Ակնարկ. Մոսկուան Պաքուին Կ՛առաջարկէ Խաղալ Ռուսական Ռուլեթ

Aliyev_Putin_Sargsian-Նախագահ Փութինի այցելութիւնը Պաքու հասկնալիօրէն աւելի բարձրացուց արդէն իսկ որոշակի նախադրեալներու հիման վրայ Երեւանի մէջ ստեղծուած մտահոգութեան ալիքը։ Տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններ կը շարունակեն հեղեղել մամլոյ ասուլիսներու, մեկնաբանական յօդուածներու եւ վերլուծական փորձերու առանցքային նիւթերով յագեցուող տարածքները։

Այս բոլորը սկսան, երբ հրապարակուեցաւ Ռուսիոյ կողմէ Պաքուն սպառազինելու համար վաճառուած զինուժի տարողութիւնը։ Դէպի Պաքու նկատուող ռուսական ջերմացումի այս աստիճանաչափի կտրուկ բարձրացումը տարբեր պատճառներ կրնայ ունենալ։ Հայկական դիտակէտէ գործընթացը արժեւորելու ընթացքին անշուշտ ո՛չ պէտք է ողբերգականացնել երեւոյթը եւ ո՛չ ալ թերագնահատել՝ անվերջ յանկերգելով, որ անիկա որեւէ ձեւով չի կրնար ազդեցութիւն ունենալ Երեւան-Մոկսուա ռազմավարական յատուկ գործընկերութեան վրայ։ Քաղաքական տրամաբանութեան համահունչ նախադրեալներ կը պարփակեն այն պնդումները, որոնք ներկայ ժամանակահատուածին առնուած ռուսական քայլը կը բացատրեն Եւրոպական Միութեան ընկերակցութեան փաստաթուղթի նախօրեակին դիպուկ ուղերձներ փոխանցելու մղումով։ Ի վերջոյ Եւրասիան եւս առաջարկուող ուղի է Երեւանի համար. եւ առաջարկողը ուրիշ կողմ չէ, եթէ ոչ ռազմավարական գործընկերը կամ Ազրպէյճանը սպառազինողը։ Պատճառահետեւանքային տրամաբանութիւնը կարելի է երկարել այլ մղումներ եւս տեսնելու համար Մոսկուայի կողմէ առնուած եւ առնուող քայլերու ետին։

Հիմա, կեդրոնանանք քանի մը դիտարժան կէտերու վրայ, որոնք ընդհանուր առումով արձանագրուած են Պաքուի մէջ կայացած միջնախագահական միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։

Պաքուի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը կրնայ միայն քաղաքական լուծում ունենալ: Իսկ ահա Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիևի կարծիքով, Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը պետք է լուծուի միջազգային իրաւունքի հիման վրայ։ Վերջինս նաև յիշեցուցած է «պատմական արդարութեան» մասին՝ նշելով, որ Ռուսիան մեծ դեր կը խաղայ հակամարտութեան հանգուցալուծման գործին մէջ:

Ալիեւի խուսանաւումը այստեղ նախնական է։ Ալիեւը նախ փորձ կը կատարէ չվերարտադրելու իր ռուս պաշտօնակիցին կատարած յայտարարութեան ընթացքին օգտագործուած բառեզրը, որովհետեւ ատիկա ուղղակի կը հակադրուի ներքին սպառման համար տարիներէ ի վեր իր կողմէ շահարկուած եւ տակաւին շահարկուող ռազմատենչ հռետորաբանութեան, որ բարձրակէտի հասած էր վերջերս։ Նոյնիսկ պատերազմի նախապատրաստութիւններ տեսնելու եւ զօրակոչի խաբկանք ստեղծելու ուղղութեամբ յայտարարութիւններ կատարելով։ Փոխարէնը, ան կը խօսի միջազգային օրէնքի հիմամբ հարցը լուծելու մասին, ինչ որ բնականաբար պէտք է հասկնալ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը գերադասելով։ Ակնկալութիւնը շարունակութեան մէջ է. Ռուսիան, որ մեծ դերակատարութիւն ունի հակամարտութեան հանգուցալուծման մէջ, պէտք է վերականգնէ պատմական արդարութիւնը։

