Հաղորդագրութիւն

ARF_Logo-coloredԵրէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստիւ կը դատապարտէ Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած պայթումը, որուն իբրեւ հետեւանք ինկան տասնեակ մը անմեղ զոհեր` ահաբեկչական այս երկչոտ արարքը նկատելով բոլոր լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ ազգային կայունութեան դէմ ուղղուած արարք:

Ահաբեկչական այս արարքը նոր փորձ մըն է երկիրը մղելու երկպառակութեան ու ներքին բախումներու: Բոլորս պարտինք գիտակցիլ մեզ սպասող վտանգներուն, միակամ ճակատով դիմադրել երկիրը հարուածող խափանարար ծրագիրին եւ դէմ կենալ ներքին երկպառակութեան, եւ այս` պահպանելու համար երկրի ներքին անդորրութիւնն ու քաղաքացիներու կեանքը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ ապահովական կառոյցներուն փութալու իրականութեան քողազերծման եւ ոճրագործներու բացայայտումին, որպէսզի անոնք ստանան խստագոյն պատիժը:

Կեդրոնական կոմիտէն նաեւ խոր ցաւակցութիւն կը յայտնէ զոհերու ընտանեկան պարագաներուն` շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Հաղորդագրութիւն

pakradouniԵրէկ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Հարաւային արուարձանները ցնցած ականահարումին առնչութեամբ հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

Բուռն կերպով կը դատապարտեմ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու ահաբեկչական պայթումը, որ թիրախ ունի լիբանանեան բոլոր շրջանները եւ երկրին գերիշխանութիւնը: Անիկա նմանապէս կը հարուածէ բոլոր լիբանանցիները` առանց խտրութեան:

Զուգադիպութիւն չէ, որ այս յարձակումը կը պատահի լիբանանցի ժողովուրդի Դիմադրութեան Իսրայէլի դէմ արձանագրած յաղթանակի տօնակատարութեան նախօրեակին: Այս զուգադիպութիւնը ցուցանիշ է թշնամիի պարտութեան ընդունման, որուն արդիւնքները ան կը մերժէ ընդունիլ մինչեւ օրս: Արդարեւ, ոճրային այս արարքէն առաջին օգտուողը Իսրայէլն է:

Արդ, կոչ կ՛ուղղեմ երկրի քաղաքական բոլոր կողմերուն, պատասխանատուներուն եւ հեղինակութիւններուն` համախմբուելու պետութեան միասնականութեան շուրջ, պահպանելու ներքին անդորրութիւնը եւ հեռու մնալու երկպառակութենէ:

Նաեւ կոչ կ՛ուղղեմ պետութեան` չէզոք կեցուածք չորդեգրելու ոճրագործներու բացայայտման եւ անոնց նկատմամբ ծանրագոյն պատիժի տնօրինման հարցով:

Խորին ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ զոհերու ընտանեկան պարագաներուն` շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ
ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

aztagdaily.com

Տպել Տպել