Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Ջանքերու Համակարգման Ռուս-Թրքական Համաձայնութիւն

Putin2Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան համաձայնեցան Սուրիոյ տագնապի լուծման համար ջանքերը համակարգելու, իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ իր թուրք պաշտօնակից Ահմեթ Տաւութօղլու «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովի գումարումը արագացնելու կարեւորութիւնը շեշտեցին:

«Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` յայտնելով, որ Փութին եւ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Սուրիոյ կացութեան շուրջ թրքական նախաձեռնութիւն մը քննարկած են եւ պատրաստակամութիւն յայտնած տագնապի լուծման համար ջանքերը համակարգելու:

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուեցաւ, որ «երկու ղեկավարները շրջանի, Սուրիոյ եւ մասնաւորաբար անոր շրջապատի կացութիւնը քննարկեցին» եւ «երկու կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին տագնապի քաղաքական լուծման համար ջանքերը համակարգելու»:

Զուգահեռ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Լաւրով Տաւութօղլուի հետ քննարկեց «ռուս-թրքական յարաբերութեանց մէջ գտնուող հրատապ հարցերը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ ներկայ կացութիւնը»:

Լաւրով Տաւութօղլուն տեղեակ պահած է «Ժընեւ-2»-ի պատրաստութեան համար Ժընեւի մէջ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն եռակողմանի հանդիպումին արդիւնքներէն:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեան մը մէջ նշեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտը դրուած է «Ժընեւ-2»-ը գումարելու աճապարելու հարցին վրայ` նպաստելու համար սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման, եւ երկու նախարարները համաձայնած են այս հարցով հաղորդակցութիւնները շարունակելու:

Զողպի. «Սուրիական Ղեկավարութիւնը

Կը Շարունակէ Սուրիոյ Ներքին Հարցերուն

Որեւէ Միջամտութեան Ընդդիմանալ»

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի յայտնեց, որ սուրիական ղեկավարութիւնը տուաւ Սուրիոյ տագնապի լուծման «յստակ պատկերացում» մը, որուն մէջ կը մերժէ քաղաքական ու զինուորական որեւէ ձեւի միջամտութիւն, եւ Սուրիա պիտի շարունակէ իր ներքին հարցերուն որեւէ միջամտութեան փորձի ընդդիմանալ:

Մերքել Ընդդիմութեան Զէնքի

Մատակարարման Հետեւանքներէն

Կը Զգուշացնէ

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել սուրիական ընդդիմութեան զէնքի մատակարարման հետեւանքներէն զգուշացուց:

Ան Գերմանիոյ խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ «մենք կը հասկնանք, թէ Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ ինչո՛ւ կը մտածեն զէնք ուղարկել Սուրիոյ ընդդիմադիր կարգ մը խմբակցութիւններու, որոնք սուրիական կառավարութեան ուժերուն եւ Հըզպալլայի կողմէ բուռն դիմադրութիւն կը դիմակայեն»` աւելցնելով, որ «այդ քայլէն բխելիք վտանգները կարելի չէ սահմանափակել»:

Նշենք, որ երէկ Դամասկոսի քրիստոնեաներով բնակուած Պապ Թումա թաղամասին մէջ յոյն ուղղափառներու Մարիամիյէ եկեղեցւոյ մօտ պայթում մը 4 զոհ եւ շարք մը վիրաւորներ պատճառեց:

Տպել Տպել