«Ո՞ւր կը խաղայ Երկնագոյնը»

Urugvay1Ուրուկուայի Հայ Դատի Յանձնախումբի կայքէջային արշաւը թրքական բռնութիւններուն եւ ուրացման քաղաքականութեան դէմ

Ուրուկուայի մինչեւ 20 տարեկաններու ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կը մասնակցի Թուրքիոյ մեջ տեղի ունեցող Աշխարհի Ախոյանութեան մրցումներուն: Այս առիթով, Ուրուկուայի Հայ Դատի Յանձնախումբը շրջաքայութեան դրած է «Ո՞ւր կը խաղայ Երկնագոյնը» www.dondejuegalaceleste.com յատուկ կայքէջը՝ Ուրու-կուայի հասարակութեան եւ իշխանութիւններուն ուշադրութեան յանձնելու համար Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող մարդկանց իրաւունքներու խախտումները, որոնց կարգին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութեան շարունակումը:

Հանրային կարծիքին յիշեցնելով Արժանթինի մէջ 1978ին տեղի ունեցած աշխարհի ախոյանութեան խաղերը որոնց կայացումը օրին զինուորական բռնատիրութեան առիթ տուաւ աշխարհի ուշադրութիւնը շեղելու իր իսկ ժողովուրդին դէմ գործադրուող մարդկային իրաւանց լայնամասշտապ խախտումներէն, Հայ Դատի Յանձնախումբը ֆութպոլային մրցումներու ենթախորքին վրայ ցոյց կու տայ Պոլսոյ Թաքսիմի Հրապարակէն ծայր առած ցոյցերն ու անոնց դէմ ոստիկանական բիրտ ճնշումները: Պատգամը կը յիշեցնէ նաեւ Թուրքիոյ կողմէ առայսօր ժխտուած Ցե-ղասպանութեան մասին:

Հայ Դատի Յանձնախումբի համացանցային այս արշաւը մեկնարկած է Ուրուկուայի հաւաքականի առաջին խաղին օրը՝ Կիրակի 24 Յունիսին, եւ արդէն երկրի մամուլը, հեռուստատեսութիւնն ու ձայնասփիւռային ժողովրդական ծրագիրներ անդրադարձած են անոր եւ հարցազրոյցներ ունեցած Հայ Դատի Յանձնախումբի պատասխանատուներուն հետ:

Մոնթեվիտէօ, 26 Յունիս 2013

Այցելել՝
www.dondejuegalaceleste.com
www.causaarmenia.org
http://www.facebook.com/#!/pages/Consejo-Causa-Armenia-del-Uruguay/145803005488198?fref=ts

Տպել Տպել