
Սեպտեմբեր 21ին, ամէն տարի, Հայաստանի անկախութեան վերականգնման իրողութիւնն ու դարակազմիկ այդ քայլին գաղափարական խորհուրդը, աշխարհի ողջ տարածքին, ազգային հպարտութեան անխառն ապրումներով կը համակեն հայ մարդոց միտքն ու հոգին։ Քաղաքամայր Երեւանէն ու հայրենի ոստաններէն մինչեւ սփիւռքի մերձաւոր թէ հեռաւոր հայօճախները, հայ մարդը այս օրերուն կը տօնէ ու կը վերյիշէ 1991 թուի Սեպտեմբեր 21ի հանրաքուէն։ Այդ ատեն…














