Խմբագրականներ՝ Լիզպոնի գործողութեան 30-ամեակին առիթով

Լիզպոնի Նահատակներու 30-Ամեակ.- Վէրքերով Եւ … Վեհութեամբ Լի

Սլաքն ու անոր ետին կանգնող ժամացոյցը մոռացութեան կը մատնեն մարդ, նիւթ, դէպք, յիշողութիւն:…Սակայն կան դէպքեր, անցուդարձեր, պատահարներ որոնքկառչած կը մնան մարդ էակին` յիշողութեան մէջ, այնքան մը որ, այդ միեւնոյն անխնայ սլաքները, որքան
յառաջանան, այդչափ կը շարունակուին անխախտ մնալ, իրկարգին մոռացութեան մատնուելու վտանգին տակ գտնուող` յիշողութիւն կոչեցեալ բնագաւառէն ներս:

Այս իւրայատուկ բացատրութեամբ կարելի է հայորդիին ներկայացնել… ահաւասիկ երեսուն տարի առաջ կատարուած, գրեթէ երէկ պատահած ըլլալու բնոյթը ունեցող Լիզպոնի հերոսական արարքը:

Արա՞րք: Չէ, այդպէս կարելի չէ բնութագրել հայութեան ազգային եւ յեղափոխական պատմութեան էջերուն վրայ ոսկեզօծ գիրերով` հաւատք, հայրենասիրութիւն, իտէալապաշտութիւն փորագրած, Հայ Դատը գերադասած,անձնուիրութիւնը գործնականի եւ անդենականի վերածած, հինգ հայ հերոսներու նահատակութեան երեսնամեակն է այսօր:

Միեւնոյն ժամանակ թէ՛ բախտաւոր եւ թէ՛ անբախտ էին այս հինգ «վիթխարիներ»ը: Այո՛… Անոնք բախտաւոր էին, որովհետեւ կրցած էին իրենց խիզախ, անվախ ու քաջարի արարքով զարթնեցնել ճղճիմ առօրեայով տարուած քնաբեր աշխարհ մը, եւ ամէնայն վճռակամութեամբ, իրազեկ դարձուցած էին Հայոց Հարցը, իր մէջ պարփակելով Ցեղասպանութեան բարդ թղթածրարը` ճանաչումէն մինչեւ հատուցում:

Անոնք կրցած էին ակն ընդ ական, փշռել այդ շղթան, խորտակել այդ պատը` լռութեան եւ …ամօթի:

Այո՛… Անոնք անբախտ էին, որովհետեւ օտար հողի վրայ, Եւրոպայի հեռաւոր Ատլանտեանի ափին կատարած էին գերմարդկային արարք մը, որմէ հազիւ հինգ տարիետք արդէն սկսած էր, իրենց իսկ մարմաջը` Արցախի ազատագրման շարժումը:

Էսթորիլի զբօսաշրջական այդ միջավայրէն հեռու, իրենք` այդ հինգ «Խենթեր»ը մեծխանդով պիտի ցանկային, արեան ի գին պայքարիլ յաչս «Խամսայի
Մելիքութիւններ»ու հողաշերտին ազատագրման համար:

Անոնք քաջատեղեակ թող ըլլան, որ թէեւ ֆիզիքապէս ներկայ չէին, սակայն անոնց ցնցած ռումբին ազդեցութիւնը հասած էր Շուշի եւ Ստեփանակերտ:

Ջահը բարձր պահած էին անոնց հետեւորդները, ինչպէս ցայսօր` խունկն ու մոմն ալ անմար ու յաւիտենական կը մնան…անոնց շիրիմներուն մօտ:

Վէրքերով… եւ վեհութեամբ լի:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ», 26 Յուլիս, 2013


Յաղթանակի Երաշխիքը

L51Պայքարի յաղթական աւարտի երաշխիքը՝ պայքարողի հաւատքի ու համոզումի ուժն է, անոր վճռականութիւնը: Այս հաւատքով, համոզումով ու վճռականութեամբ ճամբայ ելած ոեւէ մարտիկ, ոչ թէ անպարտելի է, այլ հաստատօրէն կը հասնի իր նպատակին: Եթէ ինք չհասնի, կը հասնին իր կողքինները, իր զինակիցները, իր հաւատակիցները, իր համոզումի ու գաղափարի ընկերները:

