«Արաբական Գարուն»-ի Յաջորդ Հանգրուանը

arab-spring_2-300x183«Արաբական գարուն»-ը հեգնական երեւոյթներու շարք մըն էր, մանաւանդ` Եգիպտոսի մէջ: Մակերեսային դիտողներուն անիկա թուեցաւ կրկնութիւնը 1989-ի Արեւելեան Եւրոպայի անցուդարձերուն: Հոն, խորհրդային բռնագրաւումը կ՛արգիլէր Արեւմտեան Եւրոպայի օրինակով սահմանադրական ժողովրդավարութեան մը պահանջի իրագործումը: 1989-ի անցուդարձերը տպաւորեցին Արեւմուտքի այդ սերունդը, եւ երբ որ անոնք արաբական փողոցներուն մէջ ամբոխները տեսան, ենթադրեցին, որ Արեւելեան Եւրոպայի իրադարձութիւններուն կրկնութիւնն է, որ կը տեսնեն:

Անկասկած 2011-ին փողոց իջածներու շարքերուն մէջ սահմանադրական ժողովրդավարութիւն պահանջողներ կային, բայց անոնք չէին հիմնական մղիչ ուժը: Յետադարձ հայեացք մը նետելով «Արաբական գարուն»-ին վրայ, ցնցիչ է հաստատել, թէ որքան սակաւաթիւ պաշտօնատարներ փոխուած են, որքան սակաւաթիւ են տապալած վարչակարգերը, եւ որքան քաոս մնաց անկէ ետք: Լիպիոյ մէջ ապստամբութիւնը յանգեցաւ արեւմտեան զինուորական միջամտութեան, որ տապալեց ղեկավար Մուամմար Քազզաֆին եւ զայն փոխարինեց ահաւոր անորոշութեամբ: Սուրիոյ մէջ ապստամբութիւնը չկրցաւ տապալել նախագահ Պաշշար Ասատը եւ վերածուեցաւ վերջինին ու իսլամ ծայրայեղականներու հակակշիռին ենթակայ ընդդիմութեան մը միջեւ պատերազմի:
«Արաբական գարուն»-ին մէջ հեգնականն այն է, որ մինչ անիկա դուռը բացաւ համաժողովրդական դժգոհութիւններու արտայայտութեան, ան նաեւ ապացուցեց, որ թէեւ դժգոհութիւնը իրական էր, բայց անիկա չէ՛ր վճռորոշ եւ տիրական ազդակը, իսկ դժգոհներուն մեծամասնութիւնը սահմանադրական ժողովրդավարութիւն չէր, որ կը հետապնդէր:

Այս յատկանիշներն են, որ Եգիպտոսի պարագային ուսումնասիրութիւնը այդքան հետաքրքրական կը դարձնեն. եգիպտական ապստամբութիւնը ամէնէն վճռական նշանակութիւն ունեցողն էր, բայց նաեւ` ամէնէն պղտորն ու շփոթեցնողը: Ճիշդ է, որ նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքը տապալեցաւ 2011-ին, ճիշդ է, որ ընտրութիւններ տեղի ունեցան 2012-ին, բայց այն ատեն Իսլամ եղբայրներուն մէկ ղեկավարին նախագահ ընտրութիւնը անգամ մը եւս ապացուցեց, որ ժողովրդավարական ընտրութեան մը կայացումը ինքնին չ՛երաշխաւորեր, որ ազատական ժողովրդավարական արդիւնքներ պիտի տան: Յամենայն դէպս, այժմ պաշտօնանկ եղած նախագահ Մոհամետ Մուրսին շատ չնչին առաւելութեամբ մը շահեցաւ, եւ իր գործունէութիւնը շատ կաշկանդուած էր:arab-spring_1

Բայց Եգիպտոսի հիմնական հարցը հոն չէ. բուն հարցն այն է, որ թէեւ զօրավար մը ստիպուած հրաժարեցաւ պաշտօնէն 2011¬ին, բայց այն ատեն յստակ չէր, որ զինուորական վարչաձեւը հեռացած է. եթէ ան չէր իշխանութեան գլխուն, ապա անոր կը պատկանի վերջին խօսքը եւ ա՛ն է մրցավարը եգիպտական քաղաքական կեանքին մէջ իշխանութեան համար մրցավազքին: Նախորդ տարուան ընթացքին, այնքան ատեն որ Մուրսի պաշտօնի վրայ էր, կարելի էր պնդել, որ զինուորականութիւնը կորսնցուցած էր իր ուժն ու իշխանութիւնը: Բայց մենք կը պնդենք, որ Մուպարաքի անկումը բեմականացուած էր զինուորականութեան կողմէ, որ կ՛ուզէր պարտադրել յաջորդականութիւնը, մինչ ծերացած Մուպարաք կառչած կը մնար իշխանութեան (կամ` պաշտօնը իր որդիին ժառանգ ձգելու): Այժմ նաեւ կը պնդենք, որ Մուպարաքի տապալումէն ետք զինուորականութիւնը խունացաւ եւ երկրորդ շարք անցաւ, բայց հոնկէ շարունակեց Եգիպտոսի մէջ վճռորոշ դերակատարի իր աշխատանքը:

Արդի Եգիպտոսի հիմը դրուեցաւ 1952-ին գնդ. Ժամալ Ապտել Նասըրի զինուորական հարուածով: Նասըր վճռած էր արդիականացնել Եգիպտոսը, եւ անոր կարծիքով, արդիականացման միակ իսկական գործիքը բանակն էր: Ան աշխարհիկ մըն էր եւ կը հաւատար համաարաբական միութեան գաղափարին, բայց ո՛չ իսլամական էր, ո՛չ ալ իսլամութեան միջոցով կ՛ընդունէր իրականացնել այդ երազը: Ան ընկերվարական մըն էր եւ ո՛չ համայնավար: Ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր, ան եգիպտական բանակի սպայ էր եւ հաւատարմօրէն կառչած էր այն սկզբունքին, թէ զինուորականութիւնն է երաշխիքը եգիպտական ազգի կայունութեան:

Երբ «Արաբական գարուն»-ի ապստամբութիւնները վրայ հասան, Նասըրի յաջորդները անկարգութիւնները օգտագործեցին` պարտադրելու, որ Մուպարաք հեռանայ, ապա մէկ քայլ ետ առին: Հետաքրքրական պիտի ըլլար դիտարկել, թէ անոնք պիտի գոհանայի՞ն եւ պիտի բաւարարուէի՞ն, եթէ Իսլամ եղբայրներու ղեկավարութեամբ կառավարութիւնը պահպանէր անոնց հաստատութենական դիրքերը: Սակայն Մուրսի երբեք իսկական եւ ամբողջական հակակշիռի տակ չկրցաւ առնել պետական վարչամեքենան: Ասոր մէկ պատճառն այն է, որ ան քաղաքականապէս տկար էր, իսկ միւս պատճառն ալ այն է, որ Իսլամ եղբայրները պատրաստ եւ ունակ չէին կառավարելու. բայց կայ եւս մէկ պատճառ. բանակը ոչ մէկ ատեն իսկապէս իր ձեռքէն ձգեց այդ վարչամեքենային լծակները:

Այս ընթացքը իր գագաթնակէտին հասաւ «Եգիպտական ամրան» ցոյցերով: Կը թուի, թէ ընդդիմութեան ղեկավարութիւնը հակուած է սահմանադրական ժողովրդավարութեան. յստակ չէ, թէ փողոցները ողողած զանգուածները նոյն գաղափարախօսութեան կը հետեւին կամ պարզապէս չեն հասնիր Իսլամ եղբայրներուն: Բայց յստակ է, որ այդ միլիոնները աւելի մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայեն սննդեղէնի եւ աշխատատեղերու հոգերուն, քան` ազատականութեան սկզբունքներուն: Այդուհանդերձ, ապստամբութիւն մը տեղի ունեցաւ, եւ անգամ մը եւս զինուորականութիւնը օգտագործեց զայն:

Զինուորականութիւնը մէկ կողմէ չէր ուզեր քաոս տեսնել երկրին մէջ եւ ինքզինք պատասխանատու կը զգար կանխարգիլելու զայն: Միւս կողմէ` ան երբեք չէր վստահեր Իսլամ եղբայրներուն եւ ուրախ էր տեսնելու, որ ան ալ պարտադրաբար պիտի հեռանայ իշխանութենէն: Ինչպէս որ 2011-ին ըրաւ, բանակը շարժեցաւ երեւութապէս պահպանելու համար երկրին մէջ կարգն ու կանոնը, բայց միաժամանակ ձեւաւորեց Եգիպտոսի քաղաքական պատկերը: Զինուորականները պաշտօնանկ ըրին Մուրսին եւ զայն փոխարինեցին աւելի աշխարհիկ եւ բացայայտօրէն ազատական ղեկավարութեամբ:

Բայց պէտք չէ մտահան ընել, որ 2011-ին բանակը ճամբայ հարթեց Մուրսիի եւ նոյն ձեւով այսօր ճամբայ կը հարթէ ընդդիմութեան: Հո՛ս է հիմնական կէտը. մինչ Եգիպտոսի մէջ անկայունութիւնը կ՛աճի, բանակը հաստատ քայլերով կը ձեւակերպէ անոր յաջորդելիք կարգերը: Կը թուի, թէ զինուորականութեան համար իշխանաւորներու գաղափարախօսութենէն աւելի կարեւոր է քաոսը կանխարգիլել կամ հակակշռելի չափերու մէջ պահել: Այս առաքելութիւնը ի մտի ունենալով` բանակը կ՛ընդունի մէկ քայլ ետ կանգնիլ, բայց երբեք չ՛ընդունիր լծակները ձգել: Հո՛ս է հեգնականը «Արաբական գարուն»-ին եգիպտական տարբերութիւնը. անիկա առաջ քշեց նոր դերակատարներ, բայց չփոխեց վարչաձեւին հիմքերը, ո՛չ ալ եգիպտական քաղաքական կառուցուածքին հիմնական յատկանիշները: Բանակը կը մնայ տիրական ուժը, որ պատրաստ է խելացի շարժելով` ձեւաւորելու Եգիպտոսը, մէկ քայլ ետ կանգնած, բայց հիմնականին մէջ ի՛նք է, որ կը ձեւաւորէ զայն:

Հետեւաբար օրինական է ըսել, որ Եգիպտոսի մէջ պատահածը զինուորական հարուած է. բայց օրինականը անպայմանօրէն արդար չի նշանակեր, եւ հոս հազիւ թէ արդար ըլլայ այդպիսի պնդում ընելը: Կատարուողը այն է, որ Եգիպտոսի մէջ լայն դժգոհութիւն կայ, որ այժմ ազատօրէն կրնայ արտայայտել իր գոյութիւնը: Այս դժգոհութիւնը զանազան գաղափարական ուղիներ կը փորձէ դարման գտնելու համար. ան նաեւ կը փորձէ գաղափարախօսութիւններու հետ կապ չունեցող ուղիներ: Բեմին վրայ դժգոհներու կողքին կը կանգնի զինուորականութիւն, ձեռնածութիւններով ու խուսանաւումներով իր հակակշիռին տակ կ՛առնէ զանոնք եւ կ՛ուղղէ իրեն ձեռնտու ճամբով` պարունակի մէջ եւ հակակշիռի տակ պահելով անոնց ընթացքը: Բոլոր միւսները, բոլոր քաղաքական գործիչները կու գան ու կ՛երթան, կարճատեւ դերակատարութիւն կ՛ունենան ու կը մեկնին, մինչ զինուորականութիւնն ու ամբոխը կը շարունակեն իրենց երկար, բարդ եւ անհասկնալի պարը:

aztagdaily.com

Տպել Տպել