Հաղորդագրութիւն

ARF_Logo-coloredՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը դատապարտէ ահաբեկչական այն արարքը, որ թիրախ դարձուց հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաք Թրիփոլին ու անոր բնակիչները, պատճառելով բազմաթիւ անմեղ զոհեր ու վիրաւորներ:

Երբ թիրախը համայն Լիբանանն է իր բոլոր բնակիչներով եւ խափանարար ծրագիրը կը շրջի ամէն տեղ, սադրանք սերմանելու փորձերը կը կրկնուին, ապա զգաստութեան կոչ կ՛ուղղենք բոլորին` պատասխանատուութեան զգացումով տոգորուելու երկրին նկատմամբ:

Այսօր մենք որեւէ ժամանակէ աւելի կարիքը ունինք գործակցութեան եւ զօրակցութեան ու հեռու մնալու երկպառակիչ ճառախօսութենէ` ետ մղելու համար քաղաքացիները անապահովութեան ու անիշխանութեան գիրկը մղող փորձերը: Ինչպէս նաեւ պէտք է երկխօսութեան նստինք եւ օգնենք ապահովական ու զինուորական կառոյցներուն, որպէսզի կարենան ամրապնդել երկրին կայունութիւնը, ապահովութիւնն ու ներքին անդորրութիւնը:

Նմանապէս խոր ցաւակցութիւն կը յայտնենք Թրիփոլիի զոյգ պայթումներու զոհերու ընտանեկան պարագաներուն` շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Հաղորդագրութիւն

Pakradonianaaghob-300x196Թրիփոլին հարուածած երկու պայթումներէն անմիջապէս ետք, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը:

Խստիւ կը դատապարտենք ոճրային այն արարքը, որ հարուածեց Թրիփոլին` պատճառելով բազմաթիւ զոհեր ու վիրաւորներ: Նմանապէս, կը դատապարտենք սրբավայրերն ու աղօթատեղիները թիրախ դարձնելու երեւոյթը: Այս արարքին նպատակն է իրարանցում եւ միջլիբանանեան երկպառակութիւն սերմանել ու հարուածել երկրին ապահովութիւնն ու կայունութիւնը: Բոլորին կոչ կ՛ուղղենք իմաստութեան ու ազգային գիտակցութեամբ զինուելու եւ վեր բարձրանալու այս հարցերէն` խուսափելու համար Լիբանանին դէմ լարուած ծուղակէն եւ խափանարար ծրագիրին մէջ մխրճուելէ:

Արդարեւ, Թրիփոլին թիրախ դարձնող հարուածը թիրախ ունի նաեւ Լիբանանը. արդ, կը շեշտենք երկխօսութեան վերադարձի կարեւորութիւնն ու շարքերու միասնականութիւնը` ետ մղելու համար երկիրը դէպի անծանօթ անորոշութիւն մխրճող փորձերը: Կը հաստատենք գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը երկիրը ապահով հունի հասցնելու եւ կոչ կ՛ուղղենք ապահովական ու զինուորական կառոյցներուն` քողազերծելու յանցագործները եւ պատժելու զանոնք:

Նմանապէս խոր ցաւակցութիւն կը յայտնենք զոհերու ընտանեկան պարագաներուն` շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ՊԼՈՔԻ
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ,
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

aztagdaily.com

Տպել Տպել