
10 Յունիսին կը յիշենք օրհնաբեր ծնունդը Պոլսոյ «Ազատամարտ» օրաթերթին։ 108 տարի առաջ, 1909ի Յունիս 10ի օրը, Պոլսոյ մէջ իր հրատարակութիւնը սկսաւ նոր թերթ մը, որուն անունը «Ազատամարտ» էր։ Տարբեր անուն չէր կրնար ունենալ հայ ազգային-ազատագրական պայքարին յաղթարշաւը իմացականօրէն ամրագրելու կոչուած հայ թերթը։ Իր առաջին թիւերէն իսկ, «Ազատամարտ» յորդեցաւ ու գլեց-անցաւ սոսկական լրագիրի մը սահմանները։ Աւելի…















