ՀՅԴ-120. Վերանորոգման հրամայականը շեշտելով


ՀՅԴ-ի 120-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկները եզրափակուեցան հոգեպնդիչ տօնակատարութեամբ, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, Դեկտեմբեր 12ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Հայ Սքուլեի հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ աւելի քան 1500 հայորդիներու: Սրահը յորդած էր խուռներամ բազմութեամբ եւ շուրջ 200 հոգի, տեղի չգոյութեան պատճառով, ստիպուեցաւ մեկնիլ։

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւններու խորհրդանշական՝ 120 պատանիներէ բաղկացած, երգչախումբին ելոյթով: Խմբավար Միքայէլ Աւետիսեանի առաջնորդութեամբ, երգչախումբը յաջողութեամբ կատարեց Հայաստանի օրհներգը եւ կուսակցութեան քայլերգը:

Բեմին վրայ 120 պատանիներու տպաւորիչ ներկայութիւնը, յոբելինական թիւն ու խանդավառ ելոյթը խորհրդանշեցին Դաշնակցութեան վերանորոգման եւ երիտասարդացման ուժը՝ ոգեշնչող իրենց մթնոլորտը տարածելով տօնակատարութեան ամբողջ ընթացքին եւ օրուան պատգամին վրայ:
Տօնակատարութիւնը իսկական առիթ մը եղաւ ներկայացնելու ՀՅԴի 120 ամեայ երթը, իր ծնունդէն մինչեւ այսօր ունեցած դերակատարութեան կարեւոր հանգրուանները: Այս առիթով պատրաստուած տեսաներիզները վեր առին Դաշնակցութեան նպատակն ու դերը մեր պատմութեան կարեւոր հանգրուաններուն, Հայաստանի հանրապետութեան ստեղծումէն մինչեւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան զարթօնքը եւ Արցախի ազատագրութեան պայքարին յաղթանակը։

Օրուան առաջին բանախօսը՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան իր խօսքը սկսաւ մէջբերելով կուսակցութեան հիմնադիր երրորդութենէն Սիմոն Զաւարեանի «Յաղթանակ»ի պատգամը ու ընդգծեց, որ Դաշնակցութիւնը հայ կեանքի բոլոր ճակատներուն վրայ իր մարտունակութեամբ եւ վճռականութեամբ հաստատեց, թէ պայքարի վախճանը անպայման յաղթանակն է: Ապա՝ անդրադարձաւ ՀՅԴի մղած պայքարներուն՝ պայքար բռնատիրութեան դէմ, պայքար անկախութեան համար, պայքար Արցախի ազատագրութեան եւ վերջապէս պայքար՝ մեր ազգային իրաւունքներու վերատիրացման համար, ընդգծելով որ «յաղթանակի վճռակամութեամբ 120 տարիներ շարունակ, Դաշնակցութիւնը իր պայքարին մէջ ընկրկում չունեցաւ, հայրենիքի թէ արտասահմանի մէջ հալածանքի ու դժոխային շատ ճամբաներէ անցաւ, տուաւ անհամար զոհեր, բայց միշտ մնաց իր ժողովուրդին կողքին։ Եղաւ գերազանցօրէն Ժողովուրդի կուսակցութիւնը։ Դաշնակցութիւնը եղաւ ժամանակի, բայց մանաւանդ ապագայի կուսակցութիւնը, մնաց ու կը շարունակէ ըլլալ մեր ազգային իղձերու իրագործման ու պահանջատիրութեան ծանր գործի առաջամարտիկը։ Ամբողջական Հայաստանի կերտումով՝ աշխարհասփիւռ հայութիւնը հաւաքելու մեր նպատակը, ամէնօրեայ ապրող պայքար է, եւ ոչ թէ երազե։

Օրուան պատգամաբերը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանը, իւրայատուկ մօտեցումով ներկայացուց 120ամեայ Դաշնակցութեան իրագործումները՝ հայրենիքի, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ, գաղութներու կազմակերպումէն մինչեւ Հայ Դատի պահանջատիրութիւն, իւրաքանչիւր հաստատումէ առաջ մեկնելով ենթադրական այն հարցադրումը, թէ «Ին՞չ կը պատահէր, եթէ Դաշնակցութիւնը գոյութիւն չունենար…»:

Ան ըսաւ. «Եթէ կշռելու եւ չափելու պիտի ըլլանք Դաշնակցութեան դերը, այդ ըլլայ պատմութեան մէջ թէ ներկայիս, կը բաւէ մտային մարզանքով մը դուրս բերել Դաշնակցութիւնը հայկական իրականութենէն, հայոց պատմութենէն, եւ պատկերացնել անցեալ 120 տարին առանց Դաշնակցութեան։ Ին՞չ պիտի պատահէր եթէ Դաշնակցութիւնը գոյութիւն չունենար։ Կը կերտուէ՞ր արդէօք Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը 1918ին, որ 500 տարիէ աւելի պետականութիւն չունեցող Հայ Ազգին իրաւական եւ միջազգայնօրէն ընդունուած պետութիւն տուաւ։ Համազգային ճիգերով ձեռքբերում մը, ուր Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը անուրանալի է նոյնիսկ ընդդիմախօսներու մօտ, որոնք երկար ժամանակ Եռագոյն դրօշը, «դաշնակների դրօշե որակեցին»։

Պատգամաբեր ընկերը իր խօսքը եզրափակեց՝ շեշտելով երիտասարդութեան կարեւորութիւնը ո՛չ միայն նախորդ սերունդին սկսած գործը շարունակելու, այլեւ ամրապնդելու եւ գերազանցելու առումով:

Գեղարուեստական բաժինով տօնակատարութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին, հանդիսավար՝ Գրիգոր Օգարեան, որ ասմունքով եւ բանաստեղծութիւններէ մէջբերումներ կատարելով յաջողութեամբ վարեց յայտագիրը:

Ոգեշունչ երկու երգերով հանդէս եկաւ Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրուած Գէորգ Հաճեանը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Լեւոն Աբրահամեանի: Մեներգներ կատարեցին նաեւ Սալբի Մայիլեանն ու Ռազմիկ Մանսուրեանը՝ օրուան պատշաճ երգերով: Իսկ Անդրանիկ Սողոմոնեան ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Մենք» քերթուածը:

Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կողմէ խօսք առաւ Դրօ Գրիգորեան, որ երիտասարդական ինքնավստահութեամբ հաստատեց, թէ նորահաս սերունդը արդէն իսկ ստանձնած է պատասխանատուութեան ղեկը եւ կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդին՝ վստահելու երիտասարդութեան:
Տօնակատարութեան ամենախրախուսիչ երեւոյթը անկասկած ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններու երգչախումբին ելոյթներն էին, որոնք խանդավառութեամբ երգեցին կուսակցութեան հարուստ երգերու շարքէն քանի մը երգ:

Իսկ Զուարթնոց պարի համոյթը իր աշխոյժ պարերով վայելքի պահեր բերաւ հանդիսատեսներուն:
Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Արիւնոտ Դրօշ»ի խմբերգումով, Պատանեկան երգչախումբին եւ գեղարուեստական բաժնի բոլոր մասնակիցներուն կատարողութեամբ:

Տպել Տպել