«Ազդակ»ի Խմբագրական. Արցախեան Ընտրանքը Սուրիահայութեան Համար (Արցախի Անկախութեան Հռչակման Օրուան Առիթով)

arm1Արցախի անկախութեան հռչակման օրուան նշումը եթէ նախ պետութեան կայացման խորհուրդը կ՛ընդգծէ, ապա նոյնքան կարեւոր է անոր կայացման եղանակին մասին խորհրդածելը: Իսկ այդ մէկը ինքնին կը շեշտէ առաջին վայրկեանէն միջազգային ընտանիքի` կողմէ նուիրականացած սկզբունքի` ազգի ինքնորոշման իրաւունքի ժողովրդավար ձեւով յարգումը: Ի վերջոյ ինքնորոշումը, որուն վրայ կը կեդրոնանայ մեր բանակցային ամբողջ փիլիսոփայութիւնը, ժողովրդային կամարտայայտութեան ժողովրդավար հիմունքով կայացած ճանապարհն է, որմէ անցնցում անցած է արցախահայութիւնը:

Այստեղ պէտք է նկատի ունենալ մատրիտեան սկզբունքներու (թէկուզ նորացուած տարբերակով) անժամկէտ հանրաքուէի վերակազմակերպման բանակցային կէտին շուրջ լարուած ծուղակ տեսնելու տրամաբանութիւնը:
Արցախահայութիւնը ինքնորոշուած է արդէն: Հանրաքուէով. եւ այն ալ շատ ժողովրդավար հիմունքով: Ժողովուրդը քուէարկած է թէ՛ Ազրպէյճանի բռնատիրութենէն անկախանալու եւ թէ՛ ինքնիշխան պետութիւն ստեղծելու օգտին: Վերստին հանրաքուէ կազմակերպելու պահանջը, այն ալ անժամկէտ, ունի իր տրամաբանութիւնը:

Ազրպէյճանցի գաղթականներու տունդարձի պահանջը անշուշտ բանակցային կէտ է` սեղանի վրայ դրուած: Պաքուն լիարժէք կ՛օգտագործէ գաղթականներու հարցը` մարդկային իբրեւ թէ աղէտի, ժողովուրդի տեղահանութեան եւ մարդկային տարրական իրաւունքներու խախտման դէպքերու վրայ հրաւիրելով կառավարական եւ ոչկառավարական կազմակերպութիւններու եւ մանաւանդ միջազգային հանրութեան ու համապատասխան ֆոնտերու ուշադրութիւնը: Ի դէպ, թղթածրար մը, որ հայկական կողմը համարժէք չարծարծեց` միջազգային մանրադիտակներու լուսարձակներու տակ տեղադրելու համար Պաքուէն, Սումկայիթէն, բայց մանաւանդ Գետաշէնէն, Մարտունաշէնէն, Շահումեանէն եւ յարակից շրջաններէն վերապրած հայերու իրավիճակը:

Բանակցային փիլիսոփայութիւնը կը յուշէր, որ ազրպէյճանցի գաղթականներու դիմաց համարժէք արծարծուէին նաեւ հայ գաղթականներու կապուած բազմապիսի խնդիրները: Այս մէկը ոչ անպայման միջազգային ֆոնտերէ մեծ յատկացումներ ապահովելու համար, այլ բանակցային գործընթացին իբրեւ կարեւոր հակափաստարկ արծարծելու համար:

Ի վերջոյ անժամկէտ հանրաքուէն ազրպէյճանցի գաղթականներու տունդարձի պայմանականութեան հետ կապ ունի. Արցախի ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան երազանքը Պաքուն մղած է անընդհատ խօսելու իր գաղթականներուն մասին:

Արցախը ինքնորոշուած է յարգելով միջազգային օրինաչափութեան ճշդած եղանակը` հանրաքուէն, որ նաեւ ընթացած է ժողովրդավար հասարակարգի համապատասխան չափորոշիչներով:

Գաղթականներու տունդարձի կամ ընդհանրապէս Արցախի բնակեցման խնդիրը սուր կերպով անհանգստացուցած է Պաքուն: Առաջին անգամը չէ, որ Պաքուի իշխանութիւնները կը բողոքեն տուեալ երկրին եւ միջազգային ընտանիքի համապատասխան կառոյցներուն, որ Արցախի իշխանութիւնները ոտնձգութիւններ կը կատարեն:

Իրաքի պատերազմական իրավիճակի օրերուն, Դամասկոսի մէջ այդ օրերուն տակաւին գործող Ազրպէյճանի դեսպանութիւնը տեղւոյն իշխանութիւններուն բողոքած էր, որ Սուրիան տարանցիկ կէտի վերածուած է Իրաքէն Սուրիա եւ ապա Հայաստան ու Արցախ մեկնող իրաքահայերուն համար:

Հիմա ալ բողոքը Արցախի մէջ հաստատուող սուրիահայ ընտանիքներուն կը վերաբերի: Պաքուն դարձեալ անհանգիստ է եւ կը բողոքէ: Շուրջ երեսունի հասնող եւ Արցախ հաստատուած սուրիահայ ընտանիքները ի հարկէ կտրուկ փոփոխութիւն պիտի չբերեն ժողովրդագրական համապատկերին մէջ: Այս օրինակներու շահարկումն է, որ կը կատարէ Պաքուն դէպի միջազգային կառոյցները` ընդգծելու համար, որ հայկական կողմը իբրեւ թէ կը հակասէ բանակցային տրամաբանութեան: Խօսքը ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցման մասին է այն շահարկումով, որ կը բնակեցուին տարածքներ, որոնց կարգավիճակի ճշդումը բանակցային թեմա է:

Ճիշդ է, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբերը սուրիահայութեան կարելիի սահմաններուն մէջ օժանդակելը գերադասած է իր յայտարարութեան մէջ: Այսուհանդերձ, ան պատասխանած է նաեւ Պաքուի բողոքին: Ի վերջոյ Արցախի օժանդակութիւնը իր նախադէպը ունի` սուրիահայ ընտանիքներուն համապատասխան դիւրութիւններ ընձեռելու առումով: Այժմ այդ դիւրութիւններու ընծայման մասին կը խօսի պաշտօնական Ստեփանակերտը, ի հեճուկս Պաքուի թէ՛ բողոքներուն եւ թէ՛ շահարկումներուն: Պարզ է ուղերձը. բնակեցումը պիտի շարունակուի:

Արցախը 22 տարի առաջ ինքնորոշուած է, անկախ հանրապետութիւն է, կայացած պետութիւն է եւ ի՛նք կ՛որոշէ նաեւ ճգնաժամի մէջ յայտնուած իր հայրենակիցներուն օժանդակութիւն տրամադրելու տարողութիւնն ու եղանակը: Այս օրերուն, ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող արցախեան ընտրանքը կրնայ յատուկ կարեւորութիւն ներկայացնել ոչ միայն սուրիահայութեան համար: Հրատապ կարգով, նա՛խ սուրիահայութեան համար:

aztagdaily.com

Տպել Տպել