Լիզպոնի հինգ մարտիկները այդ վճռականութեամբ, հաւատքով ու համոզումով շարժող տղաք էին, ու անոնց հետապնդած նպատակը պարտութիւն չի կրնար ճանչնալ, չի կրնար ընդունիլ, դատապարտուած է յաղթելու:

Այս հաստատումները կրնան լօզունգային արտայայտութեանց տեղ դրուիլ: Հերոսական արարքներու եւ հերոսներու փառաբանումը, միշտ ալ լօզունգային նկատուելու վտանգը կը դիմագրաւէ, մանաւանդ երբ կը տեղադրուի մեր առօրեայ գործելակերպի շրջանակին մէջ:

Այո՛, այդ վտանգը իրական է եւ կրնայ ամբողջութեամբ արժեզրկել այն գերագոյն զոհողութեան ոգին, որ շարժած էր նահատակ տղաքը եւ անոնց օրինակ ծառայած մեր ազգային հերոսները:

Այդ վտանգը, սակայն, ջարդուած, ոչնչացուած է բազմաթիւ հաւատաւորներու կողմէ, որոնք Լիզպոնի տղոցմէ առաջ մահը դիմագրաւելով՝ պայքարած էին յանուն հայրենիքին, յանուն ազգին, եւ որոնք Լիզպոնի օրինակով քալեցին Արցախի սրբազան հողին վրայ, որոնք հայրենիք ազատագրեցին՝ նահատակուելով, չխնայելով իրենց մատաղ կեանքը, չյանձնուելով անձնական կեանքի յաջողութիւններ կերտելու հրապոյրներուն:

Նուիրաբերումի, հայրենասիրութեան, զոհաբերութեան Լիզպոնի տղոց նուաճած մակարդակը անհասանելի կրնայ ըլլալ շատ շատերու, կրնայ նոյնիսկ անհասկնալի ըլլալ ոմանց, սակայն, այդ մակարդակին մօտենալու, հասնելու ձգտումով իսկ եթէ շարժինք, արդէն մեր մէջ բաւարար ուժ կրնանք գտնել՝ յաղթանակի ճամբան հարթելու, յաղթանակի վերջնակէտին հասնելու դրօշարշաւին մեր բաժինը բերելու, մինչեւ որ հասնին նոր հերոսներ, մինչեւ որ երկնուին նոր Վաչէներ, Արաներ, Սեդրակներ, Սարգիսներ ու Սիմոններ, որոնք պիտի վառեն Մասիսի կատարին իր բոցավառութեան սպասող յաղթանակի ջահը:

Եւ ասիկա լօզունգ չէ: Ասիկա կտա՛կ է՝ արիւնով գրուած, անջնջելի:

«ԱՍՊԱՐԷԶ»5 26 Յուլիս 2013


30 Տարի՝ Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու Ճանապարհով

27 Յուլիս 1983… Զոհողութեան խորհրդանիշ
27 Յուլիս 2013… 30-ամեայ ոգեշնչող պատգամ

Անցնող 30 տարուան ընթացքին բաւական խոր քննարկուեցան Փորթուկալի մէջ 1983ին իրագործուած Լիզպոնի տղոց արարքի ծալքերը: Անձնազոհութեան արարք մը, հազիւ 20-23 տարեկան հինգ երիտասարդներէ, որոնք իրենց ապագան զոհեցին, իրենց ազգի ապագան երաշխաւորելու համար:

Երիտասարդ արի հայորդիներու արարքը տարբեր տեսակի արժեւորումներու ենթարկուած է: Անոր պատգամած դասերը հայոց պատմութեան ընդմէջէն մեր քաղած փաստերն են՝ թէ արդարութեան իրաւունքի կերտման ճանապարհին շարուած են երիտասարդ տղոց զոհուած կեանքերը:

Լիզպոնի հինգ տղաքը, որոնց անունները դրոշմուած կը մնան իւրաքանչիւր հայ անհատի մտքին, մա՛նաւանդ անոնց, որոնք երկար ատեն ներշնչուեցան անոնց անձնազոհ վեհ արարքէն, եւ կրակով մկրտուեցան՝ հայութեան արդար իրաւունքներու պահանջատիրական պայքարին մէջ:

Տղոց նպատակը յստակ էր. ընդարձակել Հայ դատի պայքարը, լսելի դարձնել հայութեան իրաւունքները եւ յաջողցնել ազատ Հայաստանի գաղափարը: Նպատակը մէկ էր, սակայն պատգամները ներազգային էին, համազգային էին եւ միշտ այժմէական:

Երիտասարդական խանդի սնունդը՝ յոյսն ու ուժն են: Որեւէ նահանջ չճանչցող ուժը, եւ միշտ աւելիին ու կատարեալին ձգտող յոյսը: Այս երկու զօրաւոր ազդակներն էին որ մղում տուին Արային, Վաչէին, Սարգիսին, Սիմոնին, Սեդրակին ու Արամին՝ ծրագրել ու իրագործել Լիզպոնի մէջ թրքական դեսպանատան գրաւման դէպքը:

Անցնող 30 տարուան մէջ, անկասկած, շատ բան փոխուած է մարդկութեան ընկալումներուն մէջ: Նախ պէտք է յստակցնել թէ այսօրուայ պայմաններու բերումով, նմանօրինակ որեւէ արարք՝ ոճրագործութիւն պիտի նկատուէր համայն մարդկութեան կողմէ, իբրեւ բռնութիւն, ահաբեկչութիւն, ծայրայեղականութիւն բնորոշուելով: Երթալով սակայն 80ական թուականներուն եւ քննարկելով օրուայ պայմանները հասկնալի է, թէ անոնց արարքը այնքան զօրաւոր սկզբունքներու վրայ յենած էր, ցոյց տալու համար թէ հայ երիտասարդութիւնը բացարձակապէս կը մերժէ ռազմավարական նահանջը՝ հակաթուրք պայքարին մէջ, կը մերժէ զիջումները եւ թուլացումները հայութեան պայքարին մէջ:

Լիզպոնի «5»ի արարքը հոգեկան եւ գաղափա- րական հրթիռ էր, որ հետագային այն բոցը հանդիսացաւ, որ վառեց Արցախեան ազատագրութեան պայքարի կրակը, իրար միախառնելով Լիզպոնն ու Արցախը, փաստելով թէ երէկ եւ միշտ մէ՛կ է հայ մարտիկներու կտրած ուղին։

Նման պատգամ երբեք ժամանակավրէպ չէ: Այս մէկը կրնան հաստատել քաղաքական աշխատանք ծաւալող մեր Հայ Դատի Յանձնախումբերուն եւ Երիտասարդական միութիւններուն մէջ գործող հայորդիները, որոնք կը տեսնեն, թէ դժուար ժամանակաշրջաններու մէջ կը գտնուինք, ուր հայութեան դէմ մղուող պատերազմը ռազմադաշտ կը փոխէ շարունակ, Արցախեան սահմանագիծէն անցնելով միջազգային քաղաքական թատերաբեմեր, թրքական եւ ատրպէյճանական լրատուութեան ապատեղեկատուական գրոհէն՝ մինչեւ վարձու քաղաքագէտներու միջոցաւ ձեռք ձգուած հակահայ բանաձեւեր ու քուէարկութիւններ: Յաղթանակներն ու պարտութիւնները իրարու կը յաջորդեն եւ ճնշումները կը սաստկանան: Պայքարը սակայն կը մնայ նոյնը, ինչպէս եւ պատգամները կը մնան նոյնը՝ շարունակել մեր գործը Լիզպոնեան անսակարկ պատրաստակամութեամբ, մեր նոր զէնքերը գործածելով, ինչպիսին են գիտութիւնը, ու- սումը, միասնութիւնը, համախմբուածութիւնը, փորձառութիւնները, հեռատեսութիւնը:

Լիզպոնի տղոց իտէալիզմով վերամկրտուելու եւ մեր ուխտը վերանորոգելու համար ներկայ ըլլանք բոլորս այս Կիրակի առաւօտ, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցին, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան կողմէ կազմակերպուած ոգեկոչման հանդիսութեան:

