Ցեղասպանութեան Զոհերու Ժառանգորդներու Փաստաբանները Վերջ Կու Տան Իրենց Տարակարծութեանց

0726axaԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Վարդգէս Եղիայեանի, «Քապաթեք Պրաուն Քելնըր», ինչպէս նաեւ «Կիրակոս եւ Կիրակոս» իրաւաբանական գրասենեակները միացեալ հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացնեն, թէ որոշած են վերջ տալ «Աքսա» ապահովագրական ընկերութեան դէմ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն համար բացուած դատին գծով իրենց միջեւ ծագած անհամաձայնութեան, որուն շնորհիւ՝ «Կիրակոս եւ Կիրակոս» իրաւաբանական գրասենեակը որոշած է ետ քաշել Վարդգէս Եղիայեանի, Ռիթա Մահտեսեանի եւ շարք մը բարեսիրական կազմակերպութեանց դէմ բացուած դատը:

Նաեւ, կողմերը համաձայնած են քննել ֆրանսական «Աքսա» ընկերութեան դէմ բացուած դատին ծախսերը եւ մարդասիրական կազմակերպութեանց կատարուած հատուցումներուն առնչուող հարցերը՝ միաժամանակ դիմելով Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային շրջանային ատեան, բոլոր հատուցումներուն առնչուող հարցերը վերջնականացնելու համար:

«Աքսա» ապահովագրական ընկերութեան դէմ նշեալ դատը բացուած էր Փետրուար 2002ին, Վարդգէս Եղիայեանի եւ Պրայըն Քապաթեքի կողմէ, Լոս Անճելըսի մօտ դաշնակցային շրջանային ատեանին մէջ, նպատակ ունենալով վնասուց հատուցում ապահովել ապահովագրութեան ընկերութեան կողմէ իրաւազրկուած այն հայորդիներուն, որոնց նախնիները կեանքի ապահովագրութիւն գնած էին ընկերութենէն ու սպաննուած էին Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն: Դատը նաեւ կը հետապնդէր Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը լուսարձակի տակ առնելու նպատակը:

Նշեալ իրաւաբանները կը յայտնեն, թէ իրենք շատ լաւ կը գիտակցին, որ ընկերութեան տրամադրած հատուցումը ջնջին արժէք մը կը ներկայացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ ընդհանրապէս հայութեան կրած վնասներուն դիմաց, սակայն անոնք կը շեշտեն, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու եւ անարդարութիւնը սրբագրելու նպատակով պայքարը պէտք է շարունակուի: Անոնք կը յուսան, որ նորագոյն համաձայնութիւնը առիթ պիտի ընծայէ, որ պայքարը կեդրոնանայ վնասուց հատուցում ապահովելու աշխատանքին վրայ:

Կողմերը կը յուսան, որ դաշնակցային շրջանային ատեանը յառաջիկայ 90 օրերուն ընթացքին իր վճիռը արձակէ՝ «Աքսա» ապահովագրական ընկերութեան դէմ բացուած դատին վնասուց հատուցումներուն եւ իրաւաբանական գրասենեակներուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան պայմաններուն գործադրութեան կապակցութեամբ:

asbarez.com
25/07/2013

Տպել Տպել