ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Քարոզչական Յանձնախումբին Կազմակերպութեամբ` «Ղարաբաղ. Ազգի Մը Մարտնչումը (Կովկասի Մէջ Հայ-Ազրպէյճանական Տագնապ)» Նիւթով Դասախօսական Երեկոյ

tsernarg-3Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) քարոզչական յանձնախումբին երէկ` երկուշաբթի, 24 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արաբերէնով դասախօսական երեկոյ մը` «Ղարաբաղ. ազգի մը մարտնչումը (Կովկասի մէջ հայ-ազրպէյճանական տագնապ)» նիւթով:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, Ազգային ազատականներ կուսակցութեան եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ուսանողական թեւերուն ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամներ:

Լիբանանեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկը բացուեցաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով Սայտայի մէջ նահատակուած բանակայիններուն յիշատակը:shogher_hovhannesian-

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Շողեր Յովհաննէսեան, որ արաբերէնով եւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Արցախի տագնապը, որուն շրջագիծին մէջ անդրադարձաւ Ազրպէյճանի ապօրինի ծնունդին եւ Ստալինի կողմէ Ղարաբաղը Ազրպէյճանին բռնակցելու որոշումին:
Պատմական ընդհանուր ակնարկով մը Շողեր Յովհաննէսեան անդրադարձաւ արցախեան ազատագրական պայքարին, որ 1992-ին պսակուեցաւ Շուշիի եւ Լաչինի անցքին ազատագրումով ու Լեռնային Ղարաբաղի Հայաստանին կցումով:

«Ղարաբաղեան հարցին պաշտպանութեան ծիրին մէջ կոչ կ՛ուղղենք բոլորին վերադառնալու պաշտօնական աղբիւրներուն եւ միջազգային կազմակերպութեանց արխիւներուն` փաստելու համար, որ Լեռնային Ղարաբաղը երբեք Ազրպէյճանի հողային տարածքին մաս չէ կազմած: Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ մարդկային իրաւունքներու ուխտը յարգող բոլոր երկիրներուն, որոնց մէջ նաեւ Լիբանանին, իբրեւ անկախ հանրապետութիւն ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղը եւ պաշտպանելու հայութեան ազգային ինքնորոշման իրաւունքը», շեշտեց Շ. Յովհաննէսեան:
Ապա ցուցադրուեցաւ կարճ վիտէօ մը, որ քաղուած էր «Ռուսիա Ալ Եաում»-ի կողմէ պատրաստուած «Ղարաբաղ. անցեալի վէրքեր եւ ապագայի յոյսեր» անունը կրող վաւերագրական ժապաւէնէն:

Տեսերիզին ցուցադրութենէն ետք խօսք առաւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան, որ ամբողջական պատմականը կատարեց Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապին, Խորհրդային Միութեան օրով կատարուած պատմական մեծ սխալին, Ստալինի կողմէ 1921-ին տրուած Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանին կցելու որոշումին եւ երկու տարի ետք այդ որոշումին գործադրութեան, պատմութեան ընթացքին ղարաբաղցիներուն դէմ գործուած ազրպէյճանական սպանդներուն, յատկապէս Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ հայութեան դէմ գործուած կոտորածներուն, հազարաւոր հայերու բռնագաղթին, ինչպէս նաեւ մշակութային ջարդերուն:Vera_Yakoubian-300x258

Նշելէ ետք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին իրականութիւնը եւ անոր կապուած պատմական ճշմարտութիւնները` Վ. Եագուպեան լուսարձակի տակ առաւ Ղարաբաղի ազատագրական պայքարին սկիզբը եւ անոր շրջանցած տարբեր փուլերը, մինչեւ հայկական հողերուն ազատագրումն ու անկախութեան հռչակումը:

«Անցնող քսան տարիներուն ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պահպանած է իր գոյութիւնը` իբրեւ ժողովրդավար պետութիւն, ունենալով իր կառավարութիւնն ու գործող տեղական ինքնակառավարման մարմինները, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծման բանակցութիւնները տակաւին կը մնան փակուղիի մէջ: Իսկ Ռուսիոյ, ԱՊՀ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի միջնորդական առաքելութիւնները ապարդիւն մնացին», ըսաւ Վ. Եագուպեան:

Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուն հաստատեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը միջազգային օրէնքի բոլոր չափանիշներն ու պայմանները ամբողջացնող անկախ եւ ժողովրդավար պետութիւն է, հետեւաբար ան կը լրացնէ իբրեւ այդպիսին ճանչցուելու անհրաժեշտ պայմանները:

Դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն

aztagdaily.com
25/06/2013

Տպել Տպել