
2, 3, 4 Յունիսին Մարսիլիոյ մէջ գումարուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի 69-րդ Շրջանային Ժողովը, որուն կը մասնակցէին պատգամաւորներ` Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն եւ Հոլանտայէն: Ժողովի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Club Pernod-ի մէջ: Ներկայ էին Հրանտ Մարգարեան` Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Մուրատ Փափազեան` Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկիայացուցիչ, երեսփոխան Քրիսթոֆ Մաս` Խորհրդարանէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման պատժելիութեան…






