
Երկուշաբթի, 12 օգոստոս 2013-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին, «Վանայ ձայն»-ի «Առաւօտեան յայտագիր»-ին ընդմէջէն հեռաձայնային հարցազրոյց մը տեղի ունեցաւ Արցախի Քաշաթաղ շրջանին մէջ գտնուող ԶՈՄ-ականներուն հետ: Նախ եւ առաջ Քաշաթաղի Մոշաթաղ շրջանին մէջ գտնուող գործուղուած ԶՈՄ-ական ընկերներուն անունով խօսեցաւ Խաչիկ Տեմիրճեան: Հակիրճ կերպով ներկայացուեցաւ Մոշաթաղի ընդհանուր կացութիւնն ու իրավիճակը, ապա ԶՈՄ-ի ընկերներուն կողմէ պատրաստուած դաստիարակչական ծրագիրը,…












