Հ.Յ.Դ. Լիբանանի կեդրոնական կոմիտեի հաղորդագրութիւնը


Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը: Խոր ընդվզումով եւ մտահոգութեամբ տեղեկացանք, թէ այսօր երեկոյեան Թրիփոլիի համիտեան ժամացոյցի աշտարակին նորովի լուսաւորման առիթով Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի անունով յիշատակի արձանագրութիւն մը պիտի զետեղուի…Խոր ընդվզումով եւ մտահոգութեամբ տեղեկացանք, թէ այսօր երեկոյեան Թրիփոլիի համիտեան ժամացոյցի աշտարակին նորովի լուսաւորման առիթով Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի անունով յիշատակի արձանագրութիւն մը պիտի զետեղուի։

Ցաւալի է, որ այս նախաձեռնութիւնը, որ խորապէս կը խոցէ հայ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը, կը զուգադիպի 1915ին թրքական իշխանութիւններուն գործադրած Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակին, ցեղասպանութիւն մը, որուն զոհ գացին 1,5 միլիոն հայեր։
Համայն աշխարհով մէկ տարածուած հայութիւնը, միջազգային հանրային կարծիքին զօրակցութեամբ, երկու օրեր առաջ՝ 24 Ապրիլին, ոգեկոչեց այս ցեղասպանութեան յիշատակը քայլարշաւներով եւ ցոյցերով, որոնք Թուրքիայէն կը պահանջէին ճանչնալ այդ ոճիրին առնչութեամբ իր պատասխանատուութիւնը եւ հատուցում կատարել հայերուն։ Միայն Լիբանանի մէջ մօտ 50 հազար հայեր մասնակցեցան ոգեկոչման քայլարշաւին եւ ժողովրդային հաւաքին։

Խստիւ կը դատապարտենք այս նախաձեռնութիւնը, որ համազօր է հայութեան հաւաքական յիշողութեան ոտնակոխման, յիշողութիւն մը, որուն մէջ արմատաւորուած է հայ ժողովուրդի դարաւոր տառապանքը, ապա՝ հայոց բնաջնջումը օսմանեան բռնատիրական իշխանութիւններուն ձեռամբ։ Պէտք է նկատի ունենալ, որ հայութիւնը տակաւին կը պահանջէ իր իրաւունքներուն կենսագործումը եւ իր արդար դատին, ինչպէս նաեւ բոլոր իրաւազուրկ եւ հալածուած ժողովուրդներուն դատերուն լուծումը՝ իբրեւ պայման հասնելու համաշխարհային խաղաղութեան։
Հայերը միշտ ալ բարձրացուցած են ազատութեան եւ արժանապատուութեան դրօշը։ Անոնք զոհուեցան յանուն իրենց լիբանանեան հայրենիքի պանծացման, եւ տակաւին իրենց կարելին ի գործ կը դնեն այդ ուղիին վրայ:

Յայտնենք, որ լիբանանեան խորհրդարանը 17 Մայիս 2000ին ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ հրապարակելով բանաձեւ մը, որուն մէջ կը նշուէր. «Լիբանանեան խորհրդարանը, 1915ին օսմանեան իշխանութիւններու գործադրած եւ 1,5 միլիոն հայերու կեանք խլած ցեղասպանութեան 85ամեակին առիթով, կը դատապարտէ հայ ժողովուրդին նկատմամբ ի գործ դրուած հաւաքական բնաջնջումը, եւ կ՚արտայայտէ իր ամբողջական զօրակցութիւնը իր հայ հայրենակիցներուն պահանջներուն, ինչպէս նաեւ՝ նկատել կու տայ, որ այս ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը հիմնական պայման է ապագային տեղի ունենալիք նմանօրինակ ոճիրներու կանխարգիլման»։

Հետեւաբար, նկատել կու տանք, որ սխալէն ետդարձ կատարելը արժանիք է եւ Թրիփոլիի քաղաքապետական խորհուրդին նախաձեռնութիւնները պէտք է համընկնին լիբանանեան խորհրդարանի ուղղուածութեան, մանաւանդ որ անիկա ժողովուրդին ներկայացուցիչն ու իր անունով օրէնքներ մշակողն է։

Հ.Յ.Դ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
26 Ապրիլ 2006 Պէյրութ

Տպել Տպել