Հայ համայնքը կը քննադատէ Թուրքիոյ նշանակումը որպէս Ողիմպիական Խաղերու նստավայր

UJA Erdogan Olimpiadas__1ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («ԱՐՄԵՆԻԱ» թերթ).- «Մարզախաղը, որ ազգերը համախմբելու ձեւ մը պէտք է ըլլայ, կրնայ օգտագործուիլ երկրի մը իրականութիւնը թաքցնելու նպատակով»։ Այս խօսքերով սկիզբ կ’առնէ Հ.Յ.Դ. Արմենիա Երիտասարդական Միութեան հաղորդագրութիւնը, 2020 թուականի Ողիմպիական Խաղերուն նստավայրի ընտրութեան նախօրեակին։ Այդ որոշումը պիտի որդեգրուի Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7ին, Արժանթինի մայրաքաղաք՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ։ Հարկ է նշել թէ Պոլիսը այս ուղղութեամբ թեկնածուներէն մէկն է, հակառակ որ մինչեւ օրս Թուրքիան չէ ընդունած 1915/23 թուականներու Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրման ուղիով իր հեղինակութիւնը, ուր զոհ գացին աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայեր։

Հ.Յ.Դ. Արմենիա Երիտասարդական Միութեան յայտարարութիւնը կը նշէ, թէ Վարչապետ Ռէճէպ Թալիպ Էրտողանի կողքին, Պուէնոս Այրէս այցելող Թուրքիոյ պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաե՛ւ Տնտեսութեան Նախարար ու Արտաքին Գործոց նախկին Նախարար՝ Ալի Պապաճան, որ կը սպառնացնէ Հայաստան-Թուրքիա փոխ-յարաբերութիւնները չի վերականգնել եթէ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ՝ Պարաք Օպամա «ցեղասպանութիւն» բառը արտայայտէ, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ Կուսակալ՝ Հիւսէյն Ավնի Մութլու, որ 2012 թուականին մասնակցած էր ծայրայեղ-ազգայնական ցոյցի մը, ուր հայատեաց լոզունգներ բացագանչուած էին եւ հայ ծագումով լրագրող Հրանդ Տինքի սպաննող Օկուն Սամասթի անունը մեծարուած էր։ «Կասկած չ’ունինք թէ այս բոլորը որեւէ մէկ ձեւով չի ցոլացներ Ողիմպիական Խաղերու մղիչ ուժը, որն է ազգերու միջեւ եղբայրութիւնը», կ’արտայայտէ Հ.Յ.Դ. Ա.Ե.Միութիւնը իր հաղորդագրութեան միջոցաւ, նոյն ժամանակ տեղեկացնելով թէ յառաջիկայ Շաբաթ օրը բողոքի ցոյց մը տեղի պիտի ունենայ Էրտողանի այցելութեան առիթով։

Միւս կողմէն, համայնքը մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ տարածքին Մարդկային Իրաւանց բռնաբարումներուն նկատմամբ, նշելով Լրագրողներ Առանց Սահմանի միջազգային կազմակերպութեան տեղեկատուութիւնը, որ երկրին շնորհած է «լրագրողներու համար աշխարհի մեծագոյն արգելարանը» տիտղոսը, ինչպէս նաեւ անցեալ Յուլիսին Թաքսիմ հրապարակի վրայ տեղի ունեցած խաղաղ ցոյցերու ժամանակ ոստիկանական վայրագ ճնշումները։

«Պոլսոյ ընտրութիւնը որպէս Ողիմպիական Խաղերու նստավայր արդէն ճնշուած փոքրամասնութիւններուն խոցելիութիւնը ա՛լ աւելի պիտի խորացնէ, եւ թրքական իշխանութիւնները պիտի քաջալերէ իր այլատեաց ու խտրական քաղաքականութիւնները շարունակելու», կ’եզրափակէ հայ երիտասարդներուն կոչը։

Իր կարգին, Հ.Յ.Դ. Արմենիա Երիտասարդական Միութեան Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Ռազմիկ Նալպանտեան հաստատեց, թէ Թուրքիոյ Ողիմպիական Կոմիտէն աշխատանքի կոչած էր համաշխարհային համբաւ ունեցող Պուրսոն-Մարսթէլլէր հրապարագրական գործակալութեան, որ 1978 թուականի Արժանթինի բռնակալ իշխանութիւններուն հետ համագործակցած էր այդ տարի տեղի ունեցած Ֆութպոլի Համաշխարհային Խաղերու ժամանակ։

Թուրքիան աշխատանքի կոչած է Արժանթինի բռնակալ վերջին կառավարութեան «պատկերը մաքրող» ընկերութեան

ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ («ԱՐՄԵՆԻԱ» թերթ).- Թուրքիոյ Ողիմպիական Կոմիտէն, որ ներկայիս իր ամբողջ ուժը կեդրոնացուցած է երկիրը 2020 թուականի Ողիմպիական Խաղերուն նստավայրը հռչակուելու հեռանկարին, աշխատանքի կոչած է այդ նոյն հրապարագրական ընկերութեան որ 1978ին Արժանթինի զինուորական բռնակալ կառավարութեան օժանդակած էր իր «պատկերը մաքրելու» ուղղութեամբ։

Պուրսոն-Մարսթէլլէր հանրային յարաբերութեանց միջազգային գործակալութիւնը այդ օրերուն մշակած էր «Արժանթինցիներս ուղիղ եւ մարդկային ենք» տխրահռչակ լոզունգը, առ ի պատասխան «Մարդկային Իրաւանց բռնակալութեան դէմ միջազգային բողոքներուն», ըստ զինուորական կառավարութեան ժամանակ պաշտօնական հրապարագրական միջոցներու մասին Ռուպէն Մորալէսի կողմէ պատրաստած ուսումնասիրութեան։ Նշեալ զեկոյցին համաձայն, ընկերութիւնը նոյնպէս աշխատանք տարած էր «վերապրողներուն, արտաքսուածներուն, անոնց ընտանեկան պարագաներուն եւ զոհերուն ամբաստանութիւնները հակասելու համար, տրուած ըլլալով որ անոնք արդէն տարածուած էին աշխարհի տարածքին»։

Արժանթինի լայնատարած «Փախինա/12» օրաթերթի իր սիւնակներէն մէկուն մէջ, լրագրող Հորասիօ Վէրպիձքի բացատրեց, թէ սոյն ընկերութեան նպատակն է «իր հաճախորդներուն պատմութիւնը ներկայացնել հարկադրելով անոնց քննադատողներուն, խորհրդարանականներուն, առեւտրականներուն, հաճախորդներուն եւ կամ պաշտօնեաներուն վրայ»։

Թուրքիոյ կողմէ Արժանթինի բռնակալ վերջին զինուորական կառավարութեան հետ համագործակցող նոյն հաղորդագրական ընկերութիւնը օգտագործելու տեղեկութիւնը տարածուեցաւ այդ երկրի դէմ հայ համայնքի կողմէ կատարուած քննադատութիւններուն ծիրին մէջ, որ թրքական իշխանութիւնները կ’ամբաստանեն Մարդկային Իրաւանց բռնաբարումները, լրագրողներու բանտարկութիւնները, Թաքսիմ հրապարակի խաղաղ ցուցարարներու դէմ ճնշումները, ինչպէս նաեւ 1915/23 թուականներուն Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրման ուղիով իր հեղինակութեան ժխտումը թաքցնելու, օգտագործելով Ողիմպիական Խաղերու առիթը։

«ԱՐՄԵՆԻԱ»
Արժանթին

Տպել Տպել