Դարձեալ շօշափելու համար անոնց կտակած խորիմաստ ժառանգութիւնը:

«ԱԶԱՏ ՕՐ», 26 Յուլիս 2013


Խորհուրդին Անհպելիութիւնը` Ճանաչողական Աշխատանքի Եւ Պետական Արժեւորումի Ճամբով

Լիզպոնեան սխրագործութեան ներազգային եւ արտաքին ճակատներու վրայ փոխանցած խորհուրդները վերարծարծելը հիմնական նոր մտածողութիւն գուցէ չկարենայ յառաջացնել: Այնքան գրուած է ու խօսուած այս մասին, որ դժուար թէ ոեւէ հրապարակագիր կարենայ նոր յայտնութիւն կատարել արձանագրուածին աննախադէպութեան, տարողութեան եւ փոխանցած պատգամներուն մասին:

Խորհուրդին այժմէականացման միտող որեւէ հրապարակագրութիւն փորձ կը կատարէ օրուան քաղաքական պայմաններուն եւ յատկապէս աշխարհաքաղաքական ուժերու ճշդած օրինաչափութիւններուն ընդհանուր եղանակին նկատառումով Լիզպոնի արարքին հասարակական ընկալման փաստերը քննարկումի ենթարկել:

Երկու հիմնական ուղղութեան վրայ կ՛արժէ դիտարկել Լիզպոնը` հասարակական թիւր ընկալումներու որոշ երեւոյթները փորձել շրջելու եւ յատկապէս հանրային կարծիքը ապակողմնորոշումէ փրկելու համար:

Նախ անշուշտ միջազգային հարթութեան վրայ գիտենք, թէ ահաբեկչութիւն յղացքը այսօր քաղաքական ի՛նչ տեսակի մեկնաբանութիւններու կ՛ենթարկուի: Թէ ինչ հաստատութիւններ կը ստեղծուին եւ որքան գումարներ կը յատկացուին հակաահաբեկչական գործողութիւններ իրականացնելու, համաշխարհային կառոյց յառաջացնելու եւ միջպետական յարաբերութիւններու շրջագիծին մէջ միացեալ մեքենականութիւններ ճշդելու առումով: Այս բոլորը աշխարհաքաղաքական տուեալ ուժի համար վերահսկողութիւն բանեցնելու գործնական ճանապարհներ են: Աւելի՛ն. անոնք արտաքին քաղաքականութիւն կիրարկելու համար անհրաժեշտ թեմաներ, պատրուակներ նոյնիսկ եւ ազդեցութեան գօտիի ընդարձակման հզօր գործօններ են: Բայց այս բոլորը իրականացնելու համար նախ պէտք է խրախուսել ահաբեկչական գործողութիւնները, ֆինանսաւորել կազմակերպութիւնները, ստեղծել նոյնիսկ քաոսային կացութիւններ, որմէ ետք բանեցնել հակաահաբեկչական ծրագիրներու մեքենաները: Աֆղանիստանէն Ափրիկէ, անցնելով Միջին Արեւելքէն այս արտադրութիւնները կը շուկայականացուին նման գործընթացներու համար եղանակ ճշդող պետութիւններու կողմէ:

Նման ռազմաքաղաքական շուկայացումները որեւէ ստուեր պէտք չէ յաջողին ձգել ազգային-ազատագրական պայքարի տարբեր դրսեւորումներուն վրայ: Մանաւանդ անոնց, որոնք զուտ ազգային նպատակներու եւ առաջադրանքներու համար գաղափարականութեան ամէնէն իտէալական սկզբունքներէ մղուած իբրեւ սկիզբ եւ իբրեւ վերջակէտ կայացած են բացառապէս ազգային ներշնչումներու, միջոցներու եւ հաւատամքներու վրայ: Ազգային-ազատագրական պայքարի գաղափարական տարանջատումը միջազգային կարծրատիպ ստացած ահաբեկչութենէն աւելի քան կարեւոր է Լիզպոնի նման արարքներու խորհուրդին անհպելիութիւնը ապահովելու համար:

Այստեղ երիտասարդութեան ազնուագոյն մօտեցումին, հայրենասիրութեան անգերազանցելի օրինակին եւ նուիրաբերուելու կամքի տարողութեան աննախադէպութեան մասին է խօսքը: Ճիշդ այստեղ է, որ հայկական դաշտը հասարակական ընկալելիութեան վրայ աշխատելու պատճառ ունի, որպէսզի անիկա չազդուի միջազգային օրինաչափութիւններուն կողմէ նման նուիրական արարքները նսեմացնելու միտող կարծրատիպեր ստեղծելու քաղաքականութենէն:

Հասարակական ընկալման առումով երկրորդ խնդիրը աւելի նեղ շրջանակի կը վերաբերի: Լիզպոնի սխրագործութիւնը ճանաչողականութեան անհրաժեշտ աստիճանաչափը չէ նուաճած հայրենիքի մէջ: Ամիսներ առաջ էր, որ մամուլին մէջ անհեթեթութեան հասնող գրութիւններ երեւցան, որոնք վերը արծարծուած միջազգային կարծրատիպեր պատճառաբանելով դէմ արտայայտուեցան հայրենի գիւղին մէջ Արցախի նահատակներուն յուշակոթողին առընթեր Լիզպոնի նահատակները ոգեկոչող յուշակոթողի կանգնեցման ծրագիրին: Միջազգային արեւմտեան արտադրողական շուկան իր աւերը գործած էր նաեւ հայրենի մամուլի այս կամ այն գործիչին վրայ:

Լիզպոնի խոյանքը իր բոլոր մանրամասնութիւններով եւ խորհուրդի բոլոր ծալքերով պէտք է ծանօթացուի հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին: Չմոռնանք, որ Լիզպոնի հերոսները առանց հայրենիքը տեսած ըլլալու հայրենիքի համար էր, որ տուին իրենց գերագոյնը: Ճանաչողական աշխատանքը այս առումով անհրաժեշտ է, որ թափ ստանայ: Հերոսներու եւ իրենց գործած արարքին հանրաճանաչութիւնը կը նպաստէ, որ հետագային պետական մակարդակով արժեւորուին նաեւ Լիզպոնի անձնուրացները` իբրեւ մեր համազգային ազատագրական պայքարի ընթացքին առանց հայրենիքը տեսած ըլլալու հայրենիքին համար նահատակուած հերոսներ:

«ԱԶԴԱԿ», 26 Յուլիս 2013


«Լիսբոն հինգը» եւ հայության ազատագրական պայքարը

Հայաստանի խորհրդայնացմամբ պետական մակարդակով ընդհատվեցին Հայ դատի լուծմանն ուղղված պայքարը և Ցեղասպանության գլխավոր դահիճների նկատմամբ հատուցման գործողությունները. մարդիկ ստիպված էին իրենց մեջ խեղդել ազգային պահանջներն ու գիտակցությունը՝ խորհրդային իշխանությունների կողմից պարտադրվող ինտերնացիոնալիզմի պայմաններում: Իսկ աշխարհում սփռված հայությունը ինքնահաստատվելու, հացի խնդիր լուծելու և ինքնությունը պահպանելու մարտահրավերի առաջ էր կանգնել, բացի այդ` Եվրոպան սուզվում էր հեղափոխական եւ ազգայնական շարժումների նոր ալեկոծությունների մեջ, որոնք էլ 30-ականների վերջին հանգեցրին Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին: Քառասունականների երկրորդ կեսին «տաք» հակամարտությունը տեղը զիջելու էր «սառը» առճակատմանը, որն էլ ձգվելու էր գրեթե մեկ տասնամյակ:

Մթնոլորտի լիցքաթափման հետ աշխարհում խնդիրներ լուծելու վայր դարձան միջազգային-դիվանագիտական հարթակները: Արտերկրի հայությունը ժամանակը պատեհ համարեց իր հարցերը եւս միջազգային ասպարեզ բերելու համար, սակայն քաղաքական բեմահարթակներ չտրամադրվեցին հայությանը` մի քանի տասնամյակ մոռացության մատնված Հայկական հարցը բարձրացնելու համար:

