ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը Այցելեց Նախագահ Սլէյմանի

Sleiman_TashnagParty-ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ընկերներ Յակոբ Խաչերեան, Սեպուհ Յովնանեան, Յովհաննէս Թասլաքեան, Աւետիս Կիտանեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի:

Պէյթէտտինի պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ քաղաքական ուժերուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդումը` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել