Յունիս 19ի այս օրը, 93 տարի առաջ, 1920ի Մայիսին արդէն խորհրդային հանրապետութիւն հռչակուած Ատրպէյճանի մուսաւաթական առաջին կառավարութեան նախագահը՝ Ֆաթալի Խան Խոյսկին ահաբեկուեցաւ Թիֆլիսի Գոլովինսկի փողոցին (այժմ՝ Ռուսթավելլի պողոտայ) վրայ։
Ահաբեկիչը Արամ Երկանեան անունով դաշնակցական երիտասարդ մըն էր, որ իր յանդուգն գործողութեամբ առաջին եւ կարեւոր քայլ մը կը նետէր թուրքեւազերի հայասպան ջարդարարներուն արդար դատաստանի եւ մահապատիժի արժանացնելու Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովի որոշած «Նեմեսիս» ծրագրի գործադրութեան ուղղութեամբ։
Խան-Խոյսկին կը հանդիսանար, Ատրպէյճանի մուսաւաթական կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Ճիվանշիրի հետ, գլխաւոր պատասխանատուն իթթիհատական թուրքերու ձեռակերտ նորաստեղծ Ատրպէյճանի տարածքին հայութիւնը կոտորելու եւ տեղահան դարձընելու ցեղասպանական ծրագրի մշակումին ու գործադրութեան։
Պատմութենէն ծանօթ է, որ 1918ի առաջին ամիսներուն, օգտուելով ռուսական զօրքերը ռազմաճակատներէն տուն կանչող Լենինի կործանարար քայլէն, իթթիհատական Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը, Առաջին Աշխարհամարտը արդէն կորսնցնելու պահուն, որոշեց իր ուժերը կեդրոնացնել Անդրկովկասի ճակատին վրայ։ Վերագրաւելով Արեւմտեան Հայաստանը՝ թրքական զօրքերը արշաւեցին Այսրկովկաս: Թրքական 3րդ եւ 4րդ զօրախումբերու՝ 1918 թ. Մայիսին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերուն կրած պարտութենէն յետոյ, թրքական երկրորդ զօրախումբը Ջաջուռ-Համամլու-Ղարաքիլիսա-Դիլիջան-Ղազախ-Ելիզավետպոլ գիծով արշաւեց դէպի Պաքու:
Թուրքերու Պաքու մուտքը մեծ օժանդակութիւն ստացաւ Գանձակի մէջ գտնուող Ատրպէյճանական Դեմոկրատական Հանրապետութեան մուսաւաթական նորաստեղծ կառավարութեան (նախագահը՝ Մ. Ֆաթալի Խան-Խոյսկի) կողմէ: Թուրք-մուսաւաթական համագործակցութիւնն աւելի ակնառու դարձաւ, երբ 1918ի Մայիսի 27ին Մոսուլէն Գանձակ ժամանեց Կովկասեան թրքական բանակի գլխաւոր հրամանատար, զօրավար Նուրի փաշան:
Մայիսի վերջերուն Պաքուի ճակատին վրայ գտնուող թրքական ուժերուն ընդհանուր թիւը արդէն հասած էր 18-20 հազարի եւ օրէ օր կ’աւելնար։ 1918 թ. Մայիսի վերջերուն, հետեւաբար, Գանձակ գտնուող Ատրպէյճանի կառավարութեան ու Մուսաւաթ կուսակցութեան գործիչներու գաղտնի խորհրդակցութեան ժամանակ, մշակուեցան Նուխիի, Արէշի, կէօքչայի, Շամախի եւ Պաքուի գաւառներու հայութեան կոտորածներու ծրագիրներ:
Այս առումով ուշագրաւ է, կոտորածներէն առաջ, Նուխիի, Շամախի եւ Պաքուի քաղաքապետներուն ուղղուած Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար Բէյբուդ Խան-Ջիվանշիրի գաղտնի հրամանը, որ կը հրահանգէր.- «Անհրաժեշտ է ոչնչացնել հայերը, անոնց դիակներու վրայէն անցնելով մեր նպատակներուն հասնելու համար: Մի՛ խնայէք ոչ ոքի եւ հաւատարմօրէն կատարեցէք ձեզի տրուած հրահանգները»։
Պաքուի հայութեան հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը (Պոլշեւիկ ղեկավար գործիչ Ստեփան Շահումեանի եւ Հ.Յ.Դ. հիմնադիր Ռոստոսի միացեալ ղեկավարութեամբ) առանձին անդրադարձի նիւթ է։ Այսօրուան յուշատետրը կը կեդրոնանայ այդ օրհասական կռիւներու ընթացքին եւ յատկապէս թրքական զօրքերու Պաքու մուտքէն ետք հայ ժողովուրդին դէմ մոլեգնած ցեղասպանական ոճիրներուն վրայ, որոնց գլխաւոր պատասխանատուներէն էր Խան-Խոյսկին եւ այդ պատճառով ալ, 1920ի Յունիս 19ին, Արամ Երկանեանի ձեռամբ ստացաւ իր արդար պատիժը։
Այդ օր, ինչպէս պատմական արխիւները կը հաստատեն, «Թիֆլիսի Գոլովինսկու փողոցում անշուք արտաքինով բակապանի վրայ ոչ ոք ուշադրութիւն չդարձրեց: Ծուլօրէն յօրանջող բակապանը յանկարծ կերպարանափոխուեց, երբ երեւաց Խան-Խոյսկին՝ իր ղոչիներով: Մի պահ միայն թուրք դահիճը տեսաւ ահեղ վրիժառուին ու այլեւս… ոչինչ չտեսաւ: Պայթեց Արամի մաուզերը եւ հայակեր դահիճը ընկաւ ջախջախուած գանկով: Եւս երկու կրակոց, ու էլի երկու ղոչիներ հետեւեցին իրենց առաջնորդի օրինակին: Արամը ինքն էլ վիրաւորուեց, սակայն կարողացաւ խուսափել հետապնդումից՝ ապացուցելով, որ որքան քաջ, նոյնքան էլ հնարամիտ է»։
Ահա՛ ամփոփ ու խիտ նկարագրականը 19 Յունիս 1920ի ահաբեկչական հատու գործողութեան, որ առաջին ազդանշաններէն մէկը պիտի դառնար 1915ի Հայասպանական մեծ Ոճիրով սկսած Հայկական Արհաւիրքի թուրք եւ թաթար պատասխանատուներու արդարահատոյց Նեմեսիս գործողութեան։
azator.gr
Ն.







