
Արաբական մամուլին մէջ անցեալ ամսուան ընթացքին լոյս տեսած են շարք մը յօդուածներ ու տեսակէտներ, որոնք սուր կերպով կը քննադատեն Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներուն օժանդակելու եւ զանոնք իշխանութեան հասցնելու թրքական ջանքերը, ինչպէս նաեւ կը մերժեն ու կը դատապարտեն թրքական միջամտութիւնը` Եգիպտոսի ներքին հարցերուն: Ստորեւ կը ներկայացնենք արաբական մամուլէն եւ կայքէջերէն քաղուածքներ: «Ալ Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի լրագրողը…















