոչընդոտել քրտական մասնակցութիւնը: Արեւմուտքի պահուածքը այստեղ տարանջատում բերող էր` Թուրքիոյ քիւրտերը…















