Բուն Խզումը՝ Ինք (Իր Չունեցած Շարքերէն)

FotorCreatedՄօտաւորապէս շաբաթ մը առաջ, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ կայացած հանրահաւաքի մը ընթացքին, 1in.am կայքի թղթակիցը հարցուց «Ժառանգութիւն» խմբաւորումի (չեմ համարձակիր կուսակցութիւն կոչելու) ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննիսեանին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատէ ՀՅԴ-իշխանութիւն համախոհական կառավարութիւն (կոալիցիա) կազմելու մասին խօսակցութիւնները:

«Ժառանգութեան» ղեկավարը բառացիօրէն պատասխանեց (կ՛արտագրենք նոյն կայքի տեսաերիզէն). «… Դաշնակցութիւնը ինքը եւ յատկապէս դաշնակցական շարքայինները իրե՛նք պիտի գնահատեն իրենց ներկայացուցիչի խօսքը, եթէ իսկապէս այդ խօսքը ներկայացնում է Դաշնակցութեան ամբողջական, համապարփակ եւ պաշտօնական տեսակէտը: Իսկ եթէ այո, ուրեմն ես համարում եմ, որ մեծ խզում կայ Դաշնակցութեան արժէքների, Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան եւ այդ ղեկավարութեան ներկայացուցած մօտեցումների միջեւ: Եւ այդ խզումը եւ այդ խզման հետեւանքները պէտք է գնահատի ոչ միայն հայ ժողովուրդը, այլ յատկապէս շարքային դաշնակցականները: Դաշնակցութիւնը, որին անդամ են (եղել) իմ պապերս, որին ծառայել են իմ պապերս, այդ գաղափարը՝ ազատութեան, անկախութեան, անկաշառութեան, ժողովրդավարական արժէքները, եւ այն, ինչ որ մենք այսօր տեսնում ենք, թէ՛ բանակցութիւններ յանցագործ ռեժիմին հետ, թէ՛ ակնյայտօրէն կեղծուած հանրաքուէի արդարացում, եւայլն, եւայլն, պարզապէս խօսում է մի այլ իրականութեան մասին: Ես դա գնահատել եմ: Ես մեծ ցաւով եմ մօտենում, որովհետեւ ես մեծ արժէք եմ տեսնում Դաշնակցութեան ընդհանուր գաղափարին մէջ: Բայց ցաւօք սրտի, այդ յստակ խզումը, որ հիմա կայ ղեկավար խմբակի եւ ժողովրդի, այդ ղեկավար խմբակի եւ շարքային դաշնակցականի միջեւ, այնքան ակնյայտ է եւ աշխարհագրականօրէն այնպէս տարածուած, որը անիմաստ է դարձնում արդէն իմ պատասխանը»:

Այս բաժինը արտագրեցինք լրիւ, որպէսզի ընթերցողին համար յստակ ըլլայ ըսուած խօսքին հարազատ պարունակը:

Մեր նախորդ շաբթուան յօդուածին իբրեւ խորագիր ընտրած էինք՝ «Գէշ Բան Չէ Գրելէ Կամ Խօսելէ Առաջ Կարդալը»: Հիմա, մեր խօսքը ուղղելով Րաֆֆի Յովհաննիսեանին՝ կրնանք ըսել. «Գէշ բան չէ խօսելէ առաջ… մտածելը»: Իսկ չմտածուած խօսքը, մանաւանդ քաղաքական բնագաւառէն ներս, երբեք չէ փաստած իր օգտակարութիւնը:

«Ժառանգութեան» ղեկավարին խօսքը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ գրգռիչ ցեխարձակում ու անարգանք ՀՅ Դաշնակցութեան հասցէին: Նախ, որովհետեւ ՀՅԴն չունի «ղեկավար խմբակ», այլ՝ ունի Բիւրօ, ունի Գերագոյն մարմին, ունի Կեդրոնական կոմիտէներ եւ կոմիտէներ: Եւ Ր. Յովհաննիսեան լաւ գիտէ ՀՅԴի կառոյցը: Սակայն միտումնաւոր կերպով կը գործածէ «ղեկավար խմբակ» անարգական արտայայտութիւնը: Իրեն յիշեցնենք, որ քաղաքական դաշտին մէջ ի վերջոյ կայ… քաղաքավարութիւն ըսուած բանը: Ինք ունի իրաւունքը իր ուզած վարքագիծը ճշդելու Հայաստանի իշխանութիւններուն նկատմամբ. ազատ է մերժելու որեւէ խօսակցութիւն, բանակցութիւն, կամ գործակցութիւն: Իւրաքանչիւր կողմ, հոսանք, կազմակերպութիւն թէ անհատ, ունի՛ իրաւունքը համահայկական խնդիրներու նկատմամբ իր վերաբերումը ճշդելու: Բայց անթոյլատրելի է, երբ նոյն այդ վերաբերումէն մեկնելով կ՛անարգէ այլոց կեցուածքը կամ իրաւունքը: Րաֆֆի Յովհաննիսեան կրնայ տարակարծիք ըլլալ ՀՅԴի այս կամ այն քայլին ու կեցուածքին նկատմամբ: Սակայն իր տարակարծիք ըլլալը իրեն իրաւունք չի տար անարգելու ՀՅ Դաշնակցութիւնը ու նման անքաղաքավար բառապաշար գործածելու անոր նկատմամբ:

Րաֆֆի Յովհաննիսեան, ակնարկելով ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի անցնող շաբթուան ընթացքին կատարած յայտարարութեան, կասկածի տակ կ՛առնէ ատոր կազմակերպական օրինականութիւնը, երբ կ՛ըսէ. «… եթէ իսկապէս այդ խօսքը ներկայացնում է Դաշնակցութեան ամբողջական, համապարփակ եւ պաշտօնական տեսակէտը»: Ր. Յովհաննիսեանին ուղղելով մեր խօսքը, յստակօրէն կ՛ըսենք. Բիւրօն իբրեւ ՀՅԴի վերին գործադիր մարմին, կը գործէ Ընդհանուր ժողովներու ճշդած ռազմավարութեան ու որոշումներուն համաձայն եւ հաշուետու է ոչ թէ… «Ժառանգութեան» առաջնորդին, այլ՝ օրինական կարգով, նոյն այդ ժողովներուն ու բարոյապէս՝ հայ ժողովուրդին: Վերջ:

ՀՅԴի վարկի պահպանումի հրայրքով քունը փախցուցած Ր. Յովհաննիսեան նաեւ «մեծ խզում» կը տեսնէ ՀՅԴի դաւանած արժէքներուն, գաղափարաբանութեան եւ «ղեկավարութեան դրսեւորած կեցուածքներուն» միջեւ: Իր յիշողութիւնը թարմացնելու կարգով ըսենք, որ երեւի այս «մեծ խզում»ի արտայայտութիւններն էին ՀՅԴ 125ամեակին առթիւ ժողովրդային այն ընդունելութիւնը եւ խանդավառութիւնը՝ մեր բոլո՛ր ձեռնարկներուն ընթացքին, Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի: Վերջինը՝ Փասատինայի մէջ, 17 Յունուարին, եւ որուն ներկայ ու ականատես վկան էր նոյնինքն «Ժառանգութեան» առաջնորդը, իբրեւ հրաւիրեալ:

Իսկ ի՞նչ կ՛ըսեն ի՛ր, Ր. Յովհաննիսեանի՛ն ղեկավարած կազմակերպութեան շարքերը, իրենց առաջնորդին յայտարարութիւններուն կամ կեցուածքներուն նկատմամբ: Կա՞յ արդեօք նման բան: Մեր կարծիքով, այդ բնագաւառէն ներս քար լռութիւն կը տիրէ, որովհետեւ… չկան շարքեր: Իսկ առանց շարքերու՝ ի՞նչ «առաջնորդ»: Րաֆֆի Յովհաննիսեան պէտք է անդրադառնայ, որ ճիշդ է, կա՛յ ի վերջոյ խզում մը ու այդ խզումը ի՛նքն իսկ է … իրականութենէն:

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
[email protected]

asbarez.com
January 29, 2016

Տպել Տպել