Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան 20ամեակի Նշում Եռաբլուրի Մէջ

0828mher1ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– 27 Օգոստոսի կէսօրուան ժամը 12ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), արցախեան ազատագրական պայքարի նահատակ, լիբանանահայ Մհեր Ջուլհաճեանի ընկերներն ու հարազատները Եռաբլուրի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեցին՝ 23 Օգոստոս 1993ին Մարտունիի շրջանին մէջ զոհուած ազատամարտիկի շիրիմին առջեւ։

Մհերի նահատակութեան 20ամեակին առիթով 5 երիտասարդներ Մհերի շիրիմին վրայ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ միացան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն։27.08.13-9210ՀՅԴ երդում

«Մհերի գործը կիսատ է, մենք պարտաւոր ենք այդ գործը շարունակել, որպէսզի ստեղծենք այդ ակնկալուած, այդ պատկերացուած, անոնց երազը եղած հայրենիքը», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան՝ հաստատելով, որ ներկայի խաղաղութիւնը հիմնուած է շնորհիւ Մհերի ու անոր նմաններու թափած արեան։

«Երկիր Մեդիա»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Մհերի հայրը՝ Արամ Ջուլհաճեան ըսած է. «Բոլորս կը սիրէինք զինք. դպրոց յաճախած տարիներուն գիրք չէր բանար, բայց միշտ առաջինն էր դասարանին, շատ աշխոյժ, շատ խելացի տղայ էր, հայրենիքի սիրով տոգորուած։ Օր մը ըսաւ, թէ որոշած է հայրենիք երթալ, թէեւ չէի գիտեր ինչ նպատակ ունէր, սակայն չզարմացայ իր այս որոշումին համար»։

asbarez.com

27/08.2013

Տպել Տպել