Եւրոպայի մէջ Հայ Դատի աշխատանքներու մասին հետաքրքրական զեկոյց մը Մուրատ Փափազեանի հետ

murad1Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէին, Երկուշաբթի, 29 Յուլիս 2013-ին շահեկան հանդիպում-զրոյց մը կայացաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ:

ՀՅԴ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, «Ն. Աղբալեան» կոմիտէի անունով Սագօ Գասապեան ողջունելով ներկաները բացումը կատարեց ձեռնարկին: «Հայ դատը ներկայութիւն է Եւրոպայի գրեթէ բոլոր ատեաններուն մէջ», ըսաւ Գասապեան՝ նշելով, որ օգտուելով ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի քաղաքական ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեանի եւ իրեն ընկերակցող ֆրանսահայ ընկերներու Լիբանան այցելութենէն, ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէն նպատակայարմար նկատեց կազմակերպել այս հանդիպում-զրոյցը: «Դատը նոյնն է, մեթոտները փոխուած են», ընդգծեց Գասապեան, ապա խօսքը փոխանցեց օրուան բանախօսին:

Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ Փափազեան խօսեցաւ Եւրոպայի տարածքին Հայ դատի յանձնախումբերու տարած գործունէութեան մասին՝ կեդրոնանալով թուրք-ատրպէյճանական հակահայ գործունէութեան ու լոպիինկի հակազդեցութեան փորձերուն վրայ: Բաղդատական քննական մօտեցումով Փափազեան ներկայացուց թրքական հետզհետէ շեշտուող ներկայութիւնը Եւրոպայի տարածքին: Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայ դատի յանձնախումբերուն վարած քաղաքական մարտավարութեան՝ Եւրոպայի ղեկավար ու պատասխանատու մարմիններուն եւ ատեաններուն մօտ: «Անընդունելի է, որ հայերը իրենց կարողութիւններով մրցակցին մեզի հետ», ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ՝ զարմանք յայտնելով Հայ դատի գործունէութեան թողած ազդեցութեան գծով:

«Ցարդ քսանհինգ պետութիւններ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը», յայտնեց Փափազեան՝ ընդգծելով այս ուղղութեամբ ճիգերու բազմապատկման անհրաժեշտութիւնը՝ նկատի ունենալով, որ Թուրքիա մարդուժի կողքին նաեւ տնտեսական ու նիւթական հզօրանքով կ՛ուզէ թափ տալ հակահայ քարոզչութեան, ուր օրինակ ուշագրաւ ներկայութիւն են ծայրայեղ ազգայնական տարրերը՝ «Գորշ գայլեր» եւայլն:

Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ այս ուղղութեամբ Հայաստանի իշխանութեան եւ ՀՅԴ-ի յարաբերութեանց եւ ըսաւ. «Դժբախտաբար Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դիւանագիտական գործունէութիւնը Թուրքիոյ դէմ ակնկալուած մակարդակով չի տարուիր»: Ան անհրաժեշտ նկատեց ՀՅԴ-ի եւ Հայաստանի իշխանութեան միջեւ ճիգերու համադրումը՝ Հայ դատի առնչութեամբ դրական արդիւնքներու յանգելու համար: Փափազեան մանրամասն խօսեցաւ ՀՅԴ-ի եւ Ֆրանսայի ղեկավար մարմիններուն (յատկապէս՝ նախագահին եւ ազդեցիկ կուսակցութեանց) միջեւ տիրող դրական գործակցութեան մասին:

Ան նաեւ անդրադարձաւ վերջերս աշխուժօրէն գործի լծուած ատրպէյճանական հակահայ գործունէութեան՝ նշելով, որ թէ՛ թուրքերը եւ թէ՛ ատրպէյճան- ցիները ամէն միջոց կ՛օգտագործեն, յաճախ նիւթական օժանդակութիւններով թրքական թէ ատրպէյճանական ներկայութիւն (ակումբ, կեդրոն…) հաստատելու հայկական գործօն դիրքերու եւ ակումբներու դէմ՝ «փորձելով տկա- րացնել մեր գործունէութեան ազդեցութիւնը»:

Դասախօսութեան աւարտին, Փափազեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

azator.gr

Տպել Տպել