
98 տարի առաջ, Յունուար 10-11ի այս օրերուն, Կիլիկիոյ հայաշատ կեդրոններէն Մարաշի մէջ, 1915ի տարագրութենէն եւ Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ փրկուած, այնուհետեւ 1918ի Դաշնակիցներու յաղթանակէն ետք հայրենի տուն վերադարձած հայութիւնը ստիպուեցաւ զէնք բարձրացնելու եւ հերոսաբար դիմադրելու քեմալական զօրքի խուժումին՝ թրքական պետութեան ձեռնարկած, բայց անաւարտ մնացած հայոց ցեղասպանութիւնը ամբողջացնելու նպատակով։ Մարաշ գաւառի աւելի քան 64 հազար հայերէն միայն…














