Լոս Անճելըսի Հայութիւնը Կ՛ոգեկոչէ Լիզպոնի Նահատակներու Յիշատակը

lisbon5evet

«…Եթէ յիշատակս ալ թառամի, Ա՜հ, այն ատեն ես կը մեռնիմ»։
Պ. Դուրեան

Սիրելի Արա, Սագօ, Վաչէ, Սեդրակ եւ Սիմոն, դուք մեռած չէք, դուք դեռ կենդանի էք, դուք կ՛ապրի՛ք եւ պիտի ապրիք այնքան ատեն, որ կան ձեզ յիշողներ, ձեր գաղափարներուն եւ ձգտումներուն հաւատացողներ, եւ ինչու չէ նաեւ՝ «խենթեր», որոնք նոյն յանձնառութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ կրնան առաջնորդուիլ:

Կիրակի, 28 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 7ին, աւելի քան 650 անձեր, որոնք կը ներկայացնէին բոլոր տարիքի եւ խաւի հայորդիներ, փութացած էին Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահը, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու, ինչպէս նաեւ յարգելու յիշատակը այն հինգ անձնազոհ հայորդիներուն, որոնք երեսուն տարի առաջ, արհամարհելով ամէն ինչ՝ եկան փաստելու, թէ իրենց նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար, եւ իրենց ռումբերուն միջոցաւ, կրցան պատռել միջազգային լռութեան պատը, որ հիւսուած էր ընդհանրապէս Հայ Դատի եւ հայութեան պահանջատիրութեան նկատմամբ։

Ներկաներու կողքին, ՀԵԴն կրցած էր նաեւ Youtube-ի միջոցաւ ձեռնարկը հեռարձակել եւ զայն հասանելի դարձնել բոլոր անոնց, որոնք աշխարհագրական եւ այլ դժուարաութիւններու պատճառաւ, չէին կրցած ներկայ գտուիլ։
Լիզպոն 5ի յանձնախումբը, սրահի մուտքին, ներկաներուն բաժնեց այս առիթով պատրաստուած յատուկ գրքոյկ եւ DVD մը, ուր անդրադարձ կար գործողութեան պատմականին ու հերոսներու կենսագրութեան, ինչպէս նաեւ մէջբերումներ կային անոնց խօսքերէն եւ գաղափարներէն։ Կար նաեւ օրին մամուլին յանձնուած Հայկական Յեղափոխական Բանակի հաղորդագրութիւնը:

Ձեռնարկը սկսաւ Արմէն Մովսէսեանի «Զինուորի Երգ»ով եւ ապա ՀԵԴի ընկերներէն Գասպար Ճիւէլէկեան արտասանեց Լիզպոնի 5ին նուիրուած երգի յառաջաբանը՝ «Դուք ծնունդ էիք արիւնի, ողբի ու տառապանքի, դուք ծնունդ էիք նաեւ կամքի եւ յաղթանակի։ Դուք ծնած չէիք դիտելու եւ մեկնելու, ո՛չ, հանդիսատես չէիք կրնար ըլլալ, չունէիք այդ իրաւունքը։ Մեր պայքարը պատմութեան, դերասաններ չխաղցան, այդ պատմութիւնը դատերագիր մը չէ գրած… Այդ պատմութիւնը գրեցիք դուք, գրեցիք ձեր շունչով ու ապա մահով… խեղթեցիք ձեր եսը ու վերածեցիք զոհաբերութեան։ Ձեր երդումը արմատացաւ ձեր սրտին մէջ, ու հասաք զոհաբերութեան բագինին։ Իջէ՛ք երկինքէն, ընկերացէ՛ք մեզի,

գալենք հաստատ գետնի վրայ ու վստահութեամբ, ու ձեր շունչով զինուինք, ոչնչացնենք ամէն բան, որ կ՛արդարացնէ մեր հանգիստը, մեր ընթացքը, դառնանք կայծակ, մահացու դանակ, դառնանք պատուհաս աշխարհի, դառնանք փուշը իր աչքին, յանուն սուրբ պայքարի ընկերներ, յանուն ձեր յարգելի յիշատակին…»։ Ապա ներկաները, պաստառի վրայ հետեւեցան երգին եւ տեսահոլովակին, որմէ ետք հանդիսավարը ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ եւ յոտնկայս յարգելու յիշատակը ազատութեան բագինին իրենց կեանքը զոհած հայ հերոսներուն:Lisbon_5_general_1
Յայտագիրը իրագործուեցաւ ազատութեան մարտիկներու կենսագրութեան ընթերցումով եւ DVD-ի ներկայացումով։ Սիմոն Եահնէեանը ներկայացուց Փասատինայի ՀԵԴի «Նիկոլ Դուման» ուխտի ընկերուհիներէն Լոռի Ճիկէրեանը, որմէ ետք Վիգէն Եագուպեան, կիթառի ընկերակցութեամբ Արա Տապանճեանի, ներկայացուց «Էլ ոչ մի վիշտ»ը, «Տարօրինակ մարդ արարած»ը եւ «Մարտիկի Երգ»ը։ Կլենտէյլի «Ռուբէն» ուխտի ընկերներէն Գօգօ Նազարեան կարդաց Վաչէ Տաղլեանի կենսագրականը, որմէ ետք Սոնա Մատարեան ասմունքեց Լիզպոնի հինգի երեսունամեակին առթիւ Կայլակի կողմէ գրուած ոտանաւոր մը, ապա հատուածներ կարդաց Ժագ Ս. Յակոբեանէն եւ Յովհաննէս Շիրազէն՝ Լիզպոնի հինգին նուիրուած անոնց քերթուածներէն, եւ եզրափակեց Դանիէլ Վարուժանի «Ցեղին Սիրտը»ի «Ցեղին Փառքը» հատուածով։

Սարգիս Աբրահամեանի կենսագրութիւնն ու խօսքը կարդաց Լա Քրեսենթայի ՀԵԴի «Զարթօնք» ուխտի անդամներէն Սանան Հարունը, որմէ ետք Արմէն Մովսէսեան կիթառի վրայ մեներգեց «Յոյսի արագաստ» եւ «Վեր կաց եղբայր» երգերը, ապա Պըրպենքի ՀԵԴի «Կայծակ» ուխտի անդամներէն Ուռի Կարապետեան կարդաց Արա Գըրճըլեանի կենսագրականը։ Մուրատ Թօփալեան անգլերէնով ներկայացուց օրուան պատգամը, որմէ ետք Րաֆֆի Ուրֆալի ներկայացուց Սեդրակ Աճէմեանի կենսագրականը:

Ներկաները առիթն ունեցան պաստառի վրայ դիտելու եւ հաղորդակից դառնալու «խենթեր»ուն վկայակոչումին, զոր արձանագրած էին գործողութենէն առաջ։

Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան հանդիսացաւ հայերէն լեզուով օրուան պատգամաբերը։ Նախքան ձեռնարկի աւարտը, ներկաները անգամ մը եւս պաստառի վրայ յոտնկայս ունկնդրեցին Լիզպոնի 5ին երգած «Վէրքերով Լի» երգը՝ փակելով անոնց յիշատակին նուիրուած ձեռնարկը։

asbarez.com
30/07/2013

Տպել Տպել