Սլաք-Մարդասիրական…

ՄաքսատւնՉինաստանի հետ առեւտուր ընող բարեկամ մը ունիմ, որ զայրոյթով ու խոր ընդվզումով կը հետեւի Սուրիոյ ու յատկապէս Հալէպի մէջ տեղի ունեցող վայրագութիւններուն, անմարդկային ու նախնադարեան ոճով սպանութիւններուն (ո՞վ չ՛ընդվզիր…)։

Բարեկամիս զայրոյթը ունի տարբեր տարածք մըն ալ, որ կը բխի ամերիկեան իշխանութիւններուն ապիկար երեսանցութենէն։ Բացատրենք։ Կը պատմէ, թէ վերջերս, Չինաստանէն ներածած է զգեստներ, որոնց մէկ բաժինը պատրաստուած է կոկորդիլոսի մորթէ։ Ներածումը ստուգող մաքսատան պաշտօնեան հարց տուած է, թէ փաստ ունի՞ որ մորթին համար օգտագործուած կոկորդիլոսը… մարդասիրական-մարդկային ձեւով սպաննուած է, որովհետեւ, եթէ խժդուժ կերպով սպաննուած է, կարելի չէ ապրանքը ներածել. ան բացատրած է թէ այս երկիրը ունի մարդասիրական սկզբունքներ, շնչաւոր արարածները իրաւունքներ ունին, կենդանիներու պաշտպանները կը զայրանան… Ներածումը արտօնուած է Չինաստանէն գրաւոր վկայութիւն բերելէ ետք միայն։ Հոն, չինացի պաշտօնեան խնդացած է այս ծանծաղամտութեան վրայ։

Բնականաբար ո՛չ կենդանիներու պաշտպաններուն դէմ ենք, ոչ ալ Պրիժիթ Պարտոյի նման կենդանասէրներուն բարեսիրական ընթացքին հանդէպ առարկութիւն ունինք։ Սակայն կարելի չէ լուռ անցնիլ իշխանութեան մը ա՛յս տարողութեամբ երկդիմի վերաբերմունքին վրայէն։ Մէկ կողմէ, սահմանագլուխին, նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերուի կոկորդիլոսի մը սպանութեան պայմաններուն նկատմամբ, սահմաններէն ասդին, ահագին աղմուկ կը բարձրացուի, իրաւամբ, անոնց դէմ, որոնք մսացուներուն նկատմամբ վայրագութիւն կը կիրարկեն, իսկ անդին, ժողովուրդներու սպանդն ու քաղաքներու քանդումը կը մնան ո՛չ միայն անտարբեր աչքերու դիմաց, այլ քանդողին, ջարդողին ու վայրագութիւնը պատկերասփիւռներէն ցուցադրողին նկատմամբ կը ցուցաբերուի բարեսրտութիւն, կիսավայրենիներուն կը խոստացուի զինական օժանդակութիւն (մի՛շտ կեցցէ զէնքի առեւտուրը)։

Այո՛. անմարդկային է յիշեալ պարագաները իրարու հետ բաղդատելն անգամ։ Սակայն յայտնապէս Մարդասիրութիւն հասկացութիւնն ալ նոր սահմանում ունեցեր է։

asbarez.com

15/08/2013

Տպել Տպել