Սակայն ազգային վերազարթոնք ապրող սփյուռքահայության տրամադրությունների վրա մեծ ազդեցություն ունեցան 1965 թվականին Խորհրդային Հայաստանում Մեծ եղեռնի զոհերի հիշատակը ոգեկոչող հուշահամալիրի բացումը եւ դրան ուղեկցող իրադարձությունները: Լենին-ստալինյան մամլիչի ճնշումը հաղթահարած հայրենաբնակ հայության` իր դատին տեր դառնալը սփյուռքահայությանը հավատ ներշնչեց, որ ազգային բռնադատված իրավունքների վերականգնման համար պայքարը շարունակվում է, եւ դա նոր ազդակ դարձավ հայոց պահանջատիրության աշխուժացման համար:

Եվ այնուամենայնիվ, դիվանագիտական ուղիներով հարցն առաջ մղելու ջանքերը մնում էին անարդյունք: Սփյուռքահայության պայքարող ու պահանջատեր հատվածը հասկացավ, որ ուժեղ ցնցումը կարող է աշխարհին պարտադրել հայացքը թեքել հայության ասելիքի կողմը: Անցած դարի 70-ականներին կեսին սկիզբ առավ եւ մեկ տասնամյակ ծավալվեց պահանջատիրական զինյալ պայքարը: Սփյուռքում ստեղծվեցին մի քանի ընդհատակյա զինյալ կազմակերպություններ (Հայոց ցեղասպանության արդարության մարտիկներ, Հայ հեղափոխական բանակ և այլն), որոնք երկրագնդի տարբեր անկյուններում ահաբեկչական գործողություններ էին իրականացնում թուրքական պետության դիվանագիտական ներկայացուցիչների դեմ: Մարդկության ուշադրությունը դանդաղորեն սեւեռվում էր Հայկական հարցին, աշխարհի առաջին ցեղասպանության փաստի վրայից մաքրվում էր մոռացության փոշին:

Այդ պայքարի ամենաազդեցիկ էջերից մեկը գրեցին «Լիսբոնի 5»-ը` Սեդրակ Աճեմյանը, Վաչե Տաղլեյանը, Սարգիս Աբրահամյանը, Սիմոն Եահնիյանը, Արա Քրճլյանը: Հուլիսի 27-ին լրանում է նրանց սուրբ նահատակության 30-րդ տարելիցը: Հայրենիքը երբեք չտեսած, նրա հողը ոտքի տակ չզգացած 19-21 տարեկան հինգ լիբանանահայ երիտասարդները մեծացել էին հայրենազրկված նախնիների` Եղեռնի մասին անհաշիվ պատմությունները լսելով, ներշնչվել ու դաստիարակվել հատուցման խորհրդով: 1983 թվականին Պորտուգալիայի մայրաքաղաք Լիսաբոնում նրանք գրավեցին թուրքական դեսպանատունը և իրենց հետ պայթեցրին այն: «Դեսպանատան գրավումը միջազգային անտեսումից ձանձրացած ու հոգնած հայ երիտասարդության ընդվզման արտահայտությունն է»,-ասվում էր պորտուգալական իշխանություններին ուղղված` Հայ հեղափոխական բանակի հաղորդագրության մեջ:

Դաշնակցական գործիչ Արտաշես Շահբազյանի խոսքերով՝ «Լիսբոնի 5-ի» գործողության արդար պահանջատիրական էությունը կասկածի տակ դնող և այն որպես սովորական տեռոր որակող ուժեր փորձել են եւ երբեմն-երբեմն փորձում են խեղաթյուրել ու նսեմացնել ինչպես այս գործողության, այնպես էլ, առհասարակ, հայկական պահանջատիրական զինյալ պայքարի իմաստը՝ թյուր կարծիք ստեղծելով ինչպես միջազգային հանրության, այնպես էլ, ցավոք, հայ հասարակության շրջանում: «Լիսբոնի տղաները գնացին գիտակցված մահվան` փաստելու համար, որ տեղի ունեցողը արկածախնդրություն չէ, այլ բարոյական ու քաղաքական առումով արդարացված պայքար: Չընդունել այս արարքի տրամաբանվածությունը նույնն է, թե դեմ լինել, օրինակ, նրանց, ովքեր զենքի դիմելու ճանապարհով ազատագրեցին Արցախը»:

