Համահայկական տարտղնուած ու դառն իրականութեան մէջ, ուր երիտասարդութեան նշմարելի տոկոս մը հայկականութեան հետ առնչուող խնդիրներու հանդէպ կ՛ապրի բացասական մօտեցումով կամ նուազագոյնը «անտարբեր» չէզոքութիւն մը կը ցուցաբերէ, նահատակութեան գաղափարը` յանուն գերագոյն արժէքներու, կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու, որ այդ դառն իրականութեան մէջ ծնած ու գտնուած են հերոսներ, որոնք ունին ժխտականը դրականի վերածելու ուժը, կարողութիւնը` «անտարբերութիւն»-ը չէզոքացնելու եւ հայկականութեան հետ առնչուող խնդիրները ամէնօրեայ տագնապներու վերածելու:
Մհեր Ջուլհաճեան իր նահատակութեամբ կ՛արտացոլացնէ նշեալ գաղափարին պատկերներէն մէկը:
Նահատակութեան 20-ամեակն է Մհեր Ջուլհաճեանի: Այս առիթով կոչը ուղղուած է համայն երիտասարդութեան, բոլոր երիտասարդ-ուսանողութեան, տեսնելու, զգալու Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան արժէքը եւ լաւապէս գիտակցելու անոր կարեւորութեան:
Մհերը հաւատաց (վստահ ենք), որ իր նահատակութիւնը քիչ մը աւելի պիտի երկարաձգէ սփիւռքեան գոյութեան տաժանելի փաստը, հաւատաց, որ այդ երկարաձգումին արդիւնքը անպայման կ՛ըլլայ սպասուած երազի մը իրականացումը:
Արցախի ազատագրութեան պայքարին ընթացքին, 23 օգոստոս 1993-ին, Մարտունիի շրջանին մէջ Մհեր Ջուլհաճեան իր ընկերներուն հետ` Մերուժան Մոսոյեանի, Արտակ Մնացականեանի եւ Լեւոն Համբարձումեանի կը զոհուի… եւ իրենց նահատակութեամբ հայրենիքի գոյութեան ու շարունակականութեան երաշխիքը քիչ մը աւելիով կ՛ամրապնդուի:
Մհեր կը նահատակուի… Մհերին նահատակութեամբ ամբողջ կեանք մը` երիտասարդութեամբ ու խոստմնալից ապագայով լեցուն, ի սպաս կը դրուի ազատութեան, ազատօրէն ապրելու, հայկական իրաւունքներուն տիրանալու, հայրենիք մը ունենալու ի խնդիր… Աւելի՛ն, իր նահատակութեամբ Մհեր կու գայ այդ ժողովուրդին եւ յատկապէս երիտասարդութեան ըսելու, որ կայ աւելի բարձր, աւելի վսեմ բան մը, զոր նահատակութեամբ կ՛արժէ ապրեցնել…
Կը հաւատանք, ինչպէս հաւատացին իրենք` նահատակները, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող գործելադաշտի մը մէջ նետուելու հրամայականին: Մհերի նահատակութեան յիշատակով պէտք է գործել, կարենալ դժուարագոյնը շրջանցելու եւ իսկական ու վայել գործունէութիւն ծաւալելու համար: Կը հաւատանք, Հայաստանի եւ ներկայ Հանրապետութեան զարգացման ու հզօրացման… Մհերի վեհանձնութեամբ պէտք է գործել… Կը հաւատանք Արցախի վերաբնակեցման աշխատանքի կարեւորութեան ու այն մէկը իրականութիւն դարձնելու հրամայականին… «Դէպի Երկիր»-ի գաղափարապաշտի օրինակով պէտք է գործել… Կը հաւատանք ջաւախահայութեան ազատատենչ ապրումներու մօտակայ իրականացման: Մհերի «երազով» պէտք է ապրիլ…
Վկայութիւններ Մհեր Ջուլհաճեանի Մասին
Հաւա՛տք, կա՛մք եւ նուիրո՛ւմ այս երեք գաղափարներուն մէջ միայն կարելի է յիշել ընկեր Մհերը:
Իր գործի օրինակով եւ միտքերով ան մեզի տուաւ շունչ եւ առողջ դատողութիւն:
Թող մարդիկ չկարծեն, թէ մենք այսօր ընկեր Մհերը կը յիշենք իր խօսքերով: Ո՛չ, մենք կը յիշենք մեր նահատակ վարիչը իր նայուածքով, գուրգուրանքով եւ գործով: Մեր մեծ եղբայրն էր ան, մեզի ուղի տուող ընկերը:
ՀՅԴ «ԲԱԲԳԷՆ ՍԻՒՆԻ»
ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԸՆԿԵՐՆԵՐ
Դուն ալ Լիզպոնի հերոսութեամբ տոգորուած` ընտրեցիր գերագոյն զոհաբերութեան ու նուիրաբերումի ճամբան եւ փաստեցիր, թէ քու այնքան սիրած կուսակցութիւնդ միայն մտաւորականներու կուսակցութիւն չէ, եւ ի հարկին, պէտք էր գրիչը մէկ կողմ դնելով` «Քալաշնիքով» վերցնել, եւ այդ համոզումով կլանուեցար հայրենասիրութեան բագինին բոցերով, որոնք դժբախտաբար լաւագոյն տղերքը կը խլեն մեզմէ:
Հասկցար Մհեր, որ Արցախի հողն ալ վար ու հերկի կարօտ է եւ հիմա երազդ արդէն իսկ իրականացած է, եւ վստահ եմ, որ մեր պատմութեան ու նորօրեայ հազարաւոր մեր նահատակներուն հետ հիմա Մասիս լերան լանջին կը պարես:
Գ. ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Հայաստանի մէջ Մհերը կարծէք վերագտած էր ինքզինք եւ ստացած էր նոր փայլք մը: Իր ունեցած յատկանիշները աւելի շեշտուած էին, այն աստիճան, որ կարելի էր ըսել, թէ փոփոխութիւն մը կար անոր մէջ, եթէ լաւէն դէպի աւելի լաւը անցումը կարելի է փոփոխութիւն համարել: Դարձած էր հեզ, աւելի բարի, աւելի համբերատար, աւելի կարգապահ, աւելի ուրախ եւ նոյնիսկ կատակասէր, բայց միաժամանակ` աւելի՛ խստապահանջ եւ աւելի՛ գաղափարապաշտ: Երբ այս իրողութիւնը յանձնուեցաւ իր ուշադրութեան, իր անսահման բարի ժպիտը դէմքին ըսաւ. «Ճիշդ էք, բաւական փոխուած եմ, հիմա աւելի հանգիստ կը զգամ»:
Մտաւորական-մարտիկ Մհերը իր նահատակութեամբ, բայց մանաւանդ իր կարճ կեանքի բուռն գործունէութեան օրինակով, մեզի` մնացողներուս տուաւ վերջին, բայց միշտ շարունակուող դասը` սեփական կեանքի օրինակով դաստիարակել սերունդները:
Յ. ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ
Մհերի անձին մէջ տիրական էր գաղափարապաշտ մարդու գիծը: Ըլլա՛յ անհատական իր կեանքը, ըլլա՛յ դաշնակցական իր կեանքը, լաւագոյն օրինակներն էին այս հաստատումին: Կը մերժէր միջակութիւնը ու կը ձգտէր լաւագոյնին: Սկզբունքը իրեն համար կարմիր գիծ էր, որուն առջեւ որեւէ զիջում էր սեփական անհատականութենէն: Բուռն կերպով կը ձաղկէր հոս ու հոն երեւցող տկարութիւնները, կը մերժէր սուտն ու կեղծիքը, ծուլութիւնը, շահամոլութիւնը, կը մերժէր ու կը պայքարէր բոլոր անոնց դէմ, որոնք հանրային հասարակական մեր կեանքը ագարակի տրամաբանութեամբ կ՛ուզէին վարել:
Գերազանցապէս գործի մարդ էր ան: Իրակա՛ն գործի` բարեբախտաբար: Հեռու աղմուկէ, քարոզչութենէ, ցուցադրական ելոյթներէ, ան կը հաւատար գործին սկիզբին ու մեկնակէտին:
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
aztagdaily.com







