Սկսած Եւ Տեւող Աղէտ-Արտագաղթը Ազգի Բանի Եւ Գործի Կիզակէտին Չի Գտնուիր

«Արտագաղթը հայրենիքից, 1915 թուի
Ցեղասպանութիւնից յետոյ, ամենամեծ
ոչ բնական աղէտն է… Նա մեր հողի
կամաւոր զիջումն է Թուրքիայի»:

ՍԻԼՎԱ ԿԱՊՈՒՏԻԿԵԱՆ

Մեր Ներկան Դիտել Ազգային Իմաստութեամբ

Hagop-Balian (1)Աժան եւ անվաղորդայն փառասիրութիւններու համար սովորութիւն ունինք պատերէն կախելու յայտնի մարդոց խօսքերը, մանաւանդ երբ անոնք մեր եսերը եւ սնապարծութիւնը կը շոյեն: Սիլվա Կապուտիկեան կ՛արտասանեն մանուկները բեմերէ` հայերէն խօսելու գովքը երգելով, միւս կողմէ` հայերէնը կը համարեն անօգուտ, ոչ գործնական, «փոր չկշտացնող»:

Ազգային գաղափարախօսութեան եւ քաղաքականութեան տեսանկիւնէ (Հայաստան եւ սփիւռքներ) լաւ պիտի ըլլար Սիլվա Կապուտիկեանի դիպուկ խօսքը բազմագրել եւ ցրուել հանդիսութիւններու ընթացքին, եկեղեցիներու մուտքին: Հայաստան այդ կրնայ գրել նաեւ դրոշմաթուղթերու վրայ: Այդ ընելու համար, ի հարկէ, պէտք է հրաժարիլ աննպատակ մարդորսութենէ, զգացական «հայրենակցականասիրութենէ» եւ ամբոխավարութենէ:
Միշտ խորհած եմ, որ բանաստեղծները, իրենց արտակարգ ներիմացական յատկութիւններով, ապագայատես են, գերիվեր` քաղաքագէտներու եւ տնտեսագէտներու իմաստուն կամ գիտուն համարուած… խարխափումներէն, որոնք բառերու ետին կը թաքնուին եւ սրահ կը յուզեն: Բանաստեղծները վեր են դիրքերու, շահախնդրութիւններու եւ մարդորսութեան թափահարումներէն, ուր յաճախ էականը կը բացակայի եւ կը ծաղկին եսերը:

1945-1948 ներգաղթի օրերէն մինչեւ այսօր, շեշտուած կերպով Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ի վեր, տեղի կ’ունենայ հայերու արտագաղթը, զոր պէտք չէ շփոթել բռնագաղթ-հայրենահանման հետ, երբ միաժամանակ ճառեր կը հնչեն վերաբնակեցման, հայրենադարձութեան, եւ` այլ կարգի տպաւորելու միտում ունեցող տարազներով:

Ո՛չ պետութիւնը, ո՛չ քաղաքական գործիչները, ո՛չ ղեկավարութիւնները, ներառեալ` հայկական սփիւռքներու, «արտագաղթ» երեւոյթին ազգային-քաղաքական իրաւ եւ ոչ որձեւէգ գնահատումը չըրին եւ ըստ այնմ չդիրքորոշուեցան Սիլվա Կապուտիկեանի տարազած քաղաքական ախտորոշման հունով. «Արտագաղթը հայրենիքից, 1915 թուի Ցեղասպանութիւնից յետոյ, ամենամեծ ոչ բնական աղէտն է… Նա մեր հողի կամաւոր զիջումն է Թուրքիայի»:

Արտագաղթը քաղաքական ծանրակշիռ հետեւանքներով ազգային-քաղաքական-ընկերային երեւոյթ է, եւ անպատասխանատուութիւն է հայ մարդուն եւ հայկական կազմակերպութիւններուն, հանրային գործիչին եւ մտաւորականութեան համար, ազնուօրէն քաղաքական վերաբերում չունենալ, առանց խուսանաւելու: Ահաւոր մակերեսայնութիւն է արտագաղթը դիտել անհատական եւ անհատներու տեսանկիւնէ, երբ անով բնակուած հայրենիքը անբնակ դառնալու սպառնալիք կ’ապրի: Այս մտածումն է, որ կը ներշնչէ Սիլվա Կապուտիկեանը: Արդարեւ, հողի տիրացման համար թուրքը ցեղասպանութիւն գործեց, զանգուածային արտագաղթով նոյն այդ հողի լքումը հայրենիքը կը դատարկէ` դռները լայն բանալով անոնց առջեւ, որոնք հայ եւ Հայաստան ոչնչացնելու գաղափարէն չեն հրաժարած:

Իսկ այդ ոչնչացումը այսօր մենք կը նախապատրաստենք… զանգուածային բացակայութեամբ:

Պատմութեան Բեմէն Դուրս Չգալու Համար

Այս աղէտին դիմադրելու համար ազգովին չդիմեցինք հեռանկարային նախաձեռնութիւններու եւ միջոցներու, չունեցանք ազգային-հեռանկարային վերաբերում: Մարդոց դժուարութիւնները հասկնալ, օժանդակել, լաւ բաներ են: Բայց երբ անհատականը եւ մասնակին կը ծածկեն ընդհանրականը եւ էականը, կը դառնան վտանգ ազգի եւ հայրենիքի գոյութեան, եւ այն ատեն պէտք է փոխադրուիլ այլ մակարդակ եւ ըստ այնմ մտածել եւ գործել: Այսինքն ՀԱՅՐԵՆԱԼՔՄԱՆ ծանրակշիռ արարքը, Սիլվա Կապուտիկեանի իսկ բանաձեւումը, ազգային քաղաքականութեան մէջ իր անդրադարձը չունեցաւ, ինչ որ սխալ մըն է, որ շատ սուղ պիտի արժէ Հայաստանի, Հայ դատին եւ սփիւռքին, եթէ մեր քիթը անմիջականէն վեր հանելու յանդգնութիւնը պակսի:

Ի՞նչ ըրինք եւ ի՞նչ կ’ընենք, որպէսզի արտահոսքը կասի` փոխանակ զգացական վերաբերումներով քաջալերելու, արտագաղթողներէն օգտուիլ փորձելու: Արտագաղթողը պիտի գիտնայ, որ իր հայրենալքումը դրական կերպով չի դիմաւորուիր, արտագաղթելու թեկնածուներն ալ այդ պիտի գիտնան: Եթէ միջոցներ ունինք օժանդակելու, այդ պիտի ընենք հոն մնացողներուն եւ հողին տէր եղողներուն: Ասիկա ճառ չէ, ազգային-քաղաքական կեցուածք է:

Արտագաղթի կասեցման իսկական ազդակները կը գտնուին տեղւոյն վրայ: Պետութիւնը երկրի եկամուտներու եւ արտաքին օժանդակութիւններու արդար բաշխումը պարտի ընել, ներդրումներով, որպէսզի աշխատատեղեր ստեղծուին եւ մնացողներու կեանքի որակը բարելաւուի: Սփիւռքը, փոխանակ անտեղի կերպով գովերգելու կամ ինքզինք փաստելու համար տպաւորիչ ընդունելութիւններ կազմակերպելու, այս պահանջով հրապարակ պարտի գալ:

Այս ընելու համար կողոպուտի եւ ամէն կարգի չարաշահումներու դէմ իսկական պայքար պէտք է մղել: Յաճախ խօսած եմ հաշուեքննութիւն ընելու մասին` տեսնելու համար, թէ Խորհրդային Միութեան փլուզման յաջորդած երեսուն տարիներուն ինչպէ՛ս մարդիկ կրցան հսկայական հարստութիւններու տէր դառնալ` ի հեճուկս ժողովրդային զանգուածներուն: Վարչապետ մը տարիներ առաջ ըսաւ, թէ «աուտիթ կ՛անենք», աւելի քան քսան տարիներ ետք այդ «աուտիթ»-ը կը սպասենք…

Երբեք բաւարար չափով չենք խօսիր «դասական» կոչուած սփիւռքի եւ «նոր» կազմուող սփիւռքի մասին, որ արտագաղթի հետեւանք է, անոնց ծննդոցը գաղափարական-հոգեբանական անհաշտելի տարբերութիւն ունի. Մին հայրենահանման հետեւանք էր, երկրորդը` հայրենալքման: Բացասական երեւոյթներուն համար միշտ կարելի է արդարացումներ գտնել: Այս հիմնական տարբերութիւնը կ’արգիլէ մշակութային իմաստուն քաղաքականութեան մը որդեգրումը: Դասական սփիւռքը տեւած էր փորձելով մշակոյթի վերածուիլ` անոր վրայ պատուաստելով քաղաքական նախաձեռնութիւնները: Այսօր ե՛ւ այդ մշակոյթը ե՛ւ քաղաքական պատուաստումը խոչընդոտուած են արտագաղթող եկած հոգեբարոյական եւ մշակութային տարբերութիւններով, որոնց պատճառով նորը չի մերուիր նախկինին: Զգացական հայրենասիրութիւնը պատճառ է, որ այս դառն իրականութիւնները չտեսնենք եւ անպատասխանատուութեամբ սփիւռքներու լուծարքը տնտեսենք:

Այս բոլորին մասին չմտածել իր կարգին աղէտ է: Դժբախտաբար պատմութիւնը պիտի հաստատէ, որ արագ տեղատուութիւններու պատճառով սփիւռքեան հաւաքականութիւնները դարձան «ծագումով հայ», օր մը` այդքանն ալ մոռնալով:

Այս խնդիրներուն դրական լուծում կարելի չէ բերել օրը օրին ապրելով, բաժակաճառով, աղմուկով սրահ լեցնելով, որոնք պարզապէս ծխածածկոյթ են:

Դժբախտաբար այս հարցերով տագնապողները որոշում կայացնողներու շրջանակէն դուրս են: Իսկ թէ ի՞նչ կը բանին որոշում կայացնողները, օր մը իրենք պէտք է բացատրեն, իսկ եթէ զանգուածները ծանրօրէն ընդարմացած չեն, իրենք ալ պէտք է հարցնեն…

Հարցը ո՛չ տնտեսական է, ո՛չ ալ անհատական: Ան էապէս ազգային է: Ափսոս պիտի ըլլայ, եթէ այս չհասկնանք:

30 յուլիս 2013, Նուազի-լը-Կրան

Յ. ՊԱԼԵԱՆ
aztagdaily.com
16/07/2013

Տպել Տպել