Լիսաբոնի գործողությունն իրականացրած երիտասարդները ջանացել են տեղիք չտալ անմեղ զոհերի, նույնիսկ ռումբը պայթեցնելուց առաջ ազատ են արձակել թուրք դեսպանի կնոջն ու հարազատներին: «Հայ հեղափոխական բանակի թիրախը եղել են միայն թուրքական պետությունը և դրա շահերը ներկայացնողները»,- ասում է Արտաշես Շահբազյանը:

«Հայող ցեղասպանության արդարության մարտիկներ» կազմակերպության մարտիկ Անդրանիկ Պողոսյանի խոսքերով՝ սա էր միակ ճիշտ ուղին պետականություն չունեցող ազգի համար. «Երբ պետականություն ունեցող ժողովուրդներն իրենց հարցերը լուծում են զենքով, դա կոչվում է պատերազմ, ուրեմն ինչո՞ւ հայերիս դեպքում միայն նրա համար, որ մենք չունեինք այդ պետականությունը, պայքարի նույն՝ ռազմական ճանապարհը պետք է որակվեր ահաբեկչություն»:

«Զինյալ պայքարը միակ միջոցն է՝ ապահովելու մեր ժողովրդի ինքնորոշման իրավունքը: Մենք կորցրել ենք, համարյա, մեր ամեն ինչը, մինչև անգամ մեր ինքնությունը, բայց բարեբախտաբար, մենք դեռ պահպանել ենք մեր հեղափոխական հանդգնությունը: Մենք վճռել ենք հօդս ցնդեցնել այս շենքը եւ մնալ փլվածքի տակ: Սա ինքնասպանություն չէ, ոչ էլ՝ խելագարության արտահայտություն: Սա զոհաբերություն է ազատության բագինին»,- ասված է «Լիսբոնի» տղաների հաղորդագրության մեջ:

Լիսաբոնում թուրքական դեսպանատան պայթյունը ցնցեց աշխարհը, միջազգային հանրության, մամուլի արձագանքները գործողության վերաբերյալ եղան տարբեր: Բնական էր նաև գերտերությունների բացասական արձագանքը. մամուլում այն հաճախ որակվեց ահաբեկչություն: Չէ՞ որ դա քաղաքական թատերաբեմում իրենց ձեռքով գրված սցենարի իրականացում չէր, ինչպես և դուրս էր նրանց վերահսկողությունից: Փաստ է, սակայն, որ այս պայթյունը, ինչպես եւ մյուս հայ վրիժառուների կրակոցները փլուզեցին լռության պատնեշները: Աշխարհը սկսեց խոսել Հայկական հարցի մասին: Լիսաբոնի գործողությունից հետո Բեյրութ ժամանեցին պորտուգալական և գերմանական մամլո պատվիրակություններ, որոնք տեղեկատվություն էին հավաքում ոչ միայն «Լիսբոնի հնգյակի», այլև, առհասարակ, հայկական գաղթօջախների և Հայոց ցեղասպանության մասին: Անմահացած հինգ հայորդիներն իրենց կյանքը Հայրենիքի ազատագրության զոհասեղանին դրեցին հպարտությամբ ու պատրաստակամությամբ, հարթեցին գալիք պահանջատեր սերունդների՝ Հայ դատի հետապնդման ուղին:

Այս հերոսական էջն իր անդրադարձն ունեցավ նաեւ շատ հայ երիտասարդների հոգում, ովքեր զենք վերցրեցին եւ նետվեցին Արցախի ազատագրության պայքարի հորձանուտ:

Նանե ՄԱՆԱՍՅԱՆ

Հ.Գ. Հունիսի 27-ին` ժամը 12-ին, Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսավորիչ եկեղեցում կմատուցվի պատարագ` ի հիշատակ 30 տարի առաջ հուլիսի 27-ին Լիսաբոնում նահատակված 5 հայորդիների:

«ԵՐԿԻՐ», 26 հուլիս 2013

Տպել Տպել