Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, Յուլիս 14-16 օրերուն ընթացքին տեղի ունեցաւ Թեսաղոնիկէի քաղաքապետ Եանիս Պութարիսի գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան, Թեսաղոնիկէ-Գիւմրի քաղաքներու եղբայրացման գործընթացի ծիրէն ներս:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Թեսաղոնիկէի Թաղային Խորհրդոյ ատենապետ Վարդգէս Գունտաքճեանը, ինչպէս նաեւ Թեսաղոնիկէի քաղաքապետութեան միջազգային հարցերու պաշտօնակատար Սփիրոս Փեկաս եւ քաղաքապետի խորհրդատու Աննա Գոնսթանտինու:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ մեզ Թեսաղոնիկէի Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Գունտաքճեանը, ծայր աստիճան յաջող այցելութիւն մըն էր, որ լրիւ յաջողցուց երկու քաղաքներու միջեւ համագործակցութիւնը զարգացնելու եւ եղբայրացման միջոցաւ՝ ապագայ տարբեր հնարաւորութիւններ ստեղծելու առիթը:
Այս ծրագրի յաջողութեան մէջ կարեւոր ազդակներ էին նոյնինքն քաղաքապետ Եանիս Պութարիսի ջերմ բնաւորութիւնն ու անմիջական վերաբերումը, որ ծանօթ ու գնահատուած անձնաւորութիւն է Գիւմրիի իր գործընկերներուն մօտ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մօտ Յունաստանի դեսպանութեան շարունակական օգնութիւնը եւ ներկայութիւնը, այցելութեան բոլոր ընթացքին, յատկապէս դեսպանի փոխանորդ տիկին Վասիլիքի Տիքոփուլուի պատրաստակամ ու աշխուժ ներկայութեամբ:
Թեսաղոնիկէի պատուիրակութեան ցուցաբերուած հիւրասիրութիւնը եւ ընդունելութիւննեով, այցելութիւններով ու հանդիպումներով յագեցած ծրագիրը, շատ բարձր մակարդակի էր եւ լրիւ գոհացուց ակնկալութիւնները:
Պատուիրակութիւնը Հայաստան ժամանեց Կիրակի 14 Յուլիսի գիշերը, եւ Գիւմրի հասաւ երեկոյեան ժամը 11ին, ուր հակառակ զօրաւոր անձրեւին, քաղաքի մուտքին ընդունելութեան պաշտօնական արարողութիւն տեղի ունեցաւ: Մինչեւ ուշ ժամ, ընթրիքի սեղանին շուրջ, երկու քաղաքապետները եւ իրենց ընկերացող անձերը՝ ծա նօթացման եւ ջերմ զրոյցներու առիթը ունեցան:
Յաջորդ օր տեղի ունեցաւ հանդիպում յունական համայնքի պատասխանատուներուն հետ, որոնք իրենց յուզող հարցերու շուրջ քննարկումներ ունեցան քաղաքապետ Եանիս Պութարիսի հետ, հիմնականին մէջ յունարէն գիրքերով գրադարանները օժտելու խնդրանքը ներկայացնելով:
Յաջորդեց քաղաքին մէջ շրջագայութիւն եւ այցելութիւն քաղաքապետարան, ուր մանրամասն զրոյց ծաւալեցաւ քաղաքի կարիքներուն եւ ղեկավարման շուրջ հարցերով: Երկուստեք նշուեցաւ հայ-յոյն հինաւուրց բարեկամութիւնը եւ կարեւոր նկատուեցաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներուն միջեւ համագործակցութեան ընդլայնումը, ի մասնաւորի՝ քաղաքապետական մակարդակի վրայ փոխադարձ ծրագիրներու մշակումն ու իրերօգնութիւնը: Ճշմարիտ ու բարեացակամ կեցուածքներով յատկանշուած այս հանդիպումին որոշուեցան հետեւեալ կարեւոր կէտերը.-
– Թեսաղոնիկէի եւ Գիւմրիի համալսարաններու միջեւ ուսանողներու փոխանակումներ,