Տարածաշրջանին մէջ մեծ դերակատարը սակայն, կը կրկնէ այն, ինչ որ համանախագահները ըսած են ու կը շարունակեն ըսել. խնդիրի լուծումը բացառապէս քաղաքական հարթութեան վրայ պէտք է տեսնել։ Բայց…ռուսական վտանգաւոր խաղը կը շարունակուի։ Վեց միլիառ տոլարի համապատասխան սպառազինել կողմը, որ հակամարտութեան մէջ է իր ռազմավարական յատուկ գործընկերոջ հետ եւ յետոյ յայտարարել, որ խնդիրը պէտք է բացառապէս քաղաքական ճանապարհով լուծել։

Եւ խաղը կը շարունակուի. երեքշաբթի օր, գրեթէ միաժամանակ Փութինի Պաքու այցելութեան, նախագահ Սերժ Սարգսեան կ՛ընդունէր Ռուսիոյ Դաշնության ռազմաարհեստագիտութեան համագործակցութեան դաշնային գործակալութեան տնօրէն Ալեքսանտր Ֆոմինը: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքէջը կը յայտնէր, որ հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները գոհունակությամբ խօսած են երկու ռազմավարական դաշնակից պետություններուն միջեւ բոլոր ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան զարգացման բարձր մակարդակի մասին և անդրադարձած Հայաստանի ու Ռուսիոյ միջև ռազմաարհեստագիտութեան համագործակցութեան ամրապնդման եւ խորացման ուղղուած ծրագիրներուն: Սերժ Սարգսեանն ու Ալեքսանտր Ֆոմինը քննարկած են Հայաստանի և Ռուսիոյ միջև պաշտպանութեան ոլորտի փոխգործակցութեան հետագայ ընդլայնման վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:

Ի՞նչ կը ստացուի. կը ստացուի այն, որ Ռուսիան մեծ չափերով կը զինէ Պաքուն, յետոյ Պաքուէն կը յայտարարէ, որ հարցերը բացառապէս պէտք է քաղաքական մակարդակով լուծել։ Պաքուն զինելու եւ անոր հետ նոր համաձայնագիրներ ստորագրելու ընթացքին, նոյն օրերու ճշդապահութեամբ, Մոսկուայի ներկայացուցիչը պաշտպանութեան ոլորտի համագործակցութեան ծիրը ընդլայնելու բանակցութիւններ կ՛ունենայ հայկական կողմին հետ։ Արդիւնքը այն է, որ վտանգաւոր խաղի կանոններ կը թելադրէ Մոսկուան միաժամանակ թէ՛ Երեւանին եւ թէ՛ Պաքուին։

Առաջին հայեացքով կը թուի, թէ հայկական կողմը կոչ կ՛ուղղէ Պաքուին չներքաշուելու այս վտանգաւոր խաղին մէջ։ Երէկ պարզ դարձաւ, որ Արցախի իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն կը յայտնեն Ազրպէյճանի հետ երկխօսութեան սկսելու ջրային պաշարներու միացեալ կառավարման շուրջ:

Կարեւորը երկխօսութիւն ստեղծելու առաջարկն է կամ բանակցային սեղանի շուրջ նստելու կոչը, որ համահունչ է նաեւ Փութինի Պաքուի մէջ յայտարարած քաղաքական ճանապարհ ընտրելու կոչին եւ ոչ նոյն Մոսկուայի կողմէ Պաքուն հսկայածաւալ զինելուն։ Այդ արդէն վտանգաւոր խաղին մասնակցելու առաջարկ է` Մոսկուայի կողմէ ուղղուած Պաքուին։ Իսկ ռուսական վտանգաւոր խաղը աշխարհին ծանօթ է ռուլեթ անունով։Ռուսական ռուլեթ։

«Ա.»
aztagdaily.com

Տպել Տպել