Լիբանանը Ապահովական Քաոսի Մատնելու Զգտումով. Զոյգ Պայթումներ Ցնցեցին Հիւսիսային Լիբանանի Մայրաքաղաք Թրիփոլին

Baytoum1-300x184Քանի մը վայրկեաններու տարբերութեամբ, երկու ահաւոր պայթումներ երէկ ցնցեցին հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաք Թրիփոլին` պատճառելով աւելի քան քառասուն զոհեր եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ:

100 քկ «Սի-ֆոր» պայթուցիկ նիւթով լարուած «Ֆորտ» տիպի ինքնաշարժ մը երէկ յետմիջօրէի ժամը 1:30-ին ցնցեց «Թաքուա» եւ «Սալամ» մզկիթները անջատաբար: Իրարմէ որոշ հեռաւորութեան վրայ գտնուող մզկիթներու մուտքին պատահած պայթումները պատճառեցին նոյն ցաւը, նոյն վախը, անապահովութեան նոյն մղձաւանջը անխտիր բոլոր քաղաքացիներուն մօտ` լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ: Լիբանանեան պատերազմէն եւ յատկապէս 18 ապրիլ 1996-ին հարաւի մէջ ՄԱԿ-ի Կանայի կեդրոնին դէմ պատահած ահաւոր ցնցումէն ետք, Թրիփոլիի զոյգ պայթումները եկան իրենց մարդկային թէ նիւթական կորուստներով գերակշռելու վերջին շրջանին Լիբանանը հարուածած ապահովական բոլոր ցնցումներուն հետեւանքները:

Ինչպէս միշտ, ահաբեկչական այս դէպքը եւս դատապարտումի լայն ալիք յառաջացուց տեղական թէ շրջանային ու միջազգային մակարդակներու վրայ: Նմանապէս բազմաթիւ վերլուծումներ եկան մեկնաբանելու դէպքը` իւրաքանչիւր կողմ իր դիտանկիւնէն վերլուծելով անոր դրդապատճառներն ու հեռանկարները: Սակայն բոլոր կեցուածքները, վերլուծումի թէ անմիջական հակազդեցութեամբ կոչ ուղղեցին միջլիբանանեան համերաշխութեան եւ նման դէպքերու կանխարգիլման:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խստիւ դատապարտեց «ամբողջ հայրենիքը խափանարարութեան թիրախ դարձնող ահաբեկչական սպանդը»: Ան կոչ ուղղեց ապահովական ու զինուորական կառոյցներուն փութալու` քողազերծելու համար յանցագործները եւ պատժական խստագոյն տնօրինումներու ենթարկելու զանոնք: Նախագահը նաեւ ցաւ յայտնեց ինկած զոհերուն համար` շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն եւ կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն զգաստանալու եւ համերաշխօրէն զօրակցելու` ի խնդիր ազգային համախոհութեան:baytoum-300x200
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւս դատապարտեց ահաբեկչական արարքը` հանգստացնելով, որ ինք եւ իր ընտանիքը ապահով վիճակի մէջ են:

Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդհատեց իր արձակուրդը եւ Յունաստանէն վերադառնալով ձեռնարկեց անհրաժեշտ հաղորդակցութիւններուն` զանազան կողմերուն հետ:

Ապահովական բնոյթի արտակարգ հանդիպումներ տեղի ունեցան Թրիփոլիի թէ Պէյրութի մէջ` քննարկելու համար դէպքին մանրամասնութիւններն ու որդեգրուելիք միջոցառումները:

Նմանապէս, ապահովական բնոյթի ժողով մը եւս պիտի գումարուի այսօր` շաբաթ, Պաապտայի մէջ, նախագահութեամբ նախագահ Սլէյմանի:
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ազգային սուգի օր հոչակեց այսօր` շաբաթ, 24 օգոստոսը` պետական հաստատութիւններէն պահանջելով առաւօտեան ժամը 10:00-էն 11:00-ի միջեւ ընդհատել աշխատանքը:

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց բոլոր հիւանդանոցներուն անխտիր պետութեան հաշուոյն բուժելու բոլոր վիրաւորները:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն դատապարտեց զոյգ պայթումները` կոչ ուղղելով փութացնելու կառավարութեան կազմութիւնը: Ան յայտնեց, որ Ռուէյսի եւ Թրիփոլիի պայթումներուն հեղինակները նոյնն են եւ կը միտին քաղաքացիական պատերազմ բռնկեցնել Լիբանանի մէջ:Baytoum3-300x225