– Հայկական եւ յունական ապրանքատեսակներ պարունակող՝ համապատասխան երկու վաճառախանութներու ստեղծում, Թեսաղոնիկէի եւ Գիւմրիի մէջ, ուր պիտի տրամադրուին տեղական ապրանքներ: Այս հարցի մասին, Թեսաղոնիկէի քաղաքապետութիւնը արդէն գործնական քայլին անցաւ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից գտնուող սրահ մը տրամադրելով:
– Ջանք տարուի Թեսաղոնիկէ-Գիւմրի ուղղակի թռիչք ապահովել, ամառնային ամիսներուն ընթացքին:
– Գիւմրիի թանգարաններու համալրում՝ յունական տարբեր հրատարակութիւններով:
– Առեւտրա-տնտեսական համագործակցութիւն երկուքի միջեւ:
Կողմերը երկուստեք կարեւորած են երկու քաղաքներու միջեւ տարբեր բնագաւառներէ ներս համագործակցութիւն սկսելու անհրաժեշտութիւնը՝ առանձնակի խօսելով մարմնամարզի եւ մշակոյթի մարզերէն ներս փոխ գործակութեան հեռանկաներու մասին:
Յաջորդ օր պատուիրակութիւնը վերադարձաւ Երեւան, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հետ, ապա նաեւ ՀՀ Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ Էդուարդ Շարմազանովի հետ: Պրն. Շարմազանով քաջատեղեակ ըլլալով Թեսաղոնիկէի քաղաքի, ինչպէս նաեւ Թեսաղոնիկահայ համայնքի գործունէութեան շուրջ հետաքրքրական զրոյց մը ունեցաւ պատուիրակութեան անդամներուն հետ:
Պրն. Պութարիս դիտել տուաւ թէ 2014ին Թեսաղոնիկէ պիտի հռչակուի երիտասարդութեան եւրոպական մայրաքաղաք: Այս առիթով պաշտօնական արարողութիւն պիտի կազմակերպուի Նոյեմբեր 13ին, որուն ներկայ գտնուելու հրաւէր յղեց պրն. Շարմազանովին: Ան մեծ ուրախութեամբ ընդունեց հրաւէրը, գոհունակութիւն յայտնելով որ կարճ ժամանակ յետոյ դարձեալ առիթը պիտի ունենայ Յունաստան այցելելու:
Պրն. Պութարիս նոյնպէս հրաւէր յղեց Գիւմրիի քաղաքապետ պրն. Բալասանեանին, որ ընդունեց արարողութեան մասնակցելու հրաւէրը:
Նշենք, որ Թեսաղոնիկէ-Գիւմրի քաղաքներու միջեւ եղբայրացումը կայացած իրականութիւն է 2001 թուականէն: Այսուհանդերձ, անցնող տարիներուն ընթացքին գործնական որեւէ քայլ չէր կատարուած այս ուղղութեամբ: Երկու քաղաքապետները ցաւ յայտնեցին անբաւարար այս մակարդակին համար, հաւաստիացնելով թէ հետագային ծրագրուած քայլերը նոր խթան պիտի հանդիսանան երկու քաղաքներու եւ անոնց քաղաքացիներուն միջեւ կապերու զարգացման համար, բոլոր բնագաւառներէն ներս:
Բոլոր հանդիպումներուն ժամանակ ծաւալած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին, Թեսաղոնիկէի քաղաքապետը իր զօրաւոր աջակցութիւնը յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար տարուող աշխատանքներուն, կարեւորելով միացեալ ճիգերով գործելու անհրաժեշտութիւնը՝ հայկական ու յունական ցեղասպանութեանց ճանաչման ծիրէն ներս:
Քաղաքապետ Պութարիս մի քանի առիթներով, իր խօսքերուն մէջ, մեծապէս գնահատեց Թեսաղոնիկէի հայ համայնքի կարեւորութիւնը քաղաքի հասարակական կեանքէն ներս, շեշտելով համայնքի անդամներու աշխատասիրութիւնը եւ դրական նպաստը՝ երկու ազգերու եղբայրական զգացումներուն մէջ:
azator.gr









