Գումարվեցավ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի 69-րդ շրջանային ժողովը


2, 3, 4 Յունիսին Մարսիլիոյ մէջ գումարուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի 69-րդ Շրջանային Ժողովը, որուն կը մասնակցէին պատգամաւորներ` Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն եւ Հոլանտայէն:

Ժողովի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Club Pernod-ի մէջ: Ներկայ էին Հրանտ Մարգարեան` Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Մուրատ Փափազեան` Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկիայացուցիչ, երեսփոխան Քրիսթոֆ Մաս` Խորհրդարանէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման պատժելիութեան օրինագիծի զեկուցաբեր, որ միաժամանակ կը ներկայացնէր ծերակուտական եւ Պուշ Տիւ Ռոնի Ընդհանուր Խորհուրդի նախագահ` Ժան-Նօէլ Կէրինին, թաղամասային քաղաքապետ եւ Մարսէյլի Հայ Մշակոյթի Տան նախագահ` Կարօ Յովսէփեան, որ կը ներկայացնէր Փրովանս-Ալփ-Քոթ տ՚Ազիւրի Շրջանային Խորհուրդի նախագահ` Միշէլ Վոզէլը, Եւրոխորհրդարանի անդամներ` Մարի-Արլէթ Քարլոթի եւ Կի Պոնօ, Ընկերվարական կուսակցութեան տեղական ղեկավար` Էոժէն Քազէլլի, Մարսիլիոյ հրէական կազմակերպութիւններու խորհուրդի նախագահ` Իզոտոր Արակոնէս, Հայ Առաքելական Եկեղեցուոյ ներկայացուցիչ` Հայր Զատիկ Աւետիքեան, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցուոյ ներկայացուցիչ` Հայր Եղեայ Դերձակեան, ինչպէս նաեւ միութենական պատասխանատուներ:

Բազմաթիւ անձնաւորութիւններ խօսք առին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու Հայ Դատին ու Հ.Յ.Դաշնակցութեան, ընկերային արդարութեան ու հայ ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան իր պայքարին մէջ:

Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան` պարոն Էդուարդ Նալբանդեան, Հ.Յ.Դաշնակցութեան հասցէագրած իր նամակին մէջ յաջողութիւն մաղթեց Ժողովի աշխատանքներուն: Ան յատկապէս անդրադարձաւ Հայաստանի թէ Սփիւռքի հայութեան հանրային կեանքին մէջ մեր կուսակցութեան ցուցաբերած հիմնական դերին:

Իր աշխատանքներուն ընթացքին, Շրջանային Ժողովը հիւրընկալեց Պարոն Ժան-Նօէլ Կէրինին, որ արտայայտելէ ետք իր բարեկամութիւնն ու զօրակցութիւնը, յայտնեց որ հետեւելով իր նախաձեռնութեան, բազմաթիւ ծերակուտականներ պատրաստակամութիւն յայտնեցին քուէարկելու ի նպաստ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը պատժող օրինագիծի մը: Երեսփոխան Քրիսթոֆ Մաս վերահաստատեց Ընկերվարական կուսակցութեան վճռակամութիւնը յաջորդ niche parlementaire-ը օգտագործելու այդ օրինագիծը կրկին դնելու Խորհրդարանի օրակարգին վրայ:

Հ.Յ.Դ. Շրջանային Ժողովը առիթ տուաւ խորհրդածելու քաղաքական ընդհանուր ուղղութիւններու շուրջ: Բազմաթիւ բանաձեւեր որդեգրուեցան Հայ Դատի աշխատանքներու ընդլայնման առումով: Ֆրանսայի, Պելճիքայի եւ Հոլանտայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ քաղաքական եւ իրաւական պայքարի հզօրացման կողքին, Հ.Յ.Դ.-ն որոշում կայացուց ինքզինք օժտել հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան համար համապատասխան կառոյցներով: Ան յատկապէս շեշտը դրաւ ի շահ Ջաւախքի հայութեան ինչպէս նաեւ արցախահայութեան քաղաքական եւ տնտեսական զօրակցութեան վրայ:

Նկատի ունենալով որ թուրք պետութիւնը կը շարունակէ պատասխանատու ըլլալ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան, Արեւմտեան Եւրոպայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ իր պայքարը ընդդէմ Թուրքիոյ դէպի Եւրոպա առանց պայմանի մուտքին, բանակցութեանց մէջ մտցնելով Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը:

Հ.Յ.Դ. Շրջանային Ժողովը իր աշխատանքները աւարտեց 4 Յունիս 2006-ին, ընտրելով Արեւմտեան Եւրոպայի շրջանին համար նոր Կեդրոնական Կոմիտէ:

Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի 69-րդ Շրջանային Ժողով

Տպել Տպել