
Այսօր հեռաւոր Լոս Անճելըսի մէջ հողին կը յանձնուի սուրիահայութեան քսաներորդ դարու վերջին քառասնամեակի անզուգական ղեկավարներէն Քրիստափոր Իֆատեանը: Ան զաւակն էր Սեբաստիոյ Զիլէ գիւղէն Սենեքերիմ Իֆատեանին եւ Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղէն Ռոզա Ֆիլհաննէսեանին: Ծնած էր Գամիշլի, 1938-ին, դառնալով հինգ քոյրերու միակ եղբայրը եւ յաճախած` տեղւոյն ազգային վարժարանը: Հալէպի մէջ Ֆրանսական Լայիք դպրոցի միջնակարգին չորս տարի հետեւելէ…