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաղորդակցութեան մէջ մտաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի եւ հիւսիսային Լիբանանի կարգ մը ղեկավարներու հետ` դատապարտելով Թրիփոլի հասած սադրիչ ձեռքերու ահաբեկչական հարուածը:
Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն զգուշացուց լիբանանցիները զանազան շրջաններու միջեւ «սպրդող» ականուած ինքնաշարժներէ` կոչ ուղղելով խուսափելու սադրանքի հնոցին մէջ մխրճուելէ: «Տեղեկութիւններ ունինք, թէ ահաբեկչական այս արարքները կը միտին հարուածել Լիբանանի բոլոր շրջանները», աւելցուց Ղոսըն:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի դատապարտեց դէպքը` ինքնազսպումի կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն եւ յատկապէս թրիփոլիցիներուն:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի իր կարգին դատապարտեց զոյգ պայթումները` զգաստութեան կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն: «Ո՛չ Ռուէյսի պայթումին հեղինակները սիւննի էին, ո՛չ ալ Թրիփոլիի պայթումներուն հեղինակները շիի են», ընդգծեց Քապպանի:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց ազգային համերաշխութեան կառավարութեան կազմութեան` հարց տալով, թէ արդեօք ահաբեկչական այս արարքը կը միտի շրջանային ծանրակշիռ դէպքերէն ուշադրութի՞ւնը վրիպեցնել, թէ՞ ընդլայնել բախումներու շրջագիծը:

Լիբանանի համայնավար կուսակցութիւնը դատապարտեց դէպքը` ընդգծելով, որ ահաբեկչական այս արարքներէն միակ օգտուողը Իսրայէլն է:
Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ իր կարգին դատապարտեց դէպքը` կոչ ուղղելով ներքին միասնականութեան:
Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը ինքնազսպումի կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` անոնց յորդորելով խուսափելու զինեալ հակազդեցութեան դիմելէ:

Նախկին նախարար եւ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահհապ յայտնեց, որ զոյգ պայթումները թիրախ ունին ոչ միայն Թրիփոլին, այլ ամբողջ Լիբանանը:

Յայտնենք, որ Թրիփոլիի պատասխանատուները երէկ աւելի ուշ արտակարգ նիստ մը գումարեցին եւ անոնց անունով շէյխ Շահհալ յայտնեց, որ Թրիփոլիի բնակիչները պիտի հարկադրուին սեփական ապահովութեան միջոցառումներ որդեգրելու:

Փոխադարձաբար, պետական նախարարի պաշտօնակատար Ահմետ Քարամէ մերժեց նման որոշում մը` կոչ ուղղելով բոլորուելու պետութեան շուրջ եւ օժանդակելու ապահովութեան ու պատկան կառոյցներուն:

Նմանապէս, նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ կոչ ուղղեց զգաստանալու` ընդգծելով, որ դէպքը կը միտի սադրանք սերմանել ոչ միայն Թրիփոլիի, այլեւ ամբողջ Լիբանանի մէջ:

Դէպքէն անմիջապէս ետք սաստիկ կրակոցներ լսուեցան Թրիփոլիի զանազան շրջաններուն մէջ: Ուշ գիշերին շշուկներ շրջան ըրին Թրիփոլիի մէջ երրորդ նման պայթումի մը մասին, որ սակայն ճիշդ չէր:

Մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ դատապարտեց դէպքը` մերժելով Լիբանանը երկրորդ Իրաքի վերածելու մասին խօսքերը եւ նշելով, որ ահաբեկչութեան սեւ թաթը հասած է Թրիփոլի:

Նմանապէս հոգեւոր, զինուորական թէ քաղաքական պատասխանատուներ, երեսփոխաններ եւ նախարարներ խստիւ դատապարտեցին դէպքը` կոչ ուղղելով միջլիբանանեան համերաշխութեան:

Արտաքին Մակարդակի Վրայ Եւս

ՄԱԿ-ի պատկան մարմիններ կոչ ուղղեցին քննութիւն բանալու պայթումներու հեղինակներուն քողազերծման համար: Դատապարտելով պայթումները` ՄԱԿ-ի բանբերը յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնը կը սպառնայ երկրին ապահովութեան եւ խաղաղութեան:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը կոչ ուղղեց ամերիկահպատակ քաղաքացիներուն` հրաժարելու Լիբանան այցելելէ, ապահովական դէպքերուն պատճառով: Ամերիկեան ազգային Ապահովութեան խորհրդական Սիւզըն Ռայս «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներ կը դատապարտեն դէպքը եւ թէ Ուաշինկթըն ցաւ կը յայտնէ զոհերուն համար:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց դէպքը` կոչ ուղղելով լիբանանեան կողմերուն պահելու երկրին կայունութիւնը: Օժանդակութեան տրամադրութիւն յայտնելով` թրքական հաղորդագրութիւնը յայտնեց, որ «բան մը կը պատրաստուի` խախտելու Լիբանանի կայունութիւնը»:

aztagdaily.com

Տպել Տպել