Բենօ Թոնդեան (1945-2014) Մտաւորականն ու կազմակերպչական արժանիքներուն տէրը

FotorCreatedՀանգուցեալ` Բենօ Թոնդեանի կենսագրական հակիրճ գիծեր.

– Ծնեալ` Պէյրութ, 7 Դեկտեմբեր 1945-ին: Զաւակը` Տէր Վրթանէս Աւագ Քահանայ եւ Երիցուհի Երանուհի Թոնդեաններու:

* Ուսման տուեալներ.

– Նախնական ուսումը` ի Հալէպ եւ ի Քեսապ.
– 2 տարի` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Զարեհեան Դպրեվանքի Սան.
– Երկրորդական ուսումը` ի «Համազգային»-ի Նշան Փալանճեան Ճեմարան (վկայեալ` 1964-ին).
– Ֆրանսական Պաքալօրէա` ի Պէյրութի Ֆրանսական «Լիսէ» (1965).
– Պսակաւոր Գիտութեանց` Ելեկտրական Ճարտարագիտութեան մասնագիտութեամբ (AUB-էն` 1969-ին):

* Ուսուցչական քանի մը տարուան պաշտօնավարութիւն` ի Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան Քոլէճ եւ ի Պաղիստինեան Արհեստից Քոլէճ:

* Քանի մը տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին` պաշտօնավարութիւն ճարտարագիտական գրասենեակներէ եւ ընկերութիւններէ ներս:

* Միութենական պաշտօնավարութիւններ.

– Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Գործավար.
– «Ազդակ»-ի Տնօրէն.
-«Համազգային»-ի Կեդրոնական Վարչութեան Գործավար.
– Ծաղկաձորի «Համազգային»-ի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի համալիրի կառուցման վերահսկողութեան պատասխանատու.
– «Համազգային»-ի շինարարական գրասենեակի Վարիչ Գործավար. միաժամանակ` իբրեւ պարտականութիւն ունենալով` Կ.Կ.-ի գործավարական աշխատանքներու վերահսկումը.
– «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն:

* Միութենական գործունէութիւններ եւ պաշտօններ.

– Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան վարչական.
– Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութեան վարչական.
– Հ.Յ.Դ. Լ.Ե.Մ.-ի «ստեղծիչ սերունդ»-ի անդամ.
– Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Քաղաքի Մասնաճիւղի վարչական.
– Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան Քոլէճի Խնամակալութեան անդամ.
– Քանիցս` Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ եւ Ներկայացուցիչ.
– 1992-էն մինչեւ 1995` Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ.
– 1995-էն մինչեւ 2000` Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Ներկայացուցիչ:

* Գաղափարապաշտութեան, կարգապահութեան, գաղտնապահութեան, խոնարհութեան, համեստութեան, հանդարտաբարոյութեան, բծախնդրութեան, պարկեշտութեան, անշահախնդրութեան եւ անձնուրացութեան գլխագիր առաքինութիւններով յատկանշուող նկարագրի տէր:

* Պսակուած` 1972-ին եւ Հայր` 2 զաւակներու:
(Ս.Թ.)

Հոգեհանգիստ Եւ Յիշատակի Ձեռնարկ` ՀՅԴ Բիւրոյի Նախկին Ներկայացուցիչ Բենօ Թոնդեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

BenoՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ եւ ազգային- հասարակական գործիչ Բենօ Թոնդեանի մահուան քառասունքին առիթով կիրակի, 1 փետրուար 2015-ին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ յաւարտ սուրբ պատարագի` Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ:

Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:

Ձեռնարկը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու համար Բենօ Թոնդեանի յիշատակը:

Ապա ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով խօսք առաւ Յակոբ Հաւաթեան: Ան ըսաւ, թէ դժուար, բայց պարտաւորեցնող է խօսիլ մարդու մը մասին, դաշնակցական հասարակական գործիչի մը մասին, որ քիչ խօսեցաւ, գործեց լուռ, ղեկավարեց քաջութեամբ ու համբերութեամբ, որ իր սակաւախօսութեամբ, համբերատարութեամբ ու մանաւանդ արթնամտութեամբ յաջողեցաւ դիմագրաւել մարտահրաւէրները ճգնաժամային օրերուն` սեփական ուղիով, գաղափարաբանութեամբ եւ կազմակերպութեան տեսլականով: Ընկեր Բենօ մինչեւ վերջ մնաց անկեղծ` իր գործով ու կեցուածքով: Եղած է խիստ, երբեմն անխնայ, վիրաւորական, բայց միշտ դաշնակցական խոր հաւատքով լեցուն: Ան Դաշնակցութեան պրիսմակէն դիտելով երեւոյթները` մնացած է հաւատարիմ իր դաշնակցականի յախուռն կեցուածքին:

Հաւաթեան իր խօսքին մէջ նաեւ անդրադարձաւ դաշնակցական ըլլալու յանձնառութեան, որ կ՛ենթադրէ զոհողութիւն եւ պարտաւորութիւն, ներազգային ու ներկուսակցական գործունէութեան մէջ գաղափարական եւ ֆիզիքական աներեւակայելի ու հսկայածաւալ աշխատանք: Ապա Հաւաթեան աւելցուց, որ Դաշնակցութեան ծառայել իբրեւ ղեկավար ու մնալ անոր մեծագոյն ծառան մաշեցնող է, բայց կանգուն ու ամուր մնալու ուրիշ ելք չկայ, որովհետեւ հայութեան յոյսն ու ապաւէնն է ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Իսկ դաշնակցական ղեկավարը կ՛ենթադրուի ըլլալ գերբնական ուժի տէր, որպէսզի բոլորին կարիքները, երբեմն ալ առաջադրանքները յաջողի իրականացնել: Հաւաթեան յայտնեց, որ գերբնական ուժ կ՛ենթադրէր այն ժամանակահատուածը, որուն ընթացքին ընկեր Բենօ ստանձնած է իր ղեկավարի պարտականութիւնը: Ան յանդգնութեամբ ու հանդարտութեամբ ղեկավարեց ճակատագրական շրջանի մը մէջ, ուր հայրենիքի մէջ սպառնալիքներն ու բանտային կալանքները կը սպառնային դաշնակցական ղեկավարներուն: Ցնցումներէն չընկրկեցաւ եւ ժպիտը անպակաս մնաց դէմքին վրայ:

Հաւաթեան հաստատեց, որ Բենօ Թոնդեանն ու անոր սերնդակիցները մեծ դեր ունեցան Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ, որոնք նոր որակ տուին պահանջատիրական մեր երթին, ապա ըսաւ, որ անոնց օրինակով ապրած է մեր սերունդը եւ դաստիարակուած անկախ ու ազատ խօսելու էութեամբ, տարակարծութիւններու լիակատար յարգումով, յանդուգն, բայց պատասխանատու խօսքի ու գործի ճիշդ ըմբռնումով:

Ան եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ. «Հանգի՛ստ հանգչիր Դաշնակցութեան պանթէոնին մէջ, ընկե՛ր Բենօ, Դաշնակցութեան ընտանիքը իր երթը պիտի շարունակէ եւ իրեն վստահուած առաքելութեամբ տէր պիտի կանգնի իր իրաւունքներուն» :

Ձեռնարկին խօսք առաւ նաեւ Բենօ Թոնդեանի սերնդակից եւ գաղափարակից Տիգրան Ճինպաշեան, որ անդրադարձաւ Բենօ Թոնդեանի արժանիքներուն եւ վաստակին` նշելով, որ կրթութեամբ ու ուսումնառութեամբ Բենոն ճարտարագէտ էր, ինչ որ գիտութեան ու ուսողութեան մարզերուն մէջ ունակութիւններ կ՛ենթադրէր: Լեզուներու լաւ ծանօթութեան պսակը կը կազմէր իր հայերէնի կատարելութեան հասնող տիրապետումը: Ան ազգային կեանքի ու քաղաքական անցուդարձերու գիտակ մարդ էր: Ուսանող եղած կուսակցական դպրոցին, ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան, գաղափարաբանութեան, կառոյցին ու կազմակերպական կանոններուն խոր ու համապարփակ ծանօթութիւնը ունէր:

Ճինպաշեան յիշեց նաեւ հակասական թուացող գաղափարները մէկտեղելու, համադրելու ու բանաձեւելու ընկեր Բենոյի ունեցած կարողութիւնը եւ աւելցուց, որ Բենօ Թոնդեան շնորհիւ իր կուռ տրամաբանութեան, հայոց լեզուի գաղտնիքներուն իր ծանօթութեան ու գիտութեան պաշարին կրնար բացառիկ խմբագիր մը դառնալ, ճարտասան բանախօս մը ըլլալ, բայց նախընտրեց ուրիշին գրածը սրբագրել ու ձեւաւորել եւ մնալ շուքի մէջ: Դառնալ մտաւոր աշխատանքի բանուոր մը, անյայտ ասպետ մը:

Տիգրան Ճինպաշեան յայտնեց նաեւ, որ Բենօ Թոնդեան պատասխանատու պաշտօններ շատ ունեցած է: Մասնակցած է բարձրագոյն մակարդակի բազում ժողովներու, յատկապէս անդամակցած է ՀՅ Դաշնակցութեան բոլոր մակարդակի մարմիններուն: ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութենէն կոմիտէ, Կեդրոնական կոմիտէ ու Բիւրօ: Դարձած է ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ ՀՅ Դաշնակցութեան համար դժուարին ու ծանր տարիներուն, երբ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը խափանուած էր Հայաստանի մէջ, ղեկավար ընկերներ բանտարկուած էին ու Դաշնակցութեան դէմ հալածանքը աննախընթաց սաստկութեամբ կը թաւալէր: Դաշնակցութիւնը Հայաստանի անխոհեմ ու անպատասխանատու ղեկավարներուն դէմ իր ինքնապաշտպանական պայքարին մէջ չէր կրնար հաշուի չառնել Հայաստանի ու հայ ազգի շահը: «Հակադարձութիւնը կրնա՞ր, պէ՞տք է հասնէր այնպիսի մակարդակներու, որ վտանգէր Հայաստանի ապահովութիւնը, Արցախեան պայքարի յաղթական ելքը», ըսաւ Ճինպաշեան, ապա աւելցուց. «Անկարելի թուացող այս հաւասարումը լուծող ամէնօրեայ դժխեմ դէպքերու ու հրապարակումներու վրդովեցուցիչ մթնոլորտին մէջ` ուշիմ, խոհեմ, կուռ տրամաբանութեան տէր ու փոթորիկին դիմաց իր հաւասարակշռութիւնը պահել գիտցող նաւապետ մը պէտք է դառնային դաշնակցական մարմինները, ու առաջին հերթին` ՀՅԴ Բիւրոն ու ներկայացուցիչները»:

Ճինպաշեան նկատել տուաւ, որ ընկեր Բենոն եւ իր ընկերները նման ճակատագրական երկընտրանքի մը պայմաններուն մէջ գործած են, պայքարած, խոհեմութեամբ դիմագրաւած ու յաղթած :

«Մշակ բանուոր» քայլերգով Բենօ Թոնդեանին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկը իր աւարտին:

Բենօ Թոնդեանի Յուղարկաւորութեան ՀՅԴ Բիւրոյի Կողմէ Բիւրոյի Անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանի Արտասանած Խօսքը

010415_MeguerditchianԻնծի համար դժուար է պաշտօնական դամբանական խօսիլ Բենոյի, ըսել կ՛ուզեմ` ընկեր Բենոյի դագաղին առջեւ: Դժուար է այս ձեւով բաժնուիլ անհատէ մը, որուն հետ, պատանեկութեան օրերուն, Նշան Փալանճեան ճեմարանի գիշերօթիկ բաժինի երջանիկ երդիքի անհոգութեան մթնոլորտին մէջ ապրած ես. դժուար է մանաւանդ դաշնակցական կեանքի ամէնէն տագնապալի ժամանակաշրջաններէն մէկուն ընթացքին կուսակցական ղեկավարութեան բարձրագոյն ոլորտները գործակցելէ ետք, յանկարծ այսպէս իրարմէ առ յաւէտ կտրուիլը, նոյնիսկ երբ ընթացիկ կեանքի առօրեան երբեք հասարակաց չէ եղած անոր հետ: Աներեւոյթ հոգեկան թելերը, սակայն, միշտ առկայ ըլլալով, պատանեկութեան ընթացքին զարգացած կապերը միշտ ալ թարմ պահած են:

Զանազան կուսակցական պարտականութիւններ ստանձնելէ ու կատարելէ ետք Բենոն ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընտրուեցաւ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան հռչակումէն ետք գումարուած առաջին Ընդհանուր ժողովին կողմէ: Յաջորդին կրկին ընտրուելով` Բենոն այս անգամ ստանձնեց Բիւրոյի ներկայացուցիչի պաշտօնը` Հայաստանի եւ կուսակցութեան համար չափազանց դժուար պայմաններու մէջ: Դաշնակցութիւնը հայրենիքէն ներս կրկին արգիլուած կուսակցութիւն էր. դաշնակցականներ կրկին նետուած էին բանտերը. Դաշնակցութեան հայաստանեան նորաստեղծ կառոյցը նորէն կազմալոյծ վիճակի մէջ էր: Դաշնակցութիւնը հալածուած էր Հայաստանի մէջ, բայց նաեւ` սփիւռքի ամբողջ տարածքին Հայաստանի դեսպանատուներու տեղական իշխանութիւններուն մօտ կատարած կեղծ ու պատիր ամբաստանութիւններով: Այդպիսի վերաբերումի մեր կուսակցութիւնը խորհրդային տիրապետութեան ամէնէն գէշ օրերուն իսկ չէր արժանացած: Միւս կողմէ` ղարաբաղեան հարցով օտար ուժերու ճնշումները Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ սկսած էին սաստկանալ: Կուսակցութիւնը մէկ կողմէն` պարտաւոր էր պայքարիլ անիրաւ իշխանութիւններու դէմ, իսկ միւս կողմէն` արտասահմանի մէջ թիկունք կանգնիլ ղարաբաղեան հարցով թափուող համազգային ճիգին. այդ ճիգը ուրիշներու կողմէ յաճախ կը նկատուէր իբրեւ իշխանութիւններու ի նպաստ տարուող պայքար: Ի դէպ, նոյն ձեւի գործելակերպին դէմ` նոյն ձեւի մեղադրանքներ կ՛ըլլան նաեւ այսօր ուժերու կողմէ, որոնք ի վիճակի չեն հասկնալու Դաշնակցութեան ազգային քաղաքականութեան ինքնուրոյնութիւնը: Կուսակցութեան կազմակերպական մարզին մէջ նոյնքան նուրբ մարտավարութեամբ սկսաւ վերակազմակերպուիլ հայաստանեան կառոյցը, իսկ երբ իր վարած ազգավնաս քաղաքականութեան պատճառով օրուան Հայաստանի նախագահը իր իսկ գործակիցներուն ստիպողութեան տակ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, Դաշնակցութիւնը արդէն ամէնէն բարձր վարկով նետուեցաւ երկրի քաղաքական բեմին վրայ:

Այսպիսի քաղաքականութիւն արդիւնաւէտ մարտավարութեամբ ի գործ դնելու համար անհրաժեշտ եղան` կացութեան ճիշդ գնահատում, ուշիմութիւն, յստակատեսութիւն, իւրաքանչիւր քայլափոխին լարուող ծուղակները շրջանցելու կարողութիւն, անաչառութիւն, փոթորկալի կացութիւններու մէջ անզգամ որակուելու աստիճան ինքզինք հանդարտ պահելու ունակութիւն, բայց նաեւ` Դաշնակցութեան սկզբունքները անշեղօրէն յարգելու ներքին որոշում եւ կուսակցութեան որոշումները եւ կանոնագրի տառն ու ոգին գործադրելու վճռակամութիւն:

Բենոն ունէ՛ր այս յատկութիւնները: Ան մանաւանդ Դաշնակցութեան կանոնագրի փնտռուած մեկնաբանն ու դասախօսն էր կուսակցութեան դաստիարակչական արշաւներու ընթացքին: Կանոնագրի հմտութենէն բխող այդ գրքոյկի իր վրայ ունեցած ազդեցութի՞ւնն էր, իր Ճեմարանէն ստացած դաստիարակութի՞ւնն էր, թէ՞ պարզապէս ի ծնէ նկարագրային բնական համեստութեան գիծն էր, որ կ՛արտայայտուէր իր անձի պարզութեամբ, իր հագուստի ժուժկալութեամբ, ցուցամոլ կեցուածքներու հանդէպ իր արհամարհանքով եւ հակառակ իր պաշտօնին` իր անձի անկարեւորութիւնը շեշտելու համար կարծես բեմերէն ու փայլուն հանդէսներէն իր աչքառու բացակայութեամբ: Շատեր կը քննադատէին իր այդ գիծը` չերեւելու իր տեւական մարմաջը իր վարած պաշտօնին անյարիր համարելով: Թերեւս ճիշդ էր կատարուած դիտողութիւնը. բայց ո՞վ եւ ի՞նչը կրնայ ստիպել Դաշնակցութեան պատմութեան ընթացքով կռանուած դաշնակցական հոյակապ տիպարի պաշտամունքով կազմաւորուած մարդը խոնարհութեան պարտադրած կապանքները քանդելով եւ ինքզինքին դաւաճանելով` ոստում կատարԷ դէպի կեղծ խօսքերու եւ բռնազբօսիկ ժպիտներու ասպարէզը: Կարելի բան չէ. կարելի չէր նաեւ Բենոյին համար:

Իր պաշտօնավարութեան աւարտը Բենոն դիմաւորեց այն նոյն հանգստութեամբ, որքան` պաշտօնի ստանձման պահուն: Պարտականութիւնը պարկեշտօրէն կատարած նաւապետին պէս, որ իր նաւը փոթորկալի ծովէն կ՛առաջնորդէ դէպի ապահով նաւահանգիստ: Ատիկա ալ եղաւ իր հոգեկան հիմնական բաւարարութիւնը: Կեանքէն ալ, ահա, բաժնուեցաւ նոյնքան անաղմուկ, յանկարծակի, կարծես մարդ չխանգարելու մտահոգութեամբ: ՀՅԴ Բիւրոյի անունով ցաւակցութիւններ կը յայտնեմ իր ընկերներուն եւ հարազատներուն:

Վարձքդ կատա՛ր, ընկե՛ր Բենօ:

Մտաւորական Ու Կազմակերպչական Արժանիքներուն Տէրը

Ստորեւ կու տանք ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Բենօ Թոնդեանի սերնդակից եւ գաղափարակից Տիգրան Ճինպաշեանի խօսքը` յիշատակի հանդիսութեան ընթացքին:

«Սուրը չթողեց, որ երգիչ դառնամ.
Երգը չթողեց, որ մարտիկ դառնամ»:20215_peno-3

Նիկոլ Աղբալեանի բնորոշումն է, ինքն իր մասին: Չեմ գիտեր, թէ տարազումը ի՞րն է, թէ՞ փոխ առնուած է այլ գրողէ մը: Ամէն պարագայի, դիպուկ է ու կը պատշաճի հասարակական կեանքին մէջ ընդգրկուած շատ երախտաւորներու, որոնք կրնային այս կամ այն ասպարէզին մէջ յաջողակ, նոյնիսկ տաղանդաշատ ու արդիւնաւոր գործողներ ըլլալ, որոնք սակայն, հայկական իրականութեան պարտադրանքով` կամաւորապէս տարբեր ասպարէզ ընդգրկեցին, կամ աւելի ճիշդ` ամբողջովին չնուիրուեցան իրենց սիրած ասպարէզին ու չդարձան հանրածանօթ այն բացառիկներէն, որոնք կը գովերգուին իրենց աննախընթաց յաջողութիւններուն համար:

Եթէ Հրայր Դժոխքը ֆետայի չդառնար:

Եթէ Ռուբէն Տէր Մինասեանը յեղափոխական կրակի մէջ չնետուէր:

Եթէ Դրոն միայն գործարարութեամբ զբաղէր ու Սուրէն Էֆենտի մնար…

Շարքը կարելի է երկարել անհամար անուններով:

Բայց ո՞վ պիտի ստանձնէր հայ ժողովուրդի ծով կարիքներուն մատակարարման հոգը: Ո՞վ պիտի ղեկավարէր մեր հասարակական կեանքը: Միջակնե՞րը, անկարողնե՞րը: Թոյլե՞րը: Մանաւանդ` անձնապաստան փառասէրնե՞րը:

Հայ գիւղացին իբրեւ մատաղցու կ՛ընտրէր իր խոյերուն ամէնէն առողջը, ամէնէն առոյգը:

Հասարակական գործիչն ալ մատաղցու է: Ենթակայ գրեթէ մնայուն քննադատութեան, նոյնիսկ մեղադրանքի, ան չի կրնար իր ընտրած ծառայական ասպարէզին մէջ արդիւնաւոր կերպով գործել, եթէ օժտուած չէ մտաւորական ու կազմակերպչական արժանիքներով:

Բենօ Թոնդեանը տէր էր այդ արժանիքներուն:

Նախ, ան իր կրթութեամբ ու ուսումնառութեամբ ճարտարագէտ էր, ինչ որ գիտութեան ու ուսողութեան մարզերուն մէջ ունակութիւններ կ՛ենթադրէ:

Լեզուներու լաւ ծանօթութեան պսակը կը կազմէր իր հայերէնի կատարելութեան հասնող գիտութիւնը, տիրապետումը:

Երաժշտական իր յատկութիւնները ակներեւ էին. լաւ ու տպաւորիչ ձեւով կ՛երգէր, կը նուագէր:

Ազգային կեանքի, քաղաքական անցուդարձերու գիտակ մարդ էր:

Ուսանող եղած կուսակցական դպրոցին, ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան, գաղափարաբանութեան, կառոյցին ու կազմակերպական կանոններուն խոր ու համապարփակ ծանօթութիւնը ունէր:

Ո՞վ կրնար իրեն չափ կանոնագրային հարցերու հմտութիւն ունենալ ցուցաբերել:

Ո՞վ կրնար Բենոյին պէս երբեմն հակասական թուացող գաղափարները մէկտեղել, համադրել ու բանաձեւել: Տրամաբանութեան ու լեզուի աճպարար պէտք էր ըլլալ նման իրագործում յաջողցնելու համար:

Ո՞վ կրնար Բենօ Թոնդեանի նման ժողով վարել, փոթորկոտ վիճաբանութիւնները հանդարտեցնել, կիրքերը մեղմել ու համաձայնութեան եզրեր գտնել:

Բենօ Թոնդեանը, շնորհիւ իր կուռ տրամաբանութեան, հայոց լեզուի գաղտնիքներուն իր ծանօթութեան, իր գիտութեան ու ծանօթութիւններու պաշարին, կրնար բացառիկ խմբագիր մը դառնալ, ճարտասան բանախօս մը ըլլալ: Ինք նախընտրեց ուրիշին գրածը սրբագրող եւ ձեւաւորող դառնալ, ու ինք մնալ շուքի մէջ: Դառնալ մտաւոր աշխատանքի բանուոր մը, սեւաւոր աշխատանքի անյայտ ասպետ մը:

Պատասխանատու պաշտօններ շատ ունեցաւ Բենօ Թոնդեանը: Մասնակցեցաւ բարձրագոյն մակարդակի բազում ժողովներու: Յատկապէս անդամակցեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան բոլոր մակարդակի մարմիններուն, ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութենէն կոմիտէ, Կեդրոնական կոմիտէ ու Բիւրօ: Դարձաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ, ՀՅ Դաշնակցութեան համար դժուարին ու ծանր տարիներուն: Դաշնակցութեան գործունէութիւնը խափանուած էր Հայաստանի մէջ, ղեկավար ընկերներ բանտարկուած էին ու Դաշնակցութեան դէմ հալածանքը աննախընթաց սաստկութեամբ կը ծաւալէր: Հերթական անգամ ՀՅ Դաշնակցութիւնը քանդելու, վերացնելու յաւակնութեամբ խաչակրաց արշաւանքի ձեռնարկած էին ոչ թէ օտարները, այլ ազատ ու անկախ Հայաստանի նորելուկ վարիչները:

Դաշնակցութիւնը Հայաստանի անխոհեմ ու անպատասխանատու ղեկավարներուն դէմ իր ինքնապաշտպանական պայքարին մէջ կրնա՞ր հաշուի չառնել Հայաստանի ու հայ ազգին շահը: Հակադարձութիւնը կրնա՞ր, պէ՞տք էր հասնէր այնպիսի մակարդակներու, որ վտանգէր Հայաստանի ապահովութիւնը, Արցախեան պայքարի յաղթական ելքը:

Անկարելի թուացող այս հաւասարումը լուծող, ամէնօրեայ դժխեմ դէպքերու ու հրապարակումներու վրդովեցուցիչ մթնոլորտին մէջ` ուշիմ, խոհեմ, կուռ տրամաբանութեան տէր ու փոթորիկին դիմաց իր հաւասարակշռութիւնը պահել գիտցող նաւապետ պէտք է դառնային դաշնակցական մարմինները, ու առաջին հերթին` ՀՅԴ Բիւրոն եւ իր ներկայացուցիչը:

Հայութեան շահերը միշտ գերադաս են կուսակցութեան շահերէն: Այսպէս կը դաւանի ՀՅ Դաշնակցութիւնը:

Դաշնակցութիւնը սակայն ինքնապաշտպանութենէ չի հրաժարիր: Միայն ինքնապաշտպանութեան սահմանները կը հասցնէ հայութեան ու Հայաստանի իրաւունքներուն, շահին սահմաններէն այս կողմ: Դաշնակցութիւնը զոհելու հարց չի կրնար ծագիլ, որովհետեւ անիկա հայութեան եւ Հայաստանի շահերու պաշտպանութեան համար ստեղծուած հզօրագոյն զէնք է, որմէ չենք կրնար հրաժարիլ, իրաւունք չունինք հրաժարելու:

Հեռացա՞նք արդեօք Բենօ Թոնդեանի վաստակին ոգեկոչումէն: Ո՛չ. որովհետեւ Բենոն եւ իր ընկերները նման ճակատագրական երկընտրանքի մը պայմաններուն մէջ գործեցին, պայքարեցան, խոհեմութեամբ դիմադրեցին: Ու յաղթեցի՛ն: Յաղթեց ՀՅ Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ յաղթեց հայութիւնը, յաղթեց Հայաստանը:

Ի՞նչ կը մնայ այսօր մեզի Բենօ Թոնդեանէն: Համեստ ու պարզ արտաքինի մը տակ ծուարած, անձնական ամէն յաջողութիւն ու փառք մէկդի դրած, իր հնարաւորութիւնները իր կուսակցութեան ճամբով ազգին նուիրաբերած զինուորի մը պատկերը, պատկերը խոնարհ հերոսի այն տիպարին, որ Դաշնակցութեան ողջ պատմութեան ընթացքին հանդիսացած է իր յաղթանակներուն իրական դարբինը:

Խոնարհ այս հերոսները կեանքի բնական օրինաչափութեան ենթակայ` պիտի հեռանան իրենց շրջապատէն, իրենց կուսակցութենէն, միութիւններէն ու ժողովուրդէն, անվրդով պիտի հեռանան մրմնջելով.

«Ահա հանգիստ հող կը մտնեմ,

Յոյսս դուք էք, ընկերներ»:

Դաշնակցութեան Եւ Հայութեան Համար…

Ստորեւ կու տանք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանի խօսքը, արտասանուած` ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Բենօ Թոնդեանի մահուան քառասունքին առիթով կազմակերպուած յիշատակի հանդիսութեան ընթացքին:peno-1

«Քու գործունէութեանդ տարբեր հանգրուաններուն, նաեւ հայաստանեան բեմին վրայ, որքան ալ մարդիկ կամ քաղաքական ուժեր հակադրուած ըլլային քու ներկայացուցած գաղափարներուդ, կամ ներկուսակցական առումով չբաժնէին ղեկավարելու քու ոճդ, բոլորն ալ միշտ մէջդ յարգեցին մարդն ու դաշնակցական ղեկավարը` իր մարմնաւորած զօրաւոր անհատականութեան եւ վճռականութեան համար»:

Այսպէս պիտի եզրակացնէր ընկեր Բենօ դաշնակցական նուիրեալ եւ մեծ ղեկավար ընկեր Հրայր Մարուխեանի մահուան առիթով յանուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին իր արտասանած դամբանականը Երեւանի մէջ, 28 դեկտեմբեր 1998-ին:

Սիրելի՛ ներկաներ,

Ընկեր Բենօ Թոնդեանի մասին խօսիլը իսկապէս դժուար է եւ միեւնոյն ժամանակ պարտաւորեցնող: Դժուար է խօսիլ մարդու մը, դաշնակցականի մը, հասարակական գործիչի մը մասին, որ իր կեանքին ամբողջ տեւողութեան շատ քիչ խօսեցաւ, գործեց լուռ, քուլիսներու ետին, ղեկավարեց քաջութեամբ, բայց համբերատարութեամբ եւ մնաց լուռ մինչեւ կեանքի իր վերջին վայրկեանը: Իր սակաւախօսութեամբ, բայց միեւնոյն ժամանակ իր յստակատեսութեամբ եւ արթնամտութեամբ յաջողեցաւ ամէնէն ճգնաժամային եւ թէժ պահերուն մնալ հանդարտ, դիմաւորել ամէն տեսակի մարտահրաւէր եւ նաեւ վիրաւորանք ու ընթանալ սեփական ուղիով, ամբողջական համոզումով եւ գաղափարական ու կազմակերպական յստակ տեսլականով:

Սիրելի՛ ներկաներ եւ ընկերներ,

Դաշնակցական երդուեալ անկեղծ զինուորը պէտք է նախ եւ առաջ մնայ անկեղծ իր գործին, կեցուածքին եւ նաեւ խօսքին մէջ, որքան ալ այդ բոլորը զոհողութիւն, ճիգ եւ քրտինք պահանջեն, որքան ալ երբեմն այդ բոլորը ցաւցնող ըլլան: Նոյնիսկ այսպիսի յիշատակի հանդիսութեանց ժամանակ նաեւ, ես վստահ եմ, որ մեր ընկերը պիտի փափաքէր, որ այսօ՛ր, յետմահու նոյնպէս իրեն հետ ըլլայինք անկեղծ ու իր մասին խօսէինք անկեղծ: Այո՛, ան եղաւ խիստ, երբեմն նաեւ անխնայ եւ վիրաւորական, բայց ամէն ինչ ըրաւ դաշնակցական խոր հաւատքով եւ ամէն ինչ դիտեց Դաշնակցութեան պրիսմակէն, եւ ամէնէն կարեւորը` կազմակերպական պատասխանատուութիւններէ հեռացաւ դաշնակցական յախուռն կեցուածքով եւ փոխանցումը կատարեց խոր համոզումով:

Դաշնակցական ըլլալը մեծ յանձնառութիւն կ՛ենթադրէ, դաշնակցականօրէն գործելը` մեծ զոհողութիւն եւ պարտաւորութիւն, սակայն շատ աւելի դժուար ու մաշեցնող գործ է Դաշնակցութեան ծառայելը իբրեւ ղեկավար: Այո՛, դաշնակցական ղեկավարը է ու կը մնայ Դաշնակցութեան մեծագոյն ծառան: Դաշնակցական ղեկավարը ներազգային եւ ներկուսակցական առումներով ինքզինք կը դնէ բարոյական արժեչափերու եւ գաղափարական յստակ տեսլականներու այնպիսի հանգանակի մը դիմաց, որ ֆիզիքական ու մտային աներեւակայելի ճիգ եւ հսկայածաւալ աշխատանք կ՛ենթադրէ իրմէ: Եւ ուրիշ ելք ու կերպ չկայ` կանգուն եւ ամուր պահելու համար հայ ժողովուրդի սեփականութիւնը եղող այս աննման ու մեծ հարստութիւնը, հայութեան ապաւէնը եւ յոյսը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Բայց այս դժուարին ճամբան կ՛ենթադրէ նաեւ մեծ զոհողութիւններ: Բնական է, որ այս առաքելութեան լիակատար գործադրութեան մէջ Դաշնակցութիւնը եւ դաշնակցական ղեկավարը չյաջողին անսալ բոլոր կարիքներուն: Վերջ ի վերջոյ վստահաբար կը գիտակցինք, որ Դաշնակցութիւնը սովորական կուսակցութիւն մը չէ, երբեմն անոր առաջադրանքներուն իրականացումը գերբնական ուժ եւ ներդրում կ՛ենթադրէ, հետեւաբար այս գերբնական ուժը երբ հասկնալի պատճառներով կարելի չըլլայ դրսեւորել, անպայման որ անբաւարարուածութեան հասկնալի զգացում մը պահու մը համար կրնայ դառնալ գերակշռող, բայց շատ արագ ամէն ինչ իր տեղը կը գտնէ ու կը դառնայ հասկնալի բոլորին համար:

Այո՛, գերբնական ուժ եւ կարողութիւն կ՛ենթադրէր այն ժամանակահատուածը, որուն մէջ ընկեր Բենօ ստանձնեց կուսակցութեան ներկայացուցիչի պարտականութիւնը: Բայց ընկերները ականատես դարձան անոր ցուցաբերած հանդարտութեան եւ համբերատարութեան: Ժպիտը միշտ ալ անպակաս մնաց իր դէմքին վրայ, ցնցումներու դիմաց չընկրկեցաւ եւ յաջողեցաւ այդ ժամանակահատուածին երաշխաւորել կուսակցութեան խաղաղ գործունէութիւնը, եւ ամէնէն կարեւորը` հայութեան ու հայրենիքին անվտանգութիւնը, երբ թակարդուած էր հայ կեանքը, հակադաշնակցական պայքարը նորանկախ Հայաստանի օրուան իշխանութիւններուն կողմէ գլած ու անցած էր ամէն սահման եւ դաշնակցական ղեկավարներ դարձեալ հայու ձեռքով կ՛ենթարկուէին հալածանքի ու բանտային կալանքի: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պատմութեան ճակատագրորոշ այդ հանգրուանը ընկեր Բենօ ղեկավարեց յանդգնութեամբ եւ հեռատեսութեամբ` քաջ գիտնալով, որ թակարդները անհամար են ու սպառնալիքները շատ, եւ այդ բոլորին մէջ ամէնէն փոքր վրիպումն անգամ կրնայ դուռ բանալ մեծ վտանգներու:

Սիրելինե՛ր,

Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ այս բոլորէն առաջ, ընկեր Բենոյի եւ իր սերնդակիցներուն գործունէութիւնը զուգադիպեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան այլապէս կարեւոր մէկ հանգրուանին` Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն նոր որակ ու տարողութիւն ներարկելու եւ մեր պահանջատիրական երթը նոր մակարդակի վրայ զետեղելու վճռորոշ մէկ ժամանակահատուածին: Կանուխ մեկնեցաւ ընկեր Սագօ Սարգիսեանը, կանուխ մեկնեցաւ ընկեր Սերժ Թովմասեանը, բայց անոնց սերնդակիցները շարունակեցին Դաշնակցութեան գործը, որ գալիք սերունդներուն համար, թէկուզ իր խորհրդապահութեամբ, տուաւ ինքնադաստիարակութեան եւ ինքնալիցքաւորման եզակի առիթ: Այդ սերունդին մօտ, մենք` դաշնակցականներս, միշտ ալ զգացինք եւ կը շարունակենք զգալ այն, որ դաշնակցականը ամէն տեսակի հարցերու արծարծման մէջ պէտք է զատորոշուի ուրիշներէն: Մենք այդ սերունդին օրինակով սորվեցանք եւ կը շարունակենք սորվիլ Դաշնակցութեան բառարանին մէջ գոյութիւն ունեցող անկախ ու ազատ խօսքի էութեան դաշնակցական ամբողջական բացատրութիւնը, սեփական կարծիքի դրսեւորման ստորոգելիներու լիակատար յարգումը, համարձակ, յանդուգն, բայց միեւնոյն ժամանակ դաշնակցական պատասխանատու խօսքի ճշգրիտ ըմբռնումը, հարցերը անկաշկանդ կերպով, սակայն դաշնակցական բարոյական արժեչափերով քննարկելու անհրաժեշտութեան գիտակցումը, կարճ` մեր գաղափարական շէնքին մէջ ամբարուած ամբողջ հարստութեան ընկալումը:

Ընկեր Բենոյի հասարակական գործունէութիւնը բազմագաւառ ու բազմերես է: Սակայն արժէ առանձնացնել հետեւեալը` մասնագէտ եւ հմուտ ժողովական, ժողովավարական կանոններու անխոնջ պահակ, եւ վերջապէս` կուսակցութեան կանոնագիրի արժանի եւ անսխալ մեկնաբան: Յաճախ այս ծիրին մէջ խնդրայարոյց որեւէ հարցի պարագային կը դիմէինք իրեն` քաջ գիտնալով, որ իր տեսակէտը եւ փոխանցած եզրակացութիւնը վաւերական է ու անվիճելի: Ժողովներու ընթացքին երբեմն հակասական կարծիքները լաւապէս համադրող եւ հարուստ բանաձեւումով եզրակացնելու անոր բացառիկ կարողութիւնն ու ունակութիւնը մնայուն կերպով օգտակար կը դառնային ժողովներու յաջողութեան:

Ընկեր Բենոյի մօտ ակներեւ էր նաեւ պարզութեան յարգելի գիծ մը: Ան իր ստանձնած բոլոր պաշտօններուն մօտեցաւ նոյն այդ պարզութեամբ, առանց աւելորդ եւ բռնազբօսիկ հեղինակութեան դրսեւորման: Միշտ նախընտրեց այդ պարզութիւնը եւ փորձեց զայն ժառանգ ձգել գալիք սերունդներուն:

Յարգելի՛ ներկաներ, թոյլ տուէք այս պահուն երկու դէպքերու նկարագրութեամբ եւ իմ ապրած զգացումովս համալրել ընկ. Բենոյի յիշատակին նուիրուած այս խօսքը: Ճանչցած էի ընկեր Բենոն ԼԵՄ-ի իբրեւ դասախօս, անկէ ետք զինք ճանչցայ իբրեւ պատասխանատու ընկեր: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնած համահայկական ուսանողական համախմբումին առիթով, որ առաջին տարիներուն կազմակերպուեցաւ Լիբանանի մէջ, Ճեմարանի յարկին տակ, ընդհանուր յայտագիրին մաս կը կազմէր շաբաթավերջ մը Այնճար անցընելու ծրագիրը: 1997-ին ուսանողները շաբաթավերջ մը այցելեցին Այնճար, համախմբումի պատասխանատու կազմին մէջ տարբեր երկիրներէ կային ընկեր Բենոյի պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան համազգայնական ընկերները եւ դասընկերները: Այդ երեկոյ ընկեր Բենօ ընկերակցեցաւ խումբին: Ուշ երեկոյեան վառեցինք խարոյկը եւ սկսանք ականջալուր հետեւիլ իրենց զրոյցին: Յանկարծ ընկեր Բենոն խարոյկին շուրջ սկսաւ երգել «Թիփի բորան մութ գիշերին» երգը: Երգեց ցած ձայնով, բայց տարօրինակ ապրումով: Այդ օրերուն ընկեր Հրայր Մարուխեան տակաւին մահուան հետ պայքարի մէջ էր, եւ յանկարծ յիշեցի անոր նախասիրած երգը` Քեռիին նուիրուած երգը, երբ արդէն ոչ շատ հեռու ժամանակով հայոց պաշտպան Քեռիին յոգնատանջ մարմինը հանգչեցաւ հայրենի հողին մէջ: Տարօրինակ զգացումով մը դաշնակցականի հպարտութիւնը մէջս աւելի արմատացաւ, ընկեր Տասնապետեանի բառերով զգացի, որ մենք ամէն օր եւ ամէն վայրկեան քիչ մը աւելիով դաշնակցականանալու հոլովոյթին մէջ ենք` ի խնդիր Դաշնակցութեան յաւելեալ հզօրացման ու անոր առաջադրանքներուն եւ նպատակներուն լիիրաւ իրականացման: Պատանի, երիտասարդ, շարքային եւ պատասխանատու ընկեր, բոլորս միասնաբար, անցեալէն մնայուն ներշնչում ստանալով եւ նոր հանգրուանին մէջ մեր ներկան արձանագրելով, կ՛երգենք նոյն խոր ապրումով: Այո՛, այդ երեկոյ խարոյկին շուրջ անգամ մը եւս զգացի, որ դաշնակցականութիւնը ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ վեր նախ ապրում է:

Երկրորդը, քանի մը ամիսներ առաջ քոյրը` Մարոն հեռաձայնեց եւ փոխանցեց, որ ընկեր Բենոն վերջին շրջանին փառած էր ընթերցանութեան եւ իր գրադարանի գիրքերուն ընթերցանութիւնը գրեթէ աւարտած է, եւ Համազգայինի գրատարածման նոր ցուցակը տեսնելով իրեն ապսպրած էր այդ գիրքերու ծրարը: Ծրարը հասաւ ընկերոջ, յաջորդ օր հեռաձայնեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց: Ձայնին մէջ յոգնածութեան նշան կար, քիչ մը զրուցեցինք, յայտնեց, որ օրը օրին կը հետեւի գաղութի հաւաքական կեանքին եւ ուրախ է, որ տարբեր նախաձեռնութիւններով գաղութը կը շարունակէ ապրիլ աշխուժութիւն: Թելադրեց նոյն աշխուժութեամբ շարունակել գործը: Ընկեր Բենօ խստապահանջ էր եւ շատ գնահատականներ կարելի չէր ակնկալել իրմէ: Այդ օրը ես նկատեցի յատկանշական օր մը` առանց անդրադառնալու, որ անիկա պիտի յատկանշուի այլ հանգամանքով մը եւ դառնայ մեր վերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը:

Սիրելի՛ ընկեր,

Հանգի՛ստ հանգչիր Դաշնակցութեան պանթէոնին մէջ եւ վստահ եղիր, որ Լիբանանի Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը պիտի շարունակէ իր երթը, պիտի շարունակէ հաստատակամ տէր կանգնիլ իրեն վստահուած առաքելութեան, եւ հակառակ գաղութի, դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւններուն, պիտի շարունակէ տէր կանգնիլ իրեն վստահուած բոլոր պարտաւորութիւններուն:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, մենք վճռած ենք ցոյց տալ բովանդակ հայութեան եւ միջազգային ընտանիքին, որ յիսնամեակին նման մեծ պատգամ ունինք փոխանցելիք բոլորին…

Եւ ընկեր Հրայր Մարուխեանի մահուան առիթով արտասանած խօսքէդ բաժին մը քեզի վերադարձնելով կ՛ըսենք հետեւեալը. որքան ալ երբեմն չբաժնէին քու ղեկավարելու ոճդ, չհամաձայնէին քու գաղափարներուդ, բոլորն ալ սակայն մի՛շտ քու մէջդ տեսան դաշնակցական ղեկավարի յարիր զօրաւոր անհատականութեան եւ վճռականութեան դրսեւորում, եւ այս բոլորը մի՛շտ Դաշնակցութեան համար, հայութեան ու Հայաստանի համար…

Վա՛րձքդ կատար ընկեր Բենօ…

Բենօ Թոնդեանի Յուղարկաւորութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կազմակերպութեան Անունով Տիգրան Ճինպաշեանի Արտասանած Խօսքը

beno5

Յուղարկաւոր են շատերը այսօր:

Վերջին հրաժեշտ կու տանք ընկերոջ մը` գրեթէ դասընկերոջ մը` Ճեմարանի յարկին տակ: Ճեմարանը եւս սգաւոր է այսօր:

60-ական թուականներուն Բենօ Թոնդեան եղաւ Զաւարեան ուսանողական միութեան գործօն անդամներէն: ԶՈՄ-ն ալ սգաւոր է այսօր:

Սգաւոր են «Ազդակ»-ը, «Վանայ ձայն»-ը, Համազգայինը, ՀՄԸՄ-ը, դաշնակցական ընկերները:

Մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ էր Բենօ Թոնդեան, տէր` արհեստագիտական մասնագիտութեան: Իր մասնագիտութիւնը կիրարկած է պարբերաբար, ի միջի այլոց, որովհետեւ իր հետաքրքրութիւնները ուրիշ էին, հասարակական ասպարէզն էր, որ զինք կը հրաւիրէր ծառայական գործին: Կատարեց նաեւ հսկողութիւնը Ճեմարանի երկրորդական մասնաշէնքին եւ մանկապարտէզի շինութեան, իբրեւ մասնագիտութեան կիրարկում:

Հետեւեցաւ կուսակցական դպրոցի դասընթացքներուն` ամբարելով կուսակցական-հասարակական աշխատանքներու համար հարուստ եւ համապարփակ գիտելիքներ:

Եղաւ ուսուցիչ, նախ` թեքնիք դպրոցի մը մէջ, ապա բնագիտութիւն դասաւանդեց Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի երկրորդական բաժինի դասարաններուն:

Բենօ Թոնդեանի զբաղեցուցած զուտ կուսակցական-հասարակական-ազգային պաշտօններուն ցուցակը տպաւորիչ է:

– ՀՅԴ Բիւրոյի գործավար,
– Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գործավար,
– «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն,
– «Վանայ ձայն» ռատիոկայանի տնօրէն,

Առանց հաշուելու զանազան մակարդակներու վրայ կուսակցական մարմիններու անդամակցութիւնը եւ բազմատեսակ ժողովներու գործօն մասնակցութիւնը:

Բենօ Թոնդեան շատ քիչ գրեց, հակառակ անոր որ հայերէն լեզուի իր լաւ ծանօթութեան կը միացնէր մեզ մտահոգող հարցերու խոր ծանօթութիւնը, վերլուծելու ու համադրելու կարողութիւնը եւ այս բոլորը մատչելի դարձնող յատուկ ոճը:

Յաճախ այդպէս է: Գործնական աշխատանքները, առօրեայ հոգերը, անմիջական կարիքները թոյլ չեն տար, որ ղեկավար պաշտօնի կոչուած ընկերը կանոնագրային ու օրինական հարցերու իր գիտութիւնը, կուռ տրամաբանութիւնը, գիտելիքներու հարուստ պաշարը եւ գործէն իսկ ստացուած փորձառութիւնը գրի առնէ ու մնայուն աւանդի վերածէ:

Զանազան ասպարէզներու յատուկ պահանջները յարգելու իր կարողականութեան պատճառով հրաւիրուելով տարբեր բնոյթի պաշտօններու` Բենօ Թոնդեան վարչական գործերու մէջ սպառեց իր եռանդը:

Ինք չէր սիրեր երեւցող, ցուցադրական աշխատանքային ոճը: Նախընտրեց կազմակերպական լռակեաց աշխատանքի ոճը եւ ահա կը մեկնի անդենական, նոյնքան լռակեաց, լուռ ու մունջ եւ կը միանայ դաշնակցական երախտաւորներու փաղանգին:

Սակաւ Խօսք… Սակաւախօս Բենոյին

Բենօ Թոնդեանի ազգային եւ միութենական գործունէութեան մասին շատ պիտի չանդրադառնամ: Հաւանաբար իր տարեկից եւ գործակից ընկերները արդէն իսկ էջեր մրոտած են:

Եթէ շատ մանրամասնութիւններով ներկայացնեմ Բենոն, պիտի զայրանայ եւ երբեք պիտի չփափաքի «երեւնալ»:

Սակայն տեղին է քանի մը խօսք արձանագրել անձնաւորութեան մը մասին, որուն առ յաւէտ հրաժեշտ տուած ենք եւ այսօր կը նշենք քառասունքը:

Անարդար է երբեք չներկայացնել վերջին տասնամեակին մոռացութեան մատնուած Բենոն:

Պիտի փորձեմ զինք քիչ անհանգստացնել եւ բաւականանալ միայն սակաւ խօսքեր փոխանցելով սակաւախօս մեր ընկերոջ:

* * *
Զարմանալի տիպար:

Փայլուն աշակերտ եւ ինչպէս շէյքսփիրեան լեզուով պարզումէկին կ՛անուանենք «պրէյն», Բենոն հակառակ իր այդ կարողութիւններուն` գերադասեց ազգային եւ կուսակցական գործունէութիւնը եւ շարունակ կառչած մնաց այդ միջավայրին, անշուշտ` միշտ ալ տրամադրութեան տակ դնելով իր ճարտարագիտական կարողութիւնները:

Շինարարական կառոյցի մը վերահսկումի կողքին, ան նոյնքան հմտութեամբ կրնար բանաձեւեր յղել, ծրագիր-կանոնագրեր պատրաստել, ժողովներ վարել եւ այդ ալ` ի՜նչ դժուար ժողովներ… եւ ամենայն հմտութեամբ:

* * *
Թուական` յունուար 1983, վայր` Պէյրութ: Աւելի մանրամասնեմ վայրը. Արեւմտեան Պէյրութի Ուաթ-Ուաթ թաղամասի «Ազդակ»-ի տպարան: Երեկոյ մըն է: Այդ օրերուն դէմ դիմաց կը նստէի հանրահռչակ վաղամեռիկ հայագէտ-բանաստեղծ-գրագէտ Պետիկ Հերկէլեանին հետ եւ գործի ժամանակ միշտ ալ յաճախակի եւ հաճելի զրոյցներ կ՛ունենայինք: Պետիկին համար իւրայատուկ տիպար մըն էր այդ օրերու «Ազդակ»-ի տնօրէնը:

«Իւրայատուկ տիպար է այս մարդը: Փորձեցի ամէն գնով վիճաբանիլ եւ խնդիր ստեղծել հետը, սակայն ձախողեցայ: Միեւնոյն խօսակցութեամբ թէ՛ կը քաջալերէ եւ թէ՛ կը քննադատէ: Պարզ բնաւորութեան տէր անձ մըն է: Հետեւաբար պիտի չկարենամ իրեն նման տիպար մը իմ պատրաստած (կամ պատրաստելիք) նորավէպիս` «ԵՈՒՀՈՒ»-ին մէջ օգտագործել», կը յայտնէր Պետիկ:

Այո՛, ան հարիւր առ հարիւր իրաւունք ունէր:

Այդ գրքոյկին մէջ Պետիկ իր շրջապատի անձնաւորութիւններու տիպարները գործածելով` լոյս ընծայած էր այդ քննադատական կատակերգութիւնը: …եւ Բենոն այդ միջավայրէն ոչ թէ միայն հեռու էր, այլ կապ չունէր:

Եւ դեռ աւելի՛ն. բերնի պզտիկ շարժում մը բաւարար էր, որ Բենոն ժպտար եւ գոհունակութիւն յայտնէր, եւ անշուշտ նաեւ` հակառակը, սակայն` միշտ հեզ ու հանդարտ «պարիթոն» ձայնով:

* * *
«Պարիթոն» որ կ՛ըսենք… լսա՞ծ էիք Բենոն, երբ խրախճանք-հաւաքներու ժամանակ կ՛երգէր «Հայ ֆետայիին երգը»…. Թիփի բորան մութ գիշերին: Դեռ աւելի՛ն. մեծ անակնկալ մըն էր տեղեկանալը, թէ ան շատ բան տեղեակ էր արդի երաժշտութենէն եւ ոչ թէ միայն ճազի սիրահար էր, այլ նաեւ կը նուագէր սաքսոֆոն: Հետագային, քանի մը տարի ետք, երբ առաջարկած էինք որ բարեկամներով միասնաբար երթալ եւ վայելել այդ «ճազային» բնութեան գիրկին մէջ` «Ռաունտ Միտնայթ» ժապաւէնը: Ան ամենայն մանրամասնութեամբ տեղեակ էր այդ ժապաւէնի նիւթին եւ անոր մէջ օգտագործուած գլուխ-գործոց գործերուն մասին: Անշուշտ միասնաբար ընբոշխման առաջարկը մնաց միայն մարմաջ եւ չիրականացաւ:

* * *
Այսպէս էր Բենոն:

Երեւնալ չէր սիրեր եւ այդ բնաւորութեան արդիւնք` բաւական մըն ալ քննադատութեան առարկայ դարձաւ: Յատկապէս ներկայ արդիականացած եւ համակարգչային, համացանցային բնագաւառէն ներս դեռ ան որքա՜ն տալիք ունէր:

Այսպէս, ան հրաժեշտ առաւ լռիկ-մնջիկ` առանց ոեւէ մէկը յաւելեալ նեղացնելու:

Վստահաբար շատեր կը տառապին խոր խղճի խայթէ մը:

Չյիշեցինք զինք պատշաճօրէն եւ վերջին տարիներուն ալ չայցելեցինք:

Բան մը, որ այլեւս կարելի է մեծ թերացումով եւ յապաղումով կատարել…եւ այդ ալ միայն ՀՅԴ պանթէոնին առջեւ:

Խունկի, մոմի եւ այլ յաւուր պատշաճի խօսքերու կարիքը չկայ սակաւախօս ընկերոջ համար: Այլապէս բերնի պզտիկ շարժումով մը ժպիտը կրնայ զայրոյթի վերածուիլ:

…Ցտեսութի՛ւն:

Զ. Թ.

Պոսթըն – Մ. Նահանգներ
Յունուար 2015

aztagdaily.com

Տպել Տպել