Մենք Դէմ Ենք Սուրիոյ Դէմ Ռազմական Գործողութիւն Կատարելու Բանաձեւին

Statue_of_Liberty_7Մենք դէմ ենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի առաջադրած ու այս օրերուն Քոնկրեսին մէջ քննարկուող Սուրիոյ դէմ ռազմական գործողութիւն կատարելու բանաձեւին, եւ կոչ կ՛ընենք մեր բոլոր համակիրներուն՝ միանալու մեր ճիգերուն՝ ձախողցնելու զայն: Նախագահը իր բոլոր լծակներով կը ջանայ համոզել Քոնկրեսի անդամները, թէ Ամերիկան պարտաւոր է ռազմական պատժիչ քայլերու ձեռնարկել Սուրիոյ վարչակարգին դէմ, որպէսզի ճիշդ պատգամ փոխանցուի բոլոր անոնց, որոնք սեփական քաղաքացիներու դէմ քիմիական զէնք գործածելու մասին կրնան մտածել:

Մենք չենք ուզեր այստեղ վէճի մէջ մտնել, թէ՝ որքա՞ն հաւաստի են ամերիկեան հաստատումները՝ Սուրիոյ նախագահին համակիր ուժերուն կողմէ քիմիական զէնքերու օգտագործման վերաբերեալ: Անցեալի փորձառութիւնը կը յուշէ, թէ բոլոր մեծ պետութիւնները իրենց գործողութիւնները արդարացնելու համար կրնան գտնել պատրուակներ, կրնան նոյնիսկ կեղծել ու սարքել տեղեկագիրներ՝ ապակողմնորոշելու համար հանրային կարծիքը:
Մենք պարզապէս կ՛ուզենք յստակացնել, որ դէմ ենք ամերիկեան զինուորական միջամտութեան՝ հետեւեալ պատճառներով.

Նախ եւ առաջ, մեզի համար անընդունելի է աշխարհի ոստիկանի յաւակնութիւններով շարժող ամերիկեան որեւէ միջամտութիւն՝ արտաքին աշխարհի մէջ: Նման յաւակնութիւններու ետին թաքնուած են նեղ շրջանակներու շահեր, որոնց համար չենք կրնար ընդունիլ ամերիկացի մէկ զինուորի կեանքն իսկ վտանգել:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ նախաձեռնուած ու անոր քանի մը դաշնակից ուժերուն մասնակցութեամբ գործադրուած որեւէ յարձակում Սուրիոյ վրայ, իրապէս կը սպառնայ ամբողջ տարածաշրջանը պայթեցնել՝ շղթայական անկառավարելի իրադարձութեանց ծնունդ տալով: Թէ՛ շրջանային եւ թէ գերհզօր տէրութիւններու հակադրութիւնները կրնան այնպիսի՛ բախումներու դուռ բանալ՝ անցեալի բոլոր պատերազմները շուքի տակ ձգող հետեւանքներով:

Արտաքին որեւէ ռազմական գործողութիւն, որքա՛ն ալ նշտրակային ճշգրտութեամբ իրագործուի, անպայմանօրէն արիւնահեղութեան պատճառ պիտի դառնայ՝ խլելով բազմաթիւ անմեղ քաղաքացիներու կեանք: Մենք յատկապէս մտահոգ ենք, որ թէ՛ զինուորական հարուածներու բերումով եւ թէ այս յարձակումին ստեղծած մթնոլորտի դրդումով, պիտի ահագնանան Սուրիոյ բոլոր փոքրամասնութիւններուն, որոնց շարքին նաեւ հայերուն, դէմ սպառնալիքները:

Մենք մտահոգ ենք նաեւ, որ ամերիկեան այս արկածախնդրութիւնը պիտի խորացնէ հակաամերիկեան զգացումները աշխարհի տարածքին՝ հրահրելով ահաբեկչական նոր գործողութիւններ, որոնց դարձեալ զոհ պիտի երթան անմեղ քաղաքացիներ՝ ասյտեղ կամ աշխարհի որեւէ անկիւն:

Տարբեր քաղաքակրթութեանց միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու, փոխադարձ յարգանքի ու հասկացողութեան վրայ հիմնուած քարոզչական եւ քաղաքական քայլեր ձեռնարկելու քաղաքականութիւնը իր գործունէութեան իբր հիմք յայտարարած նախագահ Օպաման, այսօր իր խօսքով ու գործով լրիւ այլ կերպարանքով կը ներկայանայ մեզի: Ռազմատենչ իշխանաւորի մը յարիր վարքագիծով, ան մեզ կը տանի իր նախորդի արահետներով՝ այդ ճանապարհին ջարդելով աւելի մարդկային, աւելի հանդուրժողական, աւելի արդար Ամերիկա մը տեսնելու յոյսերը:

06.09.2013
asbarez.com

Տպել